Getronagan Lisesi yazar, gazeteci ve dilbilimci Siruni’yi anıyor

Özel Getronagan Ermeni Lisesi, yazar, gazeteci ve dilbilimci Siruni’yi anıyor. Lise öğretmenleri ve öğrencileri tarafından hazırlanan programda Siruni’nin İstanbul’dan, Romanya ve Sibirya’ya uzanan hayat serüveninden kesitler sunulacak.

Özel Getronagan Ermeni Lisesi, yazar, gazeteci ve dilbilimci Siruni’yi (1890 İstanbul-1973 Bükreş) anıyor. Lise öğretmenleri ve öğrencileri tarafından hazırlanan programda Siruni’nin İstanbul’dan, Romanya ve Sibirya’ya uzanan hayat serüveninden kesitler sunulacak. Ermenice gerçekleşecek etkinlikte, 20. Yüzyıl Batı Ermeni edebiyatının en önde gelen isimlerinden biri olan Siruni’nin eserleriyle alakalı bilgiler de aktarılacak. Sunum, danslar ve tiyatro skeçleriyle hazırlanan Siruni anması 30 Mayıs Cuma günü saat 20.30’da Feriköy Nazar Şirinoğlu Salonu’nda...

Մամլոյ հաղորդագրութիւն

ՍԻՐՈՒՆԻի ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

30 Մայիս Ուրբաթ 20. 30-ին, Ֆէրիգիւղի Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ իր երբեմնի վարժարանին                                                                                        Կեդրոնականի ուսուցիչ և սաներուն կողմէ:

Յ. Ճ. Սիրունի- Յակոբ Ճօլօլեան- գրող, հրապարակագիր, բանասէր (1890 Ատափազար-1973 Պուքրէշ):

Էսաեանի նախակրթարանի և Կեդրոնականի 1909-ի լիսէի շրջանաւարտ Սիրունի, 1915-ի արհաւիրքէն կը փրկուի պատահաբար, պահուըտելով՝ Թաթավլայի վերջաւորութեան խուցի մը մէջ, մինչև զինադադար: Դեռ Կեդրոնականի աշակերտ                       կ' աշխատակցի «Մասիս» հանդէսին: 1907-ին դեռ Կեդրոնականի աշակերտ, կը բանտարկուի իբրև թէ արգիլուած թերթերը Պոլիս կը բերէ: Նոյն տարիներուն կը հիմնէ Էսաեան և Կեդրոնական սանուց միութիւնները, ստանձնելով որպէս կազմակերպիչ գործօն դեր, շրջանի մտաւորականութեան հետ: Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Պոլսոյ Համալսարանի իրաւաբանական ճիւղին մէջ: Գրութիւնները լոյս կը տեսնեն նաեւ շրջանի գրեթէ բոլոր թերթերունմէջ:

Դանիէլ Վարուժանի և Կոստան Զարեանի հետ հրատարակած են «Նաւասարդ» տարեգիրքը:

922-ին կը հաստատուիւ Պուքրէշ, ուր կը ջանայ Հայ մշակոյթի հետքերը ի յայտ բերել:

1944-ին կ՚ աքսորուի, տասը տարի վերջ կը վերադառնայ Պուքրէշ: Իր գրի առած հազարաւոր էջերը արդէն կորուստի մատնուած են իր բանտարկութեան շրջանին: Իր աշակերտին` Վազգէն Ա.Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ հինգ անգամ կ՚ այցելէ Հայաստան, սերտ կապեր հաստատելով հայրենիքի մտաւորականութեան ու հայագիտական կեդրոններուն հետ: Պուքրէշի մէջ  

կ'աշխատակցի ու խմբագրութիւնը կը ստանցնէ շարք մը հանդէսներու եւ պարբերականներու, որոնց կարգին է նաև Մայր Աթոռի «Էջմիածինը»: Յետ մահու ընտրուած է Ռումանիոյ Ագատեմիի պատուոյ անդամ: Իր բազմաթիւ հատորներէն կարեւորագոյններէն է՝ քառահատոր Պոլիս եւ Իր Դերը անուն գործը:

Սիրունիի Կեդրոնականի Յուշերէն…

«Վաթսունէ աւելի էինք Կեդրոնականի առաջին դասարանին մէջ: Նոր շրջանի առաջին հունձքը այնքան հոծ թիւով աշակերտ հաւաքեր էր հոն Պոլսոյ բոլոր թաղերէն: Բերան ու Սամաթիան, Գումգափուն ու Մաքրիգիւղը, Սկիւտարն ու Պէշիկթաշը, Օրթագիւղն ու Գուրուչէշմէն, Խասգիւղն ու Գասըմփաշան, բոլո՜րը, բոլո՜րը կային մեր դասարանին մէջ»:

«Կեդրոնականի մէջ մի օրինակ ու միատեսակ կը ճաշէին բոլորը: Ամէնէն զուարթ տեղը դպրոցին ճաշարանն էր: Տնտես Գրիգոր աղբար մը ունէինք որ կը հայթայթէր մեր ցերեկուան ճաշը: Շահաբեր առեւտուրի լաւ միջոց մըն էր ասիկա իրեն համար: Մեր պանիրը, ձիթապտուղը, հէլվան, խաղողը եւ ուրիշ այս կարգի սննդեղէններ իրմէ կը գնէինք, ցերեկին մեր վտիտ պիւտճէով: Բայց մեր տնտես աղբարը իր հաշիւը գիտէր: Ծախած ձիթապտուղին հատիկները ծայրը ծայրին հաշուուած էին, իսկ իր պանիրի բարակ շերտերը համբաւաւոր: Օր մը, մեր բնագիտութեան ուսուցիչը, գրաւոր քննութեան հարցումներուն մէջ աւելցուած էր. թուել թափանցիկ մարմինները: Մեր սրամիտ ու չարաճճի դասընկերներէն մին, կատակասէր Ռոպէնսոնը, իր պատասխանին մէջ, օդի, ջուրի նման ծանօթ մարմինները թուելէ յետոյ կ’ աւելցնէ… եւ տնտես աղբարին ծախած պանիրը…»

«Ղալաթիոյ եկեղեցին տեսակ մը ուխտավայր էր Պոլսոյ հայութեան համար: Կառուցուած յանուն Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչի` ան ժողովուրդին ծանօթ էր իբր «Ամենափրկիչ»: Պոլիսը, ամէն հինգշաբթի, ժամադրութիւն կու տար Ղալաթիոյ ժամուն բակը: Ոչ միայն անգործ մարդիկը, կիներ, աղջիկներ` որորնք ժամէ ժամ կը պտտէին ուխտի, այլեւ գործի մարդիկ ալ` շուկայ երթալէ առաջ` անգամ մը կու գային Ամենափրկիչին: Ղալաթիոյ  հինգշաբթիները տեսակ մը ամուսնական սակարան ալ էին: Հաճախ հոն կու գային հանդիպումներ ունենալու եւ ընտրութիւն կատարելու երկու սեռէ ապագայ  թեկնածուներ»:

«Սփօռը կանուխէն մտաւ Կեդրոնական: Ֆութպօլն էր այն սփօռը ու զայն կը խաղային օտար պահականաւերու նաւազները: Դպրոցներէն Ռօպըրթ Քօլէճն էր միայն զայն որդեգրողը: Երկրորդը եղանք մենք: « Սանթրալ » կոչեցինք մենք մեր Ֆութպօլի խումբը: Պահ մըն ալ Ֆութպօլ խաղացի այս խումբին մէջ»:

 

«Աւարտական բերանացի քննութիւնները հայ երկրորդական վարժարաններու մէջ, Համիտի շրջանին, տարուան ամէնէն համով ժամանցն էին այն օրերու մտաւորականութեան, մանաւանդ վարժապետ դասին: Կեդրոնականը, ինչ խօսք, ամէնէն շատ փնտռուածն էր այդ դպրոցներուն մէջ: Իբրեւ բարձրագոյնը հայ կրթարաններուն` անոր քննութեանց պահուն որ ամէնէն կնճռոտ հարցումները կ’ ըլլային շրջանաւարտներուն»: