Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատերազմի եւ խաղաղութեան ընթացքով

նչպէս ան­­ցեալին յա­­ճախ պա­­տահած է, այ­­սօր ալ կ՚ապ­­րինք մօ­­տիկ ան­­ցեալի դէպ­­քե­­­րուն ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թեան հե­­տեւան­­քով ան­­հասկնա­­լի դառ­­նա­­­լու օրի­­նակ­­նե­­­րը։ Ղա­­րաբա­­ղի պա­­տերազ­­մը կա­­րելի է դի­­տել այս շրջա­­նակով։ Հայ­­կա­­­կան կող­­մէ դի­­տելով հայ ժո­­ղովուրդի են­­թարկո­­ւած դա­­րաւոր անի­­րաւու­­թիւննե­­րու շար­­քի վեր­­ջա­­­կէտն է ան։ Դա­­րերէ ի վեր հա­­յերը առա­­ջին ան­­գամ զի­­նեալ դի­­մադ­­րութիւ­­նով յաղ­­թա­­­նակի հա­­սան եւ ազա­­տագ­­րե­­­ցին այն տա­­րած­­քը, որուն սե­­փակա­­նու­­թեան մա­­սին ո՛չ մէկ կաս­­կած ու­­նէին։ Բայց նոյն դէպ­­քը շատ տար­­բեր երե­­ւոյթ մը կը պար­­զէր Ատրպէյ­­ճա­­­նական կող­­մէն դի­­տուե­­լով։

բագրատ էսդուգեան

Ատրպէյ­­ճանցիք ալ հա­­մոզո­­ւած են որ հա­­յերը օգ­­տո­­­ւելով Խորհրդա­­յին Միու­­թեան քայ­­քա­­­յու­­մին ստեղ­­ծած անո­­րոշու­­թե­­­նէն, գրա­­ւեցին իրենց եր­­կի­­­րը։ Կող­­մե­­­րը յա­­մառօ­­րէն կը պնդեն թէ այդ տա­­րած­­քը ընդմիշտ իրենց պատ­­կա­­­նած է։ Փաս­­տեր կը բե­­րեն այս իրո­­ղու­­թիւնը հաս­­տա­­­տելու հա­­մար։ Ամէն մէ­­կը իր կար­­գին կը խե­­ղաթիւ­­րէ պատ­­մութիւ­­նը։

Կան նաեւ անու­­րա­­­նալի իրո­­ղու­­թիւններ։ Աւե­­լի քան 20 տա­­րի է կայ ինքնա­­կոչ «Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղի Հան­­րա­­­պետու­­թիւն» մը։ Հոգ չէ թէ նե­­րա­­ռեալ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը, ՄԱԿ-ի ան­­դամ ոչ մէկ պե­­տու­­թիւն պաշ­­տօ­­­նապէս ճանչցած է զայն, բայց ընտրու­­թիւննե­­րով գո­­յացած կա­­ռավա­­րու­­թիւնով, նա­­խագա­­հով եւ նա­­խարար­­նե­­­րով, իրեն յա­­տուկ բա­­նակով, օրէնք ու կա­­նոնով ան­­կախ պե­­տու­­թեան գո­­յու­­թիւնը անու­­րա­­­նալի է։

Զի­­նադա­­դարը ինքնին բա­­ւարար չէ պա­­տերազ­­մը աւար­­տե­­­լու։ Այս սպառ­­նա­­­լիքէն ձեր­­բա­­­զատո­­ւելու հա­­մար անհրա­­ժեշտ է մարտնչող կող­­մե­­­րուն հա­­մաձայ­­նութեան գա­­լը, ստո­­րագ­­րո­­­ւած խա­­ղաղու­­թեան դա­­շին­­քի մը շուրջ։

Պա­­տերազ­­մի աւար­­տէն այս կողմ այդ դա­­շին­­քը չէ ստո­­րագ­­րո­­­ւած։ Հայ­­կա­­­կան կող­­մը կը շա­­րու­­նա­­­կէ ռազ­­մա­­­կան յաղ­­թա­­­նակի առ­­թած ինքնավստա­­հու­­թեան մէջ ան­­զի­­­ջող մնա­­լու։ Իսկ Ատրպէյ­­ճա­­­նի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը ռազ­­մա­­­տենչ յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով կ՚ամ­­րապնդեն նաեւ իրենց ու­­ժը հա­­րազատ ժո­­ղովուրդի դի­­մաց։

Նման պա­­տերազ­­մի մի­­ջավայրնե­­րը եր­­կիրնե­­րու տկա­­րու­­թեան ապա­­ցոյցն են նաեւ։ Այդ տկա­­րու­­թե­­­նէն կ՚օգ­­տո­­­ւին տա­­րած­­քաշրջա­­նի վրայ հա­­շիւ­­ներ սնու­­ցող գեր­­պե­­­տու­­թիւննե­­րը։ Այս օրի­­նակի մէջ առա­­ջին կար­­գի գեր­­պե­­­տու­­թիւն է կող­­մե­­­րուն զէնք ու զի­­նամ­­թերք ապա­­հովող Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութիւ­­նը։ Ան, Վրաս­­տա­­­նէն Ուքրաինա, Կեդ­­րո­­­նական Ասիայէն մին­­չեւ Պալ­­թեան ծով չէ կրցած հրա­­ժարիլ ան­­ցեալին Խորհրդա­­յին Միու­­թեան մաս կազ­­մող եր­­կիրնե­­րու վրայ ու­­նե­­­ցած ազ­­դե­­­ցու­­թեան գօ­­տիէն։ Մինչդեռ այդ եր­­կիրնե­­րէն ոմանք կը ձգտին արեւմտեան աշ­­խարհին ագու­­ցո­­­ւիլ ԵՄ-ի կամ ՆԱ­­ԹՕ-ի ան­­դա­­­մակ­­ցե­­­լու գծով։ Ահա­­ւասիկ այս հանգրո­­ւանին տա­­րած­­քաշրջա­­նը կը դառ­­նայ գեր­­պե­­­տու­­թիւննե­­րու կռո­­ւախնձոր։ Այդ պա­­հէն ետք դժո­­ւար է, որ մարտնչող կող­­մե­­­րը յա­­ջողին հան­­գոյցը լու­­ծել իրենց ժո­­ղովուրդնե­­րու կամ­­քով։ Միշտ պի­­տի գտնո­­ւին խառ­­նա­­­կիչ­­ներ, որոնք իրենց ի նպաստ պի­­տի ու­­զեն քաշքշել խնդի­­րը։

Հրանդ Տինք Հիմ­­նադրա­­մի կող­­մէ հրա­­տարա­­կուած «Ղա­­րաբաղ» անուն ու­­սումնա­­սիրու­­թեան հե­­ղինա­­կը Թո­­մաս տէ Վաալ, գտնո­­ւելով այս բազ­­մաբնոյթ յատ­­կութիւննե­­րով լե­­ցուն խնդրի ան­­մի­­­ջակա­­նու­­թեան մէջ, յա­­ջողած է բո­­լորին հա­­մար մատ­­չե­­­լի աշ­­խա­­­տու­­թիւն մը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու դժո­­ւարին գոր­­ծին մէջ։ Այս յա­­ջողու­­թեան հաս­­նե­­­լու հա­­մար հե­­ղինա­­կը չէ զլա­­ցած իրար հա­­կասող, իրար ջրող բազ­­մա­­­թիւ միտ­­քեր լսե­­լէ։ Միտ­­քեր՝ որոնք վեր­­ջին հա­­շուով գիր­­քին ատաղ­­ձը կը կազ­­մեն։ Այդ են­­թա­­­հողին վրայ ըն­­թերցո­­ղը կը հե­­տեւի 1988-ի Փետ­­րո­­­ւարին Ստե­­փանա­­կեր­­տի մէջ, Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղի ինքնա­­վար մար­­զի խորհրդա­­րանին որ­­դեգրած, Հա­­յաս­­տա­­­նի Սո­­վետա­­կան Հան­­րա­­­պետու­­թեան միանա­­լու ուղղեալ որո­­շու­­մէն սկսե­­լով ծա­­ւալող եւ ընդլայ­­նող զար­­գա­­­ցումնե­­րուն։ Թո­­մաս տէ Վաալ 1991-էն սկսե­­լով որ­­պէս Քէր­­նը­­­ճի խա­­ղաղու­­թեան հա­­մար հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու կեդ­­րո­­­նի փոր­­ձա­­­գէտ, սկսած է աշ­­խա­­­տիլ այս խնդրա­­յարոյց տա­­րած­­քի վրայ։ Այդ իսկ առու­­մով ալ կա­­րելի է ըսել որ իր դի­­տար­­կումնե­­րը յա­­ճախ եղած են տեղ­­ւոյն վրայ։ Միշտ առի­­թը ու­­նե­­­ցած է ժո­­ղովուրդին ջի­­ղը ուղղա­­կի կեր­­պով բռնե­­լու։

Իր այս կա­­ռոյ­­ցով Թո­­մաս տէ Վաալի գիր­­քը կու գայ կա­­րեւոր պա­­կասու­­թիւն մը լրաց­­նե­­­լու, քա­­նի որ ինչպէս գրու­­թեան սկիզ­­բին ալ նշե­­ցինք, այս նիւ­­թին շուրջ ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թիւնը շատ մեծ աւանդ է եւ ու­­նի քան­­դիչ յատ­­կութիւն։ Մինչդեռ տա­­րած­­քաշրջա­­նի ժո­­ղովուրդնե­­րը կը կա­­րօտին շի­­նիչ լու­­ծումնե­­րու, որոնք պի­­տի զար­­գա­­­նան իրո­­ղու­­թիւննե­­րը ըն­­կա­­­լող եւ բաց սիր­­տով ըն­­դունող  քա­­ջարի մարդկանց շնոր­­հիւ։

Նշենք որ գիր­­քի առա­­ջին հրա­­տարա­­կու­­թիւնը կա­­տարո­­ւած է 2003-ին, ու ապա թարգմա­­նուած՝ հա­­յերէ­­նի, ռու­­սե­­­րէնի եւ ատրպէյ­­ճա­­­նի բար­­բառ­­­ով թրքե­­րէնի։ Սոյն թարգմա­­նու­­թիւնը կա­­տարած է Տի­­տէմ Սո­­նէ եւ այսպէ­­սով թուրքիացի ըն­­թերցողն ալ Ղա­­րաբա­­ղի հա­­կամար­­տութեան ծագ­­ման տե­­ղի տո­­ւող պայ­­մաննե­­րէն մին­­չեւ պա­­տերազ­­մի ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը եւ ցարդ շա­­րու­­նա­­­կուող հե­­տեւանքնե­­րը, ամ­­բողջա­­կան պատ­­կե­­­րացում մը կազ­մելու առիթը գտած կ՚ըլլայ։