Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի ուղղուած նամակը

Վեհափառ Տէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիաս-ԼԻԲԱՆԱՆ

Վեհափառ Տէր,

Այսօր՝ 24 Ապրիլ 2012, Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբը խորհրդանշող Պոլսահայ մտաւորականներու ձերբակալման 97-րդ տարելիցն է:

24 Ապրիլ 1915-ի ձերբակալութիւնները սկիզբն էին գործընթացի մը, որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը - որ ոչ միայն դարեր շարունակ Հայոց հոգեւոր կեդրոններէն մէկն էր, այլ նաեւ մշակութային ու ընկերային ինքնութեան մը ներկայացուցիչը -, իր սեփական հողէն վտարուելով աքսորուեցաւ Անթիլիաս: 

Մենք՝ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, սոյն նամակով կը փափաքինք յայտարարել մեր հաստատ համոզումը թէ Կաթողիկոսութեանդ սեփական վայրը այս պատմական հողերն են:

Նաեւ յարգանքով կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհ գացած, իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցած, հայրենի հողին վրայ իրենց պատմական հետքերուն ջնջման փաստին առջեւ գտնուած օսմանեան հայերու յիշատակին առջեւ:   

Այս նամակով կը յայտնենք նաեւ թէ պաշտպան կը կանգնինք Ցեղասպանութենէն վերապրած ու աշխարհի չորս կողմերը ցրուած հայերու զաւակներուն եւ թոռներուն իրաւունքներուն: 

Կը ձայնակցինք ՁերՎեհափառութեան 31 Օգոստոս 2011 թուակիր ու Թուրքիոյ վարչապետին ուղղուած նամակին, որ կը վերաբերէր ոչ-իսլամական «վագըֆ»ներու (հիմնարկներու) կալուածները իրենց օրինականտէրերուն վերադարձնելու պահանջին: Նշուածնամակով կը յիշեցնէիք. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը բազմաթիւ եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, որբանոցներու, գերեզմանատուներու եւ այլ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու, որոնք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն բռնագրաւուեցան թուրք պետութեան կողմէ»:

Ինչպէս նաեւ նշած էք. «Հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը տուներուն, գործատեղիներուն ու կալուածներուն` ժառանգուած իրենց նախահայրերէն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան»: 

Ձեր նամակով կը շեշտէիք՝ «Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի Թուրքիայէն արդարութի՛ւն պահանջելէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, եւ երբեք պիտիչ դադրի իր մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատումը պահանջելէ»: Ձեր խօսքը վարչապետին ուղղելով կ'աւելցնէիք. «Պրն. վարչապետ, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ յանձնառու ըլլալու ձեր յայտարարութիւնը կը դառնայ վաւերական այն ատեն միայն, երբ ճանչնաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:

Այս նամակով կ'ուզենք յայտնել Ձեր Վեհափառութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի համայն հայութեան, թէ Ձեր պահանջները մարդկային ամէնէն հիմնական իրաւունքներու համազօր են։

24 Ապրիլ 2011-ին, երբ մէկտեղուած էինք 1915-ին ձերբակալուած մտաւորականներու յիշատակը ոգեկոչելու, նոյն պահուն կը սպաննուէր Պաթման նահանգի թրքական բանակի զօրամասին մէջ ստիպողական զինուորական ծառայութիւն ընող հայ երիտասարդ՝ Սեւակ Շահին Պալըքճըն:   

Հակասական բացատրութիւններով հանդէս եկած պատկան մարմինները, ոճիրը համարեցին պարզ «արկած» մը: Մինչդեռ հարցաքննութիւններու եւ խուզարկութիւններու արդիւնքները արդէն ցոյց կու տային թէ կատարուածը ոճիր մըն էր: 

Սեւակ Պալըքճըի մահը կը փաստէ թէ 1915-էն ի վեր հայերը կեանքի ապահովութիւն չունին Թուրքիոյ մէջ, դեռ կը շարունակուի ցեղասպանութիւնը եւ 97 տարուան ժխտողականութիւնը իսկական պատճառն է ցեղասպանական այս երեւոյթին գոյատեւման: 

24 Ապրիլ 1915-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնով սկսած բնաջնջումը շարունակուեցաւ ներառնելով ասորիները եւ Անատոլուի յոյները: 

Այս նամակով Ձեզի եւ Ձեր միջոցաւ բոլոր վերապրողներու զաւակներուն կը յայտարարենք թէ արդարութեան հաստատման համար անհրաժեշտ պայման է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտութիւն է վերադարձնել կամ փոխհատուցել բռնագրաւուած կալուածները եւ ինչքերը:

 

Յարգանօք՝

Մարդկային Իրաւանց Միութեան

Իսթանպուլի մասնաճիւղի

Ցեղապաշտութեան եւ Խտրականութեան Դէմ Յանձնախումբ