Էսաեանի գրական ասուլիսները – 1913

սեւան տէղիրմենճեան

Էսաեան սանուց միութիւնը Մարտ-Յունիս 1913 թուական­նե­րուն կը կազ­մա­կեր­պէ գրա­կան ասու­լիսնե­րու շարք մը, որու ըն­թացքին կը քննար­կուին Լե­ւոն Շան­թի «Հին Աս­տուած­ներ»ը, Գրի­գոր Զօհ­րա­պի նո­րավէ­պերը, Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի «Հե­թանոս Եր­գեր»ը, Ռու­բէն Զար­դա­րեանի «Ցայ­գա­լոյս»ը, Յով­հաննէս Սէ­թեանի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը, Սիաման­թո­յի «Ամ­բողջա­կան Գործ»ը։ Ծրագ­րուած էր քննար­կել նաեւ Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանի, Պետ­րոս Դու­րեանի, Թով­մաս Թէր­զեանի, Եղիա Տէ­միր­ճի­պաշեանի, Ար­փիար Ար­փիարեանի, Մի­սաք Մե­ծարեն­ցի, Զա­պէլ Եսա­յեանի, Սու­րէն Պար­թե­ւեանի եւլն ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը։ Քա­ղաքա­կան հե­տագայ պայ­մաննե­րը թոյ­լա­տու չեն ըլ­լար ու շար­քը կ՚ընդհա­տի։

Արեւմտա­հայ գրա­կանու­թեան պատ­մութեան մէջ եզա­կի ձեռ­նարկ մըն էր ասու­լիսնե­րու այս շար­քը, որ ապ­րող, ժա­մանա­կակից գրա­կանու­թեան հա­մաժա­մանա­կեայ քննու­թեամբ՝ ար­թուն կը պա­հէր ոչ միայն ըն­թերցող­նե­րուն հե­տաքրքրու­թիւնը, այլ նաեւ հե­ղինակ­նե­րը կը մղէր զգօ­նու­թեան եւ ար­տադրե­լու։ Ասու­լիսնե­րուն մղիչ ոյ­ժե­րէն էր Յա­կոբ Սի­րու­նի, Էսաեան սա­նուց միու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը։ Հնչած քննա­դատու­թիւննե­րուն, թէ ին­չու ար­դեօք «փո­խանակ մե­ռած գրող­նե­րով զբա­ղելու, ապ­րող հե­ղինակ­նե­րու մա­սին կը սարք[են] [իրենց] այս գրա­կան ասու­լիսնե­րը», ան կը պա­տաս­խա­նէ. «... կը նկա­տենք որ աւե­լի շի­նարար գործ մըն է մեր ներ­կայ գրող­նե­րուն եւ գրա­կանու­թեան շուրջ հա­մակ­րութիւն եւ հե­տաքրքրու­թիւն ստեղ­ծել»։ Սի­րու­նի կը նշէ, թէ որե­ւէ ուղղու­թեան չեն հե­տեւիր, այլ միայն կ՚ու­զեն թրքա­հայ գրա­կանու­թեան լա­ւագոյն գոր­ծե­րը են­թարկել քննու­թեան՝ «առաջ­նորդուած այն իտէալէն, որով կ՚ու­զենք մեր գրող­նե­րը աւե­լի խան­դա­վառուած տես­նել իրար­մով, եւ հա­սարա­կու­թիւնը աւե­լի հե­տաքրքիր դէ­պի իր գրա­կանու­թիւնը»։

Էսաեան սա­նուց միու­թեան գրա­կան ասու­լիսնե­րու շար­քը թէեւ քա­նի մը հե­ղինակ, շրջա­նի յա­ռաջա­տար­նե­րէն, միայն քննար­կումի նիւթ կրցած է դարձնել, սա­կայն ասու­լիսնե­րուն բա­նախօ­սած մտա­ւորա­կան­ներն ալ նուազ յար­գե­լի անուններ չէին։

Գրա­կան առա­ջին ասու­լի­սը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 3 Մարտ 1913-ին, կի­րակի, Էսաեան վար­ժա­րանի սրա­հին մէջ, նա­խագա­հու­թեամբ Գա­րեգին Խա­ժակի։ Յա­նուն կազ­մա­կեր­պիչնե­րուն բաց­ման խօս­քը կ՚ար­տա­սանէ Յա­կոբ Սի­րու­նի։ Յա­ջոր­դա­բար կ՚ար­տա­յայ­տուին Գա­րեգին Խա­ժակ, Յա­կոբ Սի­րու­նի, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Լե­ւոն Շան­թի գրա­կան գոր­ծունէու­թիւնը, Տիգ­րան Չէօկիւ­րեան եւ Մ. Մար կը վեր­լուծեն «Հին Աս­տուած­ներ»ը, տքթ Ար­մե­նակ Բար­սե­ղեան նա­խորդ եր­կու բա­նախօս­նե­րու մա­սին իր դի­տողու­թիւննե­րը կը յայտնէ եւ հուսկ դար­ձեալ Գա­րեգին Խա­ժակ կ՚ըն­թերցէ դա­տակազ­մին եզ­րա­կացու­թիւնը ու կ՚ար­տա­սանէ փակ­ման խօս­քը։

Էսաեան սա­նուց միու­թեան երկրորդ գրա­կան ասու­լի­սը՝ նուիրուած Գրի­գոր Զօհ­րա­պի նո­րավէ­պերուն, կը կազ­մա­կեր­պուի 17 Մարտ 1913-ին, նոյնպէս Էսաեան վար­ժա­րանի սրա­հին մէջ։ Նիս­տին պէտք է նա­խագա­հէր Եղի­շէ Արք Դու­րեան, սա­կայն կը բա­ցակա­յի եւ այդ պաշ­տօ­նը կը ստանձնէ Մել­քոն Կիւրճեան։ Յա­ջոր­դա­բար կ՚ար­տա­յայ­տուին Յա­կոբ Սի­րու­նի, որ հա­մառօտ գի­ծերու մէջ կը ներ­կա­յաց­նէ Զօհ­րա­պի կեանքն ու գրա­կան գոր­ծունէու­թիւնը, Շա­ւարշ Մի­սաքեան, որ առա­ւելա­բար կը ծան­րա­նայ Զօհ­րա­պի գրա­կանու­թեան բա­ցասա­կան կող­մե­րուն վրայ, Վա­հան Թէ­քէեան, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Զօհ­րա­պին նո­րավէ­պերը ու կը վեր­լուծէ անոր դե­րը թրքա­հայ գրա­կան շարժման մէջ, Զա­պէլ Ասա­տուր կը խօ­սի Զօհ­րա­պի կին կեր­պարնե­րուն մա­սին, Գրի­գոր Մալ­խաս եւ Գ. Խա­ժակ։

Գրա­կան եր­րորդ ասու­լի­սը, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 16 Ապ­րիլ 1913-ին, երեք­շաբթի, միշտ Էսաեան վար­ժա­րանին սրա­հը, նուիրուած էր Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի «Հե­թանոս Եր­գեր»ու վեր­լուծու­թեան։ Նիս­տին պի­տի նա­խագա­հէր Գրի­գոր Զօհ­րապ, սա­կայն բա­ցակա­յելուն՝ այդ պաշ­տօ­նը կը ստանձնէ Աղեք­սանդր Փա­նոսեան։ Գրի­գոր Զօհ­րա­պին կող­մէ ու­ղարկուած բաց­ման խօս­քի ըն­թերցու­մէն ետք, խօսք կ՚առ­նէ Յա­կոբ Սի­րու­նի, որ գրա­կան ասու­լիսնե­րուն մա­սին ար­տա­յայ­տուելէ ետք կը ներ­կա­յաց­նէ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի գրա­կան կեան­քը։ Տիգ­րան Չէօկիւ­րեան Վա­րու­ժա­նը կը վեր­լուծէ որ­պէս բա­նաս­տեղծ՝ իր կրած գրա­կան ազ­դե­ցու­թիւննե­րով միասին։ Եդուարդ Գօ­լան­ճեան կը ծան­րա­նայ «Հե­թանոս Եր­գեր»ուն վրայ։ Ապա կ՚ար­տա­յայ­տուի տքթ Ար­մե­նակ Բար­սե­ղեան՝ խօ­սելով «Հե­թանոս Եր­գեր»ու թե­րինե­րուն մա­սին։ Ռու­բէն Զար­դա­րեան կը բա­նախօ­սէ Վա­րու­ժա­նի լե­զուին ու իրա­պաշ­տութեան մա­սին։ Հուսկ Գա­րեգին Խա­ժակ Վա­րու­ժա­նի վեր­ջին գոր­ծին մէջ նկա­տի կ՚առ­նէ հայ­րե­նիքի ու աշ­խա­տան­քի եր­գի­չը։

Չոր­րորդ գրա­կան ասու­լի­սը նուիրուած էր Ռու­բէն Զար­դա­րեանի «Ցայ­գա­լոյս»ին։ Կը կա­յանայ 5 Մա­յիս 1913-ին, կի­րակի, Էսաեան վար­ժա­րանի սրա­հին մէջ, նա­խագա­հու­թեամբ Կո­միտաս վար­դա­պետի։ Յա­ջոր­դա­բար խօսք կ՚առ­նեն Յա­կոբ Սի­րու­նի, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Զար­դա­րեանի կեանքն ու գրա­կան գոր­ծունէու­թիւնը, Զա­պէլ Եսա­յեան ու Երուանդ Սրմա­քէշ­խանլեան կը վեր­լուծեն Զար­դա­րեանին գոր­ծը, Սար­գիս Մի­նասեան կը խօ­սի գա­ւառի գրա­կանու­թեան եւ Զար­դա­րեանի ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մա­սին եւ Կո­միտաս վար­դա­պետ իր փակ­ման խօս­քին մէջ կը ներ­կա­յաց­նէ գա­ւառի հո­գին, անոր մօ­տենա­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։

19 Մա­յիս 1913-ին, կի­րակի, կը կա­յանայ գրա­կան հին­գե­րորդ ասու­լի­սը՝ նուիրուած բա­նաս­տեղծ Յով­հաննէս Սե­թեանին՝ վեր­ջի­նիս գրա­կան գոր­ծունէու­թեան քա­ռաս­նա­մեակին առ­թիւ։ Ասու­լի­սին կը նա­խագա­հէ Երուանդ Օտեան։ Կը բա­նախօ­սեն Յա­կոբ Սի­րու­նի, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Սե­թեանի կեանքն ու գրա­կանու­թիւնը, Տի­րան Չրա­քեան եւ Վա­հան Թէ­քէեան, որոնք Սե­թեանը կը վեր­լուծեն իբ­րեւ գրա­գէտ ու իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ։

Վեր­ջի­նը ըլ­լա­լու սահ­մա­նուած գրա­կան վե­ցերորդ ասու­լի­սը կը կա­յանայ 2 Յու­նիս 1913-ին, կի­րակի, Էսաեան վար­ժա­րանին մէջ։ Ձեռ­նարկը նուիրուած էր Սիաման­թո­յի (Ատոմ Եար­ճա­նեան) «Ամ­բողջա­կան Գործ»ին։ Ասու­լի­սին կը նա­խագա­հէ Ռու­բէն Զար­դա­րեան։ Յա­ջոր­դա­բար կ՚ար­տա­յայ­տուին Գ. Խա­ժակ, Դա­նիէլ Վա­րու­ժան, որ իր վեր­լուծու­թեան ըն­թացքին ար­տա­սանու­թիւններ ալ կը կա­տարէ Սիաման­թո­յէն, Սար­գիս Մի­նասեան եւ Ռու­բէն Զար­դա­րեան, որոնք կը վեր­լուծեն Սիաման­թո­յի գրա­կան գոր­ծունէու­թիւնը։

Արեւմտա­հայ գրա­կանու­թեան պատ­մութեան ու­րոյն մէկ էջը կը կազ­մեն գրա­կան ասու­լիսնե­րը, որոնք առան­ձին գրքոյկնե­րով տպագ­րուած են ալ ժա­մանա­կին։ Իսկ այժմ Երե­ւանէն կու գայ գրա­կան ասու­լիսնե­րուն միացեալ մէկ հրա­տարա­կու­թիւնը, զոր կազ­մած, հրա­տարա­կու­թեան պատ­րաստած ու ծա­նօթագ­րած է գրա­կանա­գէտ Արքմե­նիք Նի­կողո­սեան։ Յա­ռաջա­բանը գրի առած է գրա­կանա­գէտ փրոֆ. Լա­րիսա Մնա­ցակա­նեան։ Ող­ջունե­լի աշ­խա­տանք մը կայ մեր առ­ջեւ, որ մե­զի կը յի­շեց­նէ առ­կա­յու­թիւնը գրա­կան աշ­խոյժ պատ­մութեան մը, ուր գրա­կանու­թիւնը չէր ըն­կա­լուեր որ­պէս ան­ցեալին պատ­կա­նող երե­ւոյթ մը, ինչպէս այ­սօր կ՚ըն­կա­լենք ակա­մայ, այլ շնչող ու ըն­թա­ցիկ ար­տա­յայ­տութիւնը հասարակական կեանքի, որու «կարօտը» շատ անգամ անտեսանելի կը դարձնէ ներկան։

«Գրական Ասուլիսներ.
Կ. Պոլիս, 1913, Ա-Զ»
Կազմեց, հրատարակութեան պատրաստեց եւ ծանօթագրեց՝
Արքմենիք Նիկողոսեան
Երեւան, 2013
«Անտարես»
255 էջ