Հաշուեյարդար մայրերու եւ որդիներու միջեւ

ԷՕԶԿԷ ԼԵՅԼԱ ԻՍՊԻՐ

Վիպագիր Զաւէն Պիպեռեան խնդիր ունեցած է պետութեան, հասարակութեան, ընտանիքի եւ առհասարակ մարդկութեան հետ։ Բայց հաւանաբար ամենաշատ խնդիր ունեցած է մօր կերպարի հետ եւ այդ կերպարը իր վէպերուն մէջ բզիկ բզիկ ըրած հասարակութեան հիմքը համարած։ Ոչ մուսուլմաններու ոչնչացման ռազմավարութեան ծրագրի մէկ մասնիկն է Ունեւորութեան տուրքը։ Այդ անհամեմատօրէն բարձր տուրքը վճարելու կարողութիւն չունեցողներ ալ աքսորուեցան դէպի Աշքալէ ճանապարհաշինութեան պարտադիր աշխատանքի։ Վէպի հերոսը այդ աշխատանքէն վերադարձին ափսոսանքով կը նկատէ, թէ մայրը զինք չէ ճանչցած։ Ան որ, կը ճանչնար բոլոր հարեւանները, բայց վարանած էր իր հարազատ որդին ճանչնալու։ Նոյն պատկերը կը կրկնուի Պարէտին երկրորդ անգամ տուն դարձով։ Պարէտի մայրը Արուս այս անգամ ալ չէ ճանչցած որդուն։ Զաւակները չտեսնող, չճանչցող, չլսող, անոնք հալածող մօր կերպարը Պիպեռեանի գրականութեան մէջ կը կորսնցնէ իրենց վերագրուած սրբութիւնը եւ կը վերածուին ատելութեան կերպարին։

∩Անկուտի Սիրահարներ∪ վէպին մէջ առաջին հերթին այն տպաւորութիւնը կը գոյանայ, թէ այս անգամ հալածուողը հօր կերպարն է։ Բայց այստեղ եւս մայրն է, որ դաւադրական ինչ−ինչ միջոցներու կը դիմէ բաժանելու համար որդին իր սիրած աղջիկէն։

Վստահ չեմ թէ Ֆրոյտ ի՞նչ պիտի խորհէր, բայց շատ հաստատ կրնամ պնդել, որ ուղղափառ փսիկանալիզը ցնցող եւ էօտիբական խառնաշփոթութեան եւ մարդու վրայ ունեցած կործանարար ազդեցութեան ամբողջ մեղքը մօր կերպարին վերագրող Մելանի Քլայն շատ մեծ գոհացում պիտի ապրէր, եթէ կարդար Զաւէն Պիպեռեանի գրականութիւնը։ Արդարեւ Մարք Նշանեանի այս գիրքի աւարտին տեղ գտած հայր ու որդիի հաշտեցումը լոկ հայու եւ լազի մը կերպարներու միջեւ կոմունիստական եւ վերացական գրկախառնութիւն մը ըլլալով մեկնաբանելը բաւականին տկար մերձեցում մըն է։ Որովհետեւ ինք անձամբ համայնավար գաղափարախօսութեան գործիչ մը ըլլալով ներկայացող Պիպեռեանի վէպերուն մէջ դասակարգային պայքարի սկզբնակէտը տունն է։ Իր վէպերուն մէջ իշխող կերպարները լազերը, թուրքերը, երբեմն որքան ալ հայր ըլլալով ներկայանան իրականութեան մէջ կանայք են։ Այդ առումով ալ ∩Լկրտածներ∪ու իսլամ մայր Միւպետճելի եւ երեք քրիստոնեայ մայրեր Երանիկ, Մելինէ եւ Արուսի միջեւ համարեա տարբերութիւն գոյութիւն չունի։ Չէ որ ազգային պատկանելութենէն կամ կրօնական տարբերութիւններէն անկախաբար մայրը միայն ու միայն իշխանութիւնը կը խորհրդանշէ։

Երանիկ, Մելինէ եւ Արուս իրենց մայրական իշխանութեան յարատեւութեան համար զաւակներնին ենթակայ կը դարձնեն։ Կը նախատեն, կ՚անարգեն, չեն թողուր որ անկախ անհատ մը ըլլալով իրենց ազդեցութեան տարածքէն դուրս գան։ Չեն խուսափիր բռնութենէ։ Կ՚ուզեն որ ծեծ ուտելով հանդերձ տիրոջ ոտքերուն տակ պառկող շան նման հաւատարիմ ըլլան։ Ցեղասպանութեան եւ յաջորդող ժամանակներու ունեւորութեան տուրքի, Աշքալէի աքսորի նման կիրարկումներով ոչնչացուող ժողովուրդի մը զաւակները անգամ մը եւս հպատակելու պարտադրողները դարձեալ ու դարձեալ մայրերն են։

Մենք Զաւէն Պիպեռեանի վէպերուն մէջ կը տեսնենք անոր կուռքերը փշրող յեղափոխական ոգին։ Ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ որպէս հայ թուրք պետականութեան, որպէս համայնավար, թէ հասարակութեան եւ թէ գործատէրերու հետ պայքարած Պիպեռեան անձեռնմխելի եւ սրբութիւն վերագրուած ընտանիքի հասկացողութիւնն ալ ջարդ ու փշուր կ՚ընէ եւ հաշիւ կը մաքրէ ընդունուած ու պարտադրուած բարոյական կանոններուն հետ։ Տուեալ բարոյական հասկացողութիւնը կը թելադրէ ծնողաց ենթարկուածութիւն եւ բացարձակապէս չդիմադրել անոնց պարտադրած պայմաններուն։ Այդ բարոյական հասկացողութեան շղտայի յաջորդող օղակները դասակարգին, գործատիրոջ պատմութեան եւ պետութեան դէմ ալ նոյն մերձեցումը, նոյն անձեռնմխելիութիւնը կը թելադրէ։ Ինչպէս որ կարելի չէ ծնողին դիմադրել, նոյնպէս անընդունելի է համակարգի իշխող բոլոր տարրերուն դէմ ալ անհնազանդութիւնը։

Պիպեռեան իր վէպերով կը պարզէ, թէ համակարգը որ եղանակներով ճնշման տակ կը պահէ ազատ միտքը եւ ընտանիք կոչուած կազմը ինչ դերակատարութիւն ունի այս գործընթացին մէջ։ Պարէտ Թարհանեանի կերպարը նախ ճաշակած է մօր ծեծը եւ ապա պետութեան ծեծը, որպէս բռնի ճանապարհաշինութեան տարուած աքսորեալ։ Եթէ տունը ինքնին ենթարկուածութիւն է տունէն հեռանալն ալ ինքնին ազատութիւն։ Պարէտ պարտադիր աշխատանքէն վերադարձին հակառակ իր մատնուած բազմաթիւ զրկանքներուն կը նախընտրէ ազատութեան ուղին եւ կը հեռանայ ընտանիքէն։

Վէպի առաջին էջերուն մօրը զգացումներուն բոլորովին հակառակ մերձեցումով մը դիտած հայրը աւելի ետք մօր ու քրոջ հետ գործակցելով պիտի սպանէր։ Չէ որ հայրը իրենց մատնուած թշուառութեան պատասխանատուն կը տեսնեն։ Մինչդեռ զիրենք թշուառութեան մատնողը ոչ թէ հօրը անպատասխանատու վարքը, այլ Թուրքիոյ պետականութեան գործադրած քաղաքականութիւններն են։ Կամ գոնէ Արուսի համոզումով այդպէս է։ ∩Անկուտի Սիրահարներ∪ վէպին մէջ Գէորգի կերպարով խորհրդանշուող ուրացումը այստեղ Արուս ստանձնած է եւ բուն յանցագործները անտեսելով ատելութիւնը ուղղած է Տիրանին։ Բազմաթիւ առասպելական տարրերով հարստացած գլուխգործոց մըն է Պիպեռեանի ∩Մրջիւններու Վերջալոյսը∪ վէպը, քանի որ իր մէջ կը պարունակէ, թէ կործանման եւ թէ դիմադրութեան ջիղ մը։

Պիպեռեան իրարայաջորդ եռահատորի վերջինին մէջ առաջին անգամ ծնունդ տուած է բոյնէն հեռանալը յանձն առնող հերոսի մը կերպարին։ Այսպէսով ան հալածած կ՚ըլլայ ետին թողած ամէն ինչը։ Մայրը, ընտանիքը, ընկերութիւնը եւ երկիրը։

Մրջիւններու Վերջալոյսը∪

Զաւէն Պիպեռեան

Թարգմանեց Սիլվարդ Մալխասեան

Արաս∪ հրատարակչատուն

Պոլիս/ 2019 528 էջ