«Ես Կամ»

ՊԻւՐՔԵՄ ՃԵՎՀԵՐ

29 Մարտ ուրբաթ մահացաւ հանրածանօթ կինօ−ռէժիսոր Ակնէս Վարտա։ Իր մահուն յաջորդող մահագրութիւններէն մէկուն մէջ ընդօրինակուած էր անոր ֆիլմերէն մէկուն մէջ անցնող հետեւեալ երկխօսութիւնը. ∩Այս եղանակին ոչ ոք կ՚ըլլայ հոս∪ եւ կու գար պատասխանը. Ես հոս եմ∪։ Երբ ընթերցեցի ∩Հայ մեծ մայրս∪, այդ երկխօսութիւնը կառչած էր մտքիս։ Սոյն գիրքը հրատարակուած է ∩Արաս∪ հրատարակչատան կողմէ եւ կը հանդիսանայ այս հրատարակչատան առաջին գծանկարչական վէպը։ Գիրքը նկարազարդուած է Ֆրանսայի ամենահեղինակաւոր նկարիչներէն Ֆերիտ Միւճելլալի կողմէ։ Այստեղ պատմուածը նաեւ կը ցոլացնէ անոր ընտանեկան անցեալը։ Հանտէ Թոփալօղլու Հարտմանի թարգմանութեամբ ընթերցողին մատուցուող այս կարճ գծագրուած վէպը իր ուժը կը ստանայ շատ մեծ ողբերգութիւն մը, շատ նուազ բառերով ընթերցողի փոխանցելու յատկութենէն։ Երբ կ՚աւարտէք գիրքը պահ մը կը հրաժարիք ուրիշ որեւէ բան կարդալէ եւ կը տարուիք ձեր անձնական պատմութեան եւ հետզհետէ երկրի պատմութեան մասին խորհուրդներու։

Այստեղ նշանակութիւն չունի այն համոզումը ըստ որու ձեր ընտանիքին մէջ այս կոտորածին միջամուխ եղած մէկը կայ, թէ ոչ։ Որովհետեւ ակնթարթի մէջ պիտի հանդիպիք այս ոճրագործութիւնը իւրացնող, արդար եւ իրաւացի գտնող ծանօթի մը, ազգականի մը կերպարին։ Այսքանը բաւարար է, որ մատնուիք ամօթի զգացումին։

Ապտէլ Սլիմանիի հայրը, երբ կը մահանայ ան կը ստիպուի մայրը իր մօտ Ֆրանսա կանչելու։ Մեծ մայրիկի ներկայութիւնը շատ մեծ յուզում կը պատճառէ Ապտէլի երախաներուն, մանաւանդ ալ Մահմուտին։ Ան այսպէսով առաջին անգամ տեսած կ՚ըլլայ իր մեծ մայրիկը, որուն մասին նախապէս լսած էր հօրը միջոցաւ։ Սլիմանիներ իսլամադաւան զոյգ մըն են եւ Ապտէլի մայրը Մարին իրենց համար առեղծուած մըն է։ Մահմուտ բաւականին շուարած է տեսնելով մեծ մօր վիզէն կախուած խաչը։ Անոր հետ անցուցած ամէն օր նոր յայտնաբերումներու առիթ մը կը դառնայ։

Մարի ընդհանրապէս լռութիւն կը պահէ։ Կը խուսափի իր անցեալին մասին խօսելէ։ Բայց միւս կողմէ իրենց հարեւանի բարեկամը տոքթ. Ռոպէր Ռանուքեան ընդմիշտ կը պարտադրէր, որ մեծ մայրիկը պատմէ իր գլխէն անցածները։ Ռանուքեան շատ պզտիկ տարիքին մօրեղբօր ջանքերով փրկուած էր մահէն, բայց կորսնցուած իր ընտանիքի բոլոր անդամները։ Մեծ մայրիկը կը մերժէ նաեւ Ռանուքեանի հետ խօսիլ։ Հակառակ որ բոլոր այդ ապրուածները յիշողութեան մէջ են, ան կ՚ուզէ ձերբազատուիլ այդ դաժան յիշատակներէ։ Կ՚ուզէ մոռնալ։ Մեր դիմաց կայ երկու զոհեր, որոնք ենթարկուած են նոյն հարուածին, բայց իրարու հակասող մերձեցումներ կու ցուցաբերեն այդ բոլորին վրայ։ Ֆերիտ Միւճելլալի յաջողութիւնը այդ երկու կերպարներու հակասական զգացումները փոխանցելու մէջ է, որ ի յայտ կու գայ։ Գիրքը թերթելով կը գիտակցինք, թէ հերոսներէն մէկը ինչու համար մոռնալ կ՚ուզէ, իսկ միւսն ալ ընդհակառակը յիշել։

Գիրքի մայր գաղափարը կը ցոլանայ այն դրուակին մէջ, երբ Մարի կը յօժարի իր կարեւորագոյն գանձը համարուած լուսանկարները Մահմուտին ցոյց տալու։ Հոն զանազան կերպարներ կան եւ Մահմուտ իւրաքանչիւրին համար կը հարցնէ ու կը ստանայ նոյն պատասխանը. ∩մեռաւ∪։ Ի վերջոյ Մահմուտ քիչ մըն ալ զարմանքով կը հարցնէ. ∩Ի՞նչ այսինքն բոլորն ալ մերան∪։ Ո՛չ∪ կը պատասխանէ մեծ մայրիկը, ∩Բոլորը չմեռան∪, ∩Իսկ ո՞վ մնաց անոնցմէ∪, ∩Ո՞վ շարունակեց ապրելու∪։ ∩Ես∪ կը պատասխանէ մեծ մայրիկը։ ∩Ես ապրեցայ∪։

Որքան ալ աշխատիք ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջելու, անպայման պիտի մնայ մէկը եւ պիտի պատմէ ձեր գործած ոճիրին մասին։ Ուրանալով չէք կրնար ձերբազատուիլ իրողութենէն։ Մարի Գարամանեանին Իսթանպուլ սկսող եւ Թուլոնի հիւանդանոցներէն մէկուն վերջ գտած կեանքը կ՚իմանանք գիրքի վերջաւորութեան տեղ գտած Մարթին Լակարտեթի գրութենէն։ Ափսոս որ Մարիի պատմութիւնը միշտ ենթադրութիւններով կը յառաջանայ։ Ան իր ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ լռած եւ գլխէն անցածները չէ պատմած ոչ ոքի։ Նոյնպէս իր որդին Ահմետ բացարձակ լռութիւն պահած է այս նիւթի շուրջ։ Մարիի թոռը Ֆերիտ Միւֆելլալի եւ եղբայրներուն աշխատութեան շնորհիւ Լակերտաթ յաջողած է կենսագրութիւն մը յօրինելու։ Ան իր հարցումներն ալ օրակարգի բերելով ընթերցողը զգուշացուցած է այս պատումին յերիւրածոյ երեսակը, բայց եւ այնպէս իր օգտագործած փաստաթուղթերով ամբողջովին հաւանականութիւն կը պարզէ։

∩Հայ մեծ մայրիկս∪ լռութիւն պահելը որդեգրած զոհերուն ինչո՞ւ համար լռութիւնը նախընտրելու, իսկ փոխարէնը իմանալ եւ խօսիլ ուզողներուն ինչո՞ւ համար այս հին նիւթը այս բուռն կերպով յիշել ուզելուն պատասխաններով լեցուն է։

Միւճելլալի նկարազարդումները շատ գրաւիչ է ընթերցողին համար։

Այս գիրքը իր պատմելաոճով շատ դիւրին ընթեռնելի գործ մըն է, բայց երբեք այդքան դիւրին չէ անոր ազդեցութենէն ձերբազատուիլ։ Ես Մարին միշտ պիտի յիշեմ հնավաճառի տաղաւարին այդ փոքրիկ աթոռակով եւ թոռանը Մահմուտին տուած ∩Ո՛չ, բոլորն ալ չեն մերած, ես կամ∪ պատասխանով։


«Հայ Մեծ Մայրիկս∪»

Ֆերիտ Միւճելլալ

Թարգմանութիւն՝ Հանտէ Թոփալօղլու Հարտման

Արաս∪ հրատարակչութիւն

Պոլիս 2019/ 72 էջ