Վարչապետի ցաւակցական պատգամը կամ նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին հեռուստակայանէ մը արտասանած «Կը ներէք ալ աւելի վատ բաներով, հայ ըլլալով մեղադրեցին» արտայայտութենէն ետք նիւթը երկրի օրակարգի մտաւ ու յայտնի է որ մինչեւ 2015 ալ օրակարգի վրայ պիտի մնայ։
ÜMİT KURT - ALEV ER
Թուրքիոյ մէջ վերջերս թափ ստացած է հայոց ցեղասպանութեան շուրջ կատարուած բանավէճերը։ Վարչապետի ցաւակցական պատգամը կամ նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին հեռուստակայանէ մը արտասանած «Կը ներէք ալ աւելի վատ բաներով, հայ ըլլալով մեղադրեցին» արտայայտութենէն ետք նիւթը երկրի օրակարգի մտաւ ու յայտնի է որ մինչեւ 2015 ալ օրակարգի վրայ պիտի մնայ։
Կ՚արժէ նիւթը դիտել քիչ մը անցեալէն, 1919-ի Մարտէն։ Նախ դիտենք պատմական ենթահողը։ 30 Հոկտեմբեր 1918-ին ստորագրուած է Մոնտրոսի զինադադարը։ Պատերազմէն պարտութիւնով դուրս եկող Օսմանեան կայսրութիւնը 1918 Դեկտեմբերէն սկսեալ կ՚արտօնէ որ տեղահանուած հայերը վերադառնան իրենց բնակավայրերը։ Հայոց այդ շրջանի պատրիարքը՝ Զաւէն Եղիայեան, Առաքել Չաքըրեանի գլխաւորութեամբ յանձնախումբ մը կը կազմէ որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ տարագրութեան ընթացքին որբ եւ ամուրի մնացած հայ երախաներուն եւ կիներուն իրենց ընտանիքներուն յանձնուիլը։ Յանձնախումբը պիտի զբաղի նաեւ աքսորուած կամ կոտորուած հայերու պատկանող ինչքերուն կամ կալուածներուն իրենց բուն տէրերուն վերադարձուելու գործով։
Չաքըրեանի գլխաւորած յանձնախումբը կը համագործակցի Օսմանեան Ներքին Գործոց Նախարարութեան, Դաշնակցային պետութիւններու, յատկապէս ալ անգլիացիներու կոմիսարութեան կազմին մէջ գործող հայոց եւ յունաց բաժանմունքին հետ։ Չաքըրեան այս աշխատութեան տեղեկագիրը 4 Ապրիլ 1919-ին կը յանձնէ Պատրիարքարան։ Որքան որ գիտենք այս տեղեկագիրը մինչեւ օրս չէ հրատարակուած, նոյնիսկ չէ յայտնաբերուած։
Այստեղ կ՚ուզենք այդ տեղեկագրին նիւթ դարձած դէպքերը պատմող եւ ցարդ չհրատարակուած փաստաթուղթի մը մասին խօսիլ։ Փարիզի «Նուպարեան» գրադարանէ ներս կատարած մեր ուսումնասիրութիւններու ընթացքին հանդիպեցանք 8 Մարտ 1919 թուակիր փաստաթուղթին, որ գրի առնուած էր հայազգի կարեւորագոյն կին գրողներէն Զապէլ Եսայեանի կողմէ եւ ներկայացուած էր Փարիզի Հայոց Ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշային։
1909-ի Ատանայի կոտորածներուն ալ մօտէն ծանօթ Զապէլ Եսայեան այդ սպանդները հարցաքննելու միտումով իթթիհատական կառավարութեան կողմէ հիմնուած յանձնախումբի մէջ պաշտօն ստանձնած էր։ Եսայեանի այդ տեղեկագիրը տարագրութեան եւ կոտորածներու ենթարկուած հայ որբերու, պարմանուհիներու եւ կանանց ուղղեալ սոսկալի բռնութիւնները կը բացատրէր եւ վերապրողներուն օժանդակելու համար առաջարկներ կը ներկայացնէր։
Պօղոս Նուպար Փաշա այս գրութեան շարադրութենէն կարճ ժամանակ առաջ Հայաստանէն Փարիզ եկած Եսայեանի այս ցնցիչ ու էական գրութիւնը հայ ազգային պատուիրակութեան անունով ներկայացուց Փարիզի խաղաղութեան համագումարին, ընդգծելով թէ «ամենաիրաւացի ականատեսներու վկայութեամբ, տեղւոյն վրայ» արձանագրուած է։
Զեկոյցին բովանդակութիւնը
Եսայեան իր զեկոյցին մէջ կը նշէ թէ թուրքերը պատերազմի սկիզբէն կանոնաւոր կերպով ոչնչացուցած են իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող ոչ իսլամ ազգերը։ Տարագրուածները կամ իրենց բնակավայրերուն մէջ, կամ ալ աքսորի ճանապարհին կոտորած են։
Երիտասարդ կանայք եւ աղջիկները, նաեւ երկսեռ երախաները բռնիութեամբ փախցուած եւ բաժնուած են իսլամներուն։ Յստակ չըլլալով հանդերձ կ՚ըսէ թէ այդ խեղճերու թիւը մեծամասնութիւնը հայ, աւելի քան 200.000 էր ու կը դասաւորէ երախաներու եւ կիներու առեւանգման տարբեր ձեւերը եւ պայմանները։
1-Բազմաթիւ կիներ ու երախաներ իրենց ծնած գիւղերէն ու քաղաքներէն փախցուեցան։ Ահաբեկուած ժողովուրդը հաստատ գիտէր թէ դէպի մահ կը ճամբորդէ։ Այդ միջոցին հարեւան իսլամները մօտենալով առաջարկեցին երիտասարդ կիները, աղջիկները եւ երախաները պահ դնել։ Տիրող խուճապի ընթացքին անտէր երախաները իսկոյն փախցուեցան։ Պարմանուհիները բռնի տարուեցան։ Արդարեւ Էրզրումի թուրք սպաները քաղաքի անուանի ընտանիքներու դուստրերը փախցուցին։ Գերմանացի սպայ մը Էրզրումի ամենագեղանի աղջիկը համարուած Գալֆաեանը առանց անոր աղաղակները նկատի առնելու ճամբաները քաշ տալով տարաւ։ Երզնկայի անուանի թուրքերը կամ անձամբ կամ ալ միջնորդներու օգնութեամբ աքսորի քարաւանները մտան եւ հարուստ ընտանիքներու ժառանգորդ աղջիկները բռնութեամբ տարին։ Տրապիզոնի քաղաքացիի տարազով կամ զինուորական համազգեստով սպաները քաղաքի ամենաերեւելի անձանց աղջիկները տան մը մէջ հաւաքելով իթթիհատականներու ներկայացուցին։ Փոքր Ասիոյ բոլոր կարեւոր քաղաքներէն ներս նոյն բաները կատարուեցան։
2-Բնակչութիւնը իր բնակավայրէն հեռանալէ ետք թուրք կառավարութեան նախապէս ճշդած վայրերուն մէջ նոյն չար նպատակները գործադրուեցան, տղամարդիկ անխնայ սպաննուեցան, երախաներն ու երիտասարդ կիներն ալ առեւանգուեցան։ Այս դէպքերը սովորական դարձած էին յատկապէս Կամախ-Հալէպ, Գոնիա-Թարսուս ճանապարհներուն եւ ամբողջ Եփրատ գետի հունին։
3-Երբ խեղճերու քարաւանը հաւաքման կայան մը կը հասնէր, քիւրտ, չէրքէզ, չէչէն եւ պալքաններէ գաղթած իսլամ խումբեր կը յարձակէին անոնց վրայ։ Կը կողոպտէին մինչեւ իսկ հագուստները։ Ամօթահար կանայք իրենց մերկութիւնը կը ծեփէին ցեխով։ Ոճրագործները այդ խեղճերը կը պարտադրէին երգելու եւ պարելու։ Մերժողներ վայրագութեամբ կը սպաննուէին։
Եսայեան իր զեկոյցին մէջ դեռ մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ աքսորի քարաւաններուն ընկերակցող զինուորներուն անբարոյութիւններու մասին։
Ցեղասպանութեան դարադարձին խիստ կարեւոր փաստաթուղթ մըն է այս, որուն ամբողջական պատճէնի հրապարակումը հաւանաբար շատ լուրջ արձագանգներու պիտի արժանանայ։