Վաքըֆլըի խրախճանքէն տպաւորութիւններս

Երկօրեայ միջոցառման ամենածանր բեռը խումբ մը ընկերներուն հետ ստանձնողը Միհրան Ուլիկեանն է։ Վաքըֆլըգիւղցիներու համար մի այլ հարազատ ու սիրելի անձնաւորութիւն։ Բացման կարճ ճառ մը կ՚արտասանէ ու խրախճանքը կը սկսի։ Միջոցառման երաժշտական բաժինը յանձնուած է «Ոմանք» խումբի անդամներ Լարա Նարին, Իլքէմ Պալսէչէն, Ռուբէն Մէլքիսէթօղլու, Սարօ Ուսթա, Սեւան Կարապետօղլու եւ Արի Հերկելի։

ՄԻՍԱՔ ՀԵՐԿԵԼ

Կանխաւ զգուշացնեմ, այս գրութիւնը երկօրեայ միջոցառում մը թղթակիցի աչքով ընթերցողին փոխանցելու նպատակը չի հետապնդեր։ Ես որպէս Վաքըֆգիւղցի, իմ տպաւորութիւններս ու զգացումներս փոխանցեմ թուղթին։

Գնալըի նաւամատոյցը երկու ձողի միջեւ պարզուած «Վաքըֆլըգիւղի խնջոյք» վերտառութիւնը ուրախութեան, յուզումի ու երախտապարտութեան զգացում մը ըլլալով կը պատէ զիս։

Խրախճանքի համար ճշդուած ժամուն, երբ կը հասնիմ եկեղեցւոյ բակը, կը տեսնեմ խուռներամ բազմութիւնը։ «Եղա՛ւ, այս գործը կը յաջողի» կը խորհիմ ներքուստ։ Նոյն պահուն միտքս կը թռչի 17 տարի ետ։ 1997-ի ամառուայ վերջաւորութիւնն էր։ Վաքըֆլըգիւղցիներու պաշտած երիտասարդ Մեսրոպ Սրբազանի կարգադրութեամբ, դարձեալ Վաքըֆգիւղի հովեր անցած էին Գնալը կղզիէն։ Այդ օրը եւ Մեսրոպ Սրբազանը յիշելով թախիծ մը կը պատէ զիս։ Յանկարծ բարեկամ մը ուսիս կը դպի ու ես կը վերադառնամ պահը ապրելու։ Աստուած իմ որքան շատ ծանօթ, բարեկամ… Կը ձեռնուինք, կ՚ողջագուրուինք։ Շատերուն հետ երկար ժամանակէ ի վեր չենք հանդիպած։ Կարօտակէզ հարցումներ, հարցումներ…։

Երկօրեայ միջոցառման ամենածանր բեռը խումբ մը ընկերներուն հետ ստանձնողը Միհրան Ուլիկեանն է։ Վաքըֆլըգիւղցիներու համար մի այլ հարազատ ու սիրելի անձնաւորութիւն։ Բացման կարճ ճառ մը կ՚արտասանէ ու խրախճանքը կը սկսի։ Միջոցառման երաժշտական բաժինը յանձնուած է «Ոմանք» խումբի անդամներ Լարա Նարին, Իլքէմ Պալսէչէն, Ռուբէն Մէլքիսէթօղլու, Սարօ Ուսթա, Սեւան Կարապետօղլու եւ Արի Հերկելի։

Բակի հեռաւոր անկիւը տեղադրուած երկաթեայ եռոտանիները ու անոնց վրայ զետեղուած հսկայ պղնձեայ կաթսաները 1200 քմ. ճամբայ հարթելով հասած են հոս։ Բոցավառուող կրակէն քամիի ազդեցութեամբ մերթ ընդ մերթ ժայթքող կայծերը ալ աւելի տպաւորիչ կը դարձնեն Գնալըի այս գիշերը։ Կարծես քանի արագանայ երաժիշտներու կատարումներու կշռոյթը, կրակն ալ անոր համապատասխան կը հրահրի ու կարծես բոցերը մասնակցիլ կ՚ուզեն ամէն տարիքէ մարդկանց մէկտեղումով գոյացած խանդավառ շուրջպարին։

Կը նշմարեմ երիտասարդ մայր մը, որ իր հետ կը քաշէ երեք փոքրիկ մանուկները ու կը մասնակցի շուրջպարին։ Կ՚ուզեմ ձերբակալել այդ պահը։ Բայց մինչեւ որ լուսանկարի գործիքս պայուսակէն հանեմ ու նկարեմ անոնք կը հեռանան իմ տեսանկիւնէն։ Չեմ ափսոսար, կը վայելեմ պահի երջանկութիւնը։ Խոստովանիմ որ այս ուրախ տրամադրութեան պատրաստուելուն մէջ դոյզն իսկ բաժին չեմ ունեցած։ Բայց ինչ փոյթ, սա Վաքըֆգիւղի խրախճանքը չէ՞։ Ես ալ վաքըֆգիւղցի մը չե՞մ։ Երանի մեր բոլոր գիւղացիները այսօր, այս ժամուն Գնալըի այս բարձունքը ըլլային։

Պարտիմ նշել որ այս ուրախութեան մէջ մեծագոյն բաժինը կը վիճակի «Ոմանք»ի երաժիշտներուն։ Որպէս վաքըֆգիւղցիներ երախտապարտ ենք իրենց։

***

Հազիւ ցերեկուայ մօտ առիթը ունեցայ բերնէ բերան լեցուն տաճարէն դէպի ներս գլուխս երկարել։ Ապա ուղղուեցայ Կազդուրման Կայանի խաղավայրը, որ կը կրէ բարերար Գրիգոր Ճամպազեանի անունը։ Սիրոյ սեղանը՝ որուն քիչ յետոյ պիտի բոլորուինք շուրջը, այս խաղավայրին վրայ սարքուած է։ Գիւղէն ժամանած երիտասարդներուն մէկ մասը, ճամբարի վարիչներն ու աշխատողները, Վաքըֆլըգիւղի Հայրենակցական միութեան տիկիններն ու օրիորդները եւ այսօրուան համար կղզի եկած կամաւորներ լծուած են տքնաջան աշխատանքի, որուն հետեւիլն իսկ յոգնեցուցիչ է։

Երկօրեայ միջոցառման աւարտին բեմ պիտի բարձրանան Վաքըֆլըգիւղի պատանիները։ Այս ելոյթը անոնցմէ շատերուն առաջին բեմի փորձութիւնն է։ Կը փորձեմ կարելի եղած չափով հանդարտեցնել իրենց յուզումը։ Վերջին պահուն կը մտաբերեմ, «Ո՞վ պիտի ներկայացնէ երգչախումբը, կամ ո՞վ հակիրճ ծանօթութիւններ պիտի տայ այս պատանիներուն յատուկ պայմաններուն կամ երգերու ընտրութեան եղանակին մասին»։

Օրուայ խօսնակը ճամբարի երիտասարդ տնօրէնուհին է՝ Թամար Նէրկիս։ Կ՚ապաւինիմ հիւրամեծարութեան արտակարգ օրինակ մը հանդիսացող Նէրկիսի օգնութեան։ Բայց ան կը յաջողի համոզել որ ես կատարեմ այս պարտականութիւնը։ Ես որ քիչ առաջ պատանիներու յուզումը հանդարտեցնել կը ջանայի, սա պահուն չեմ կրնար կանխել ծունկերուս դողացումը։

Ապա կը սկսի օրուայ յայտագիրը։ Աղօթք, բացման խօսք, նախագիծի ծանօթացում ու ապա ազդարարութիւն մը եւս՝ զիս կը կանչեն։ Ի՞նչ ունիմ որ ընելու։ Ցրուած գացած են սա վերջին վայրկեաններուն միտքիս մէջ շարահիւսուած նախադասութիւնները։ Կը դիմեմ յանկարծաբանութեան եւ կը զգամ որ խաղաղած եմ։ Կ՚աւարտեմ խօսքերս ու երիտասարդները բեմ կը հրաւիրեմ։ Բեմ որ կ՚ըսեմ, իրականութեան մէջ պարտէզը խոհանոցին կապող աստիճաններն են, որոնցմէ կ՚օգտուին նաեւ մատուցողները։ Իսկ խումբին առջեւ միայն մէկ հատ բարձրախօս կայ, ան ալ չ՚աշխատիր։ Ես զիս կը մխիթարեմ խորհելով թէ գլխաւոր նպատակս այս տղաքը Պոլիս բերել եւ պոլսեցի մեր ազգակիցներուն ապացուցել էր, որ Վաքըֆլըի մէջ երիտասարդութիւն ալ ունինք։ Ահա ձեզ գարնան ծաղիկներու նման փունջ մը շողշողուն երախայ, որ կ՚երգեն նաեւ գերազանցելով իմ ակնկալածը։ Միթէ՛ այս պահուն շատ կարեւո՞ր է ձայներնին կը լսուի, կամ ոչ։

Բայց կը լսուի։ Տղաքը հետզհետէ աւելի ոգեւոր կ՚երգեն ու երբ կ՚աւարտի իրենց ելոյթը, կ՚արժանանան բուռն ծափահարութեան։ Ծափողջոյններու հեղեղին մէջ կը հեռանան, իբրեւ բեմ ծառայող աստիճաններէն։

***

Աթէշեան սրբազան հուսկ բանք կ՚արտասանէ եւ սիրոյ սեղանին մասնակիցները կը սկսին ցրուիլ։ Մնացողները փոքրիկ խումբեր կազմած կը շարունակեն զրոյցի։ Ես ալ կը մասնակցիմ այդ խումբերէն մէկուն։ Զիս ալ կը շնորհաւորեն ու ես ալ շնորհակալութեամբ կ՚ընդունիմ այդ շնորհաւորանքը առանց համեստութեան ճիգեր վատնելու։

Բարեկամ մը հարց կու տայ. «հաւաքուած գումարը գոհացուցիչ չեղաւ, այսքան յոգնութենէ ետք հիասթափուա՞ծ ես»։

Քիչ մը փիլիսոփայական, քիչ մը կատակախառն, բայց ամբողջ մտերմութեամբ կը պատասխանեմ՝ «Ինչո՞ւ հիասթափուիմ, ինծի համար բարոյականը կը գերազանցէ նիւթականին։ Ես ամբողջ կեանքիս մէջ փողի ետեւէն չեմ վազած։ Փող ըսածդ ի՞նչ է որ՝ ձեռքի կեղտ»։

Յետոյ կը հանդիպիմ երկօրեայ յոգնութենէ ու քնատութենէ տառապող բարեկամի մը, որուն կը մխիթարեմ հետեւեալ խօսքերով՝ «Այս կարգադրութեան մէջ մեր ամենամեծ յաջողութիւնը զայն աւարտած ըլլալն է։ Անցեալ ըլլայ բոլորիս։ Նպատակը գոյացած է, չէ՞ որ ամէն ինչ Վաքըֆգիւղի համար է»։