Թերեւս ալ բոլորովին բնական է այն զարմանալի նմանութիւնը, որ կը նկատենք մեր ապրած երկրի վարչակարգին եւ ազգային հաստատութիւններու միջեւ։
Թերեւս ալ բոլորովին բնական է այն զարմանալի նմանութիւնը, որ կը նկատենք մեր ապրած երկրի վարչակարգին եւ ազգային հաստատութիւններու միջեւ։ Բոլորիս ծանօթ է, որ երկրէ ներս անհաւատալի համեմատութիւնով զեղծարարութիւններ եւ գայթակղեցուցիչ հրապարակումներ կը լսուին, բայց իշխանութիւնները մեծ վարպետութեամբ կը շրջեն այդ բոլորը։ Պահ մը յիշենք Նոյեմբերին ծայր տուած մեծ դրամաշորթութիւնը։ Անուրանալի, անհերքելի փաստերով հրապարակուած այդ զեղծարարութիւնը մեծ ճարպիկութեամբ քօղարկուեցաւ, բոլոր մեղքը բեռցուելով Ֆէթուլլահ Կիւլէնի ուսերուն։ Նոյնպէս յիշենք «Կէզի»ի ապստամբութիւնը, որ ժողովրդական ընդդիմութեան ցայտուն ապացոյց մըն էր, բայց այդ ժամանակուայ վարչապետ՝ այսօրուայ նախագահը կրկին յաջողեցաւ ժողովուրդին մեծ տոկոսը համոզելու, թէ պատահածները արտասահմանէն բեմադրուած եւ իրեն վարչակարգին դէմ լարուած ծուղակ մըն է։
Եւ ինչ զարմանալի, որ երկիրի տիրող մտայնութիւնը իր անմիջական արձագանգը կը գտնէ փոքրաթիւ հայ հասարակութեան մէջ ալ։ Պահ մը յիշենք Ատանայի մէջ յայտնաբերուած եւ դէպի Սուրիա առաքուած զէնք ու զինամթերքի խնդիրը։ Հոն ալ իշխանութիւնը նոյն ճարպիկութեամբ ժողովուրդին աչքին մէջ նայելով բոլորը հաւաստիացուց, որ մարդասիրական օգնութիւն կը փոխադրուի դէպի Սուրիա։ Իսկ այսօր երբ «Նիւ Եորք Թայմս»ի նման հեղինակութիւններ կու գան ծանր պնդումներով, իշխանութիւնը կը շարունակէ իր անդրդուելու կեցուածքը ու կը պնդէ թէ այս բոլորը քաղաքական թակարդներ են։
Կարելի է որ այդպէս ըլլայ, բայց դարձեալ շատ կարեւոր հարցումներ կը մնան անպատասխան։ Օրինակի համար կարելի չ՚ըլլար բացատրել թէ արդեօք ինչու այդքան մեծ գումարներ պահուած են ննջասենեակներու դրամարկղներու մէջ։ Իրաւ ալ օրինական դրամի համար ո՞վ կը մտաբերէ կօշիկի տուփերու մէջ պահել։ Բայց ինչպէս որ ըսինք, այս պատկերները ի զօրու են նաեւ մեր համայնքային հաստատութիւններէն ներս ալ եւ դարձեալ որքան զարմանալի թէ մեր մէջ ալ քիչ չեն այն միամիտները, որոնք կոյրզկուրայն կը հաւատան ձեւով մը իրենց վստահած մարդկանց։
Մենք ի զուր կը փորձենք ցոյց տալ թէ թագաւորը իրաւ ալ մերկ է։ Ո՛չ, անոնք երդուած են եւ իրենց վստահած մարդիկը այսպէս չեն կրնար ըլլալ։ Կեանքի մէջ ամենադժուար բաներէն մէկը ըլլալու է կոյրզկուրայն հաւատացողը անհատը ուշքի բերել։ Ո՛չ, ան կը յամառի իր ուխտին մէջ եւ բաւական դժուար է զայն արթուն պահել։ Ներկայ ընկերային կեանքի կարեւորագոյն առաքելութիւններէն մէկն է թափանցիկութիւնը։ Ժողովրդավարական սկզբունքները յաջողած ընկերութիւններ կը յարգեն այդ սկզբունքը եւ բացի ռազմական գաղտնիքներէ հասարակութիւնը դիւրաւ կը հասնի իր հետաքրքրուած բոլոր պետական գիտելիքներուն։ Այդ տեսակ երկիրներու մէջ ոչ ոք իրաւունք ունի ազգային կամ պետական նիւթերը հասարակ ժողովուրդէն գաղտնի պահելու։
Բայց ինչ որ նշեցինք Թուրքիոյ պետականութեան հաշւոյն ափսոսանքով կը տեսնենք որ ի զօրու է նաեւ մեր փոքրաթիւ համայնքէն ներս։ Ձեւով մը իշխանութիւնը ձեռքբերած ամէն ոք իր կարգին գաղտնապահութիւն մը կը տնօրինէ ամբողջ հասարակութեան նկատմամբ։ Եւ զարմանալի է որ այս գիտակցութենէն զերծ մնացած ընկերութիւնը պատկերացում անգամ չունի թէ ինք ինչ իրաւունքներու տէր պէտք է ըլլայ եւ որքանով տէր եղած է։