Աւերուած սրբազան երկիրը

բագրատ
էսդուգեան

ին պատ­մա­կան աւան­դութիւն մը ըլ­լա­լով հան­դերձ յետ եղեռ­նեան շրջա­նի հայ գրա­կանու­թեան ամե­նացայ­տուն օրի­նակ­նե­րը կը յայտնո­ւին ազ­գագրա­կան գրա­ռումնե­րով։ Այդ մա­տենա­շարին մէջ կը հան­դի­պինք «Բնաշ­խարհիկ Բա­ռարան»ի նման կո­թողա­յին գոր­ծե­րու, իսկ եր­բեմն շատ աւե­լի հա­մեստ, նոյ­նիսկ եր­բեմն լոկ գիւ­ղի մը տա­րած­քով սահ­մա­նուած պա­տումնե­րու հայ ժո­ղովուրդի հայ­րե­նի երկրի նկատ­մամբ ու­նե­ցած ան­մի­ջակա­նու­թեան բնա­կան հե­տեւանքն է այս երե­ւոյ­թը։ Թե­րեւս միայն հա­յոց վե­րագ­րե­լու նիւթ չէ այս մէ­կը, քա­նի որ նման բնոյ­թով այլ հրա­տարա­կու­թիւննե­րու հան­դի­պած ենք յու­նա­րէն լե­զուով։ Իս­կոյն կը մտա­բերեմ յու­նաբնակ Սի­նասոս գիւ­ղի ազ­գագրա­կան հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Երեք­ հա­զար բնակ­չութիւ­նով այս գիւ­ղը կը գտնո­ւի Կա­պատով­կիոյ տա­րածաշրջա­նին մէջ։ Առա­ջին աշ­խարհա­մար­տի աւար­տին Թուրքիոյ եւ Յու­նաստա­նի մի­ջեւ կնքո­ւեցաւ բնակ­չութեան փո­խանակ­ման մա­սին հա­մաձայ­նութիւն մը։ Այսպէս Սի­նասո­սի ժո­ղովուրդն ալ հար­կադրո­ւեցաւ լքե­լու իր պատ­մա­կան բնօր­րա­նը։ Բայց որով­հե­տեւ յու­նաց տե­ղահա­նու­թիւնը բաղ­դատմամբ հա­յոց տա­րագ­րութեան, կա­յացաւ շատ աւե­լի խա­ղաղ պայ­մաննե­րու մէջ, տե­ղացի ժո­ղովուրդը յա­ջողե­ցաւ յե­տին թո­ղած ամէն ինչ ար­ձա­նագ­րե­լու։ Այսպէս անոնք լու­սանկա­րիչ կան­չե­ցին մեծ քա­ղաքէն եւ վա­ւերա­կանա­ցու­ցին իւ­րա­քան­չիւր տուն, գիւ­ղի եկե­ղեցին, քա­հանա­յի տու­նը, դպրո­ցը, աղ­բիւրը, նոյ­նիսկ պատ­մա­կան հնա­մենի ծա­ռերը։ Անա­տոլո­ւի յոյ­նե­րու ազ­գագրա­կան տե­ղեկու­թիւննե­րու ան­բա­րուած «Փոքր Ասիոյ Ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու Կեդ­րոն»ի մէջ բա­ցի այդ լու­սանկար­նե­րէն, բա­նաւոր պատ­մութեան հսկայ հա­ւաքա­ծոյ մըն ալ պա­հուած է մին­չեւ օրս։ Մեր իրո­ղու­թեան մէջ այս բնոյ­թի կա­րեւոր ձեռքբե­րում մը ըլ­լալ կը խոս­տա­նայ Յով­սէփ Թօ­քաթի «Աւե­րակ Քղին» ու­սումնա­սիրու­թիւնը։ Հե­ղինա­կին հա­մար հայ­րե­նի եր­կիր է Քղին, ուր ինք ապ­րած է կեան­քի առա­ջին եօթը տա­րինե­րը միայն։ Բայց մեզ հա­յերուս հա­մար գաղտնիք չէ այն յատ­կութիւ­նը, թէ խիստ կա­պուած ենք հայ­րե­նի երկրին, եւ նոյ­նիսկ որ լքել հար­կադրո­ւինք, չենք բաժ­նո­ւիր, այլ այդ աշ­խարհագ­րա­կան տա­րածքն ալ կը տա­նինք մեզ հետ, ուր որ եր­թանք։ Բնա­կան է որ այս աւան­դութիւ­նը պա­հած Թօ­քաթի ըն­տա­նիքն ալ Պոլ­սոյ պայ­մաննե­րուն մէջ վառ պի­տի պա­հէր Քղիի պատ­կա­նելու­թիւնը, մին­չեւ որ տա­րիներ անց այդ պա­տանի Յով­սէփ իր եօթ­նա­մեայ յի­շողու­թեան վրայ աւե­լաց­նէ աւագ­նե­րու պա­տումնե­րը եւ նաեւ ու­սումնա­սիրէ այ­ս նիւ­թէ ներս իր­մէ առա­ջուան գրա­ռումնե­րը։

Յով­սէփ Թօ­քաթ հա­ւատա­րիմ կը մնայ այս տե­սակի գրա­կանու­թեան աւան­դին, եւ գիր­քը կը սկսի Քղիի հա­մառօտ պատ­մութիւ­նով։ Առա­ջին բաժ­նին կը յա­ջոր­դէ տա­րածաշրջա­նի աշ­խարհագ­րա­կան դիր­քը նկա­րագ­րող հա­տուած մը, ուր զե­տեղո­ւած է նաեւ ման­րա­մաս­նութիւննե­րով օժ­տո­ւած քար­տէ­սը։ Ապա կը ծա­նօթա­նանք Քղիի գա­ւառի գիւ­ղե­րուն եւ հայ բնակ­չութեան մա­սին վի­ճակագ­րութիւննե­րուն։ Բո­լոր էջե­րուն մէջ այս ծա­նօթագ­րութիւննե­րուն կ՚ըն­կե­րակ­ցին նաեւ յա­ջող գու­նա­ւոր լու­սանկար­ներ։ Լու­սանկար­ներ՝ որոնց շնոր­հիւ վայ­րը ալ աւե­լի կեն­դա­նու­թիւն կը վա­յելէ։

Հե­ղինա­կը օգ­տո­ւած է Հա­յաս­տա­նի Պե­տական Ար­խիւնե­րէն, որոնց շնոր­հիւ փո­խան­ցած է Քղիի հա­յաբ­նակ աւան­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու մա­սին թո­ւային տե­ղեկու­թիւններ։ Յա­տուկ բա­ժին մը տրա­մադ­րո­ւած է թրքա­ց-
ւած տե­ղանուննե­րու մա­սին։

Ինչպէս Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի բո­լոր բնա­կավայ­րե­րը, Քղի եւս ու­նի հայ մշա­կոյ­թին փո­խան­ցո­ւած մեծ վաս­տակ։ Այսպէս կը հան­դի­պինք Կա­թողի­կոս Կա­րապետ Կե­ղեցիի դի­ման­կա­րին, զա­նազան ման­րանկար­չա­կան օրի­նակ­նե­րուն, Խուբսի Սուրբ Կա­րապետ Վան­քի խոր­հա­նին մե­տաք­սի սրբան­կա­րին եւ Եփ­րատ Քո­լէճէն զա­նազան լու­սանկար­նե­րու։

Շա­հեկան տո­ւեալ մըն է նաեւ Պսակ Ծ. Վար­դա­պետի ու­սումնա­սիրու­թեամբ կազ­մո­ւած Քղի գա­ւառի վան­քե­րուն մէջ ստեղ­ծո­ւած ձե­ռագիր­նե­րու ցան­կը։

Գիր­քի վեր­ջին էջե­րը յատ­կա­ցուած են կեն­ցա­ղային գի­տելինքնե­րու, ուր կը յի­շուին քղե­ցիին զբա­ղումնե­րը, հա­ւատա­լիք­ներն ու սո­վորու­թիւններ, հար­սա­նիք­նե­րը, ճա­շատե­սակ­նե­րը եւ ի վեր­ջոյ Քղիի յա­տուկ բար­բա­ռը։

Ահա այս ամ­բողջու­թեան մէջ խիստ շա­հեկան հրա­տարա­կու­թիւն մըն է Յով­սէփ Թօ­քաթի «Աւե­րակ Քղին» հա­տորը, որ լոյս տե­սած է «Փա­րոս» հրա­տարակ­չութեան կողմէ։

«Աւերակ Քղին»
Յովսէփ Թօքաք
«Փարոս» Հրատարակչութիւն
Փետրուար 2015/ Լոս Անճէլըս
204 էջ