Խօսիլ «Մեր Հայ»ու մասին

ռաֆֆի
աթամ

Ցեղասպա­նու­թեան դա­րադար­ձը բա­ցի հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ձեռ­նարկած բազ­մա­թիւ մի­ջոցա­ռումնե­րէ, նոր եռանդ մը բե­րած է նաեւ Թուրքիոյ հրա­տարակ­չա­կան ոլոր­տէ ներս։ Ար­դա­րեւ «Ակօս»ի նա­խորդ թի­ւերու մէջ անդրա­դար­ձած էինք զա­նազան հրա­տարակ­չա­տու­նե­րու այս առ­թիւ նա­խատե­սած գիր­քե­րուն։ Բա­ցի հե­ղինա­կային գոր­ծե­րէ, հա­ւաքա­ծոներ ալ ի յայտ եկան, մէկ­տե­ղելով բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ։

Հայ ժո­ղովուրդին 1915 թուակա­նին են­թարկուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան վրա­յէն հա­րիւր տա­րիներ ան­ցան։ Ամ­բողջ ժո­ղովուրդի մը ծրագ­րուած պե­տական քա­ղաքա­կանու­թիւնով իր հայ­րե­նիքէն պո­կուի­լը, մա­հուան ճանա­պարհնե­րով դէ­պի անա­պատ աք­սո­րուի­լը եւ վե­րապ­րողնե­րուն ալ աշ­խարհի չորս ծա­գերուն ցրուիլը ամ­բողջ դա­րի մը պատ­մութիւնն է։

Առա­ջին հեր­թին հայ մտա­ւորա­կանու­թիւնը թի­րախ ընտրած այս ռազ­մա­վարու­թիւնը ան­շուշտ որ կը սպառ­նար հայ ժո­ղովուրդի գրչին, քեր­թուածին, գի­տու­թեան, գիր­քին եւ արուես­տին։

Մարդկա­յին այս ող­բերգու­թիւնը իր ար­ժա­նի անուանու­մը ցարդ չէ գտած Թուրքիոյ մէջ։ Ոմանք «խնդիր», ոմանք «աք­սոր», ու­րիշներ «իբ­րեւ թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» կ՚ըսեն։ Կան նաեւ «այս նիւ­թը պատ­մա­բան­նե­րուն թո­ղունք» առա­ջար­կողնե­րը։ Կա­րելի է ըսել որ շա­տեր այս եղե­լու­թիւնը իրենց գա­ղափա­րախօ­սու­թեան հա­մապա­տաս­խան կարծրա­տիպ­նե­րով, կան­խա­պաշա­րումնե­րով կը դի­տեն։

Որոշ շրջա­նակ մըն ալ ան­դա­դար կը փոր­ձեն այս ող­բերգու­թիւնը կար­ծես թէ բազ­մա­հազար տա­րինե­րու փո­շիին տակ ծած­կե­լ։ Եւ ափ­սոս որ այս տե­սակ մարդկանց անուննե­րուն առ­ջեւ կրնանք հան­դի­պիլ «պատ­մա­բան» կո­չու­մին։

Ըն­թերցա­սիրու­թիւնը, հար­ցաքննող միտ­քը եւ առե­րեսու­մը վտան­գա­ւոր տա­րածքներ հա­մարուած են այս երկրի մէջ։ Շա­տեր իրենց մշա­կու­թա­յին մա­կար­դա­կը բարձրա­ցու­ցած են հե­ռուստակ­այաննե­րէ սփռուած վի­ճաբա­նու­թիւննե­րու դի­մաց մրա­փելով։

Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ այս ապա­տեղե­կաց­նող քա­րոզ­չութիւ­նը տուած է իր հե­տեւան­քը եւ թուրքիաբ­նակ ամէն հայ հար­կադրուած է այդ ծանր բե­ռան տակ ապ­րե­լու։ Ան­հա­տական մե­կու­սա­ցում մը գո­յացաւ, որ ժա­ման­կի ըն­թացքին ամ­բողջ հա­սարա­կու­թեան վա­րակուելով, իր պա­տեանին մէջ ապ­րե­լու երե­ւոյթ մը յա­ռաջա­ցուց։

Բայց կա­յին նաեւ մար­դիկ, որոնք անդրա­դար­ձած էին այս սխալ գոր­ծընթա­ցին։ Նկա­տած էին որ այսպէ­սով եր­կու ժո­ղովուրդներ օրըս­տօ­րէ ալ աւե­լի կը հե­ռանա­յին իրար­մէ եւ կը կորսնցնէին երկխօ­սու­թեան հարթակ­նե­րը։ Անոնց շնոր­հիւ է որ 90-ական տա­րինե­րէն սկսեալ պոլ­սա­հայե­րը վճռե­ցին փա­ռատել ան­ձայնու­թեան պա­տեանը։ Այսպէ­սով 1993-ին հիմ­նուեցաւ հայ հե­ղինակ­նե­րու գոր­ծե­րը թրքե­րէնով հրա­տարա­կող «Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը։ 96-ին Հրանդ Տինք հիմ­նեց գլխա­ւորա­բար թրքե­րէնով լոյս տես­նող «Ակօս» շա­բաթա­թեր­թը։

Այս նա­խափորձնե­րէ ետք Հրանդ Տինք զա­նազան հարթակ­նե­րու վրայ սկսաւ հայ ան­հա­տը ներ­կա­յաց­նել։ Իր քաջ ու մտե­րիմ ելոյթնե­րը, հաս­տա­տումնե­րը եւ երկխօ­սու­թեան առիթ ստեղ­ծող վար­քը ար­ժա­նի ար­ձա­գանգ գտաւ երկրի հա­սարա­կու­թեան մօտ։ Անոր գեր­մարդկա­յին ջան­քե­րը ոգե­ւորե­ցին նաեւ Թուրքիոյ հա­յերը, որոնք թրքե­րէն թեր­թով աւե­լի դիւ­րին թա­փան­ցե­ցին իրենց էական հար­ցե­րուն եւ այսպէ­սով երկխօ­սու­թիւնը ծա­ւալե­ցաւ աւե­լի լայն զան­գուածի մը մէջ։ Հրանդ Տինք իր քա­ջարի ու ազ­նիւ կե­ցուած­քով տե­սանե­լի դար­ձուց մեր հա­յերը։ Հա­յերը՝ որոնք մեր մէջ էին ար­դէն։ Այ­սօր Թուրքիոյ մէջ շա­տերուն հա­մար Հրանդ Տին­քի անու­նը խիղճ եւ հա­մերաշ­խութիւն կը խորհրդան­շէ։

Ճիշդ այս պատ­ճա­ռաւ «Ճան» հրա­տարակ­չութիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձին նուիրած «Մեր Հա­յերը (1915-2015)» անուն գիր­քը կը ձօ­նէ Հրանդ Տին­քի յի­շատա­կին։

Եիղիթ Պե­նէրի խմբագ­րութեամբ լոյս տես­նող այս հա­ւաքա­ծոյին մէջ կը հան­դի­պինք ժա­մանա­կակից անուանի գրա­գէտ­նե­րու անուննե­րուն։ Այսպէս՝ Մու­րատհան Մունկան, Սէ­լիմ Իլէ­րի, Էնիս Պա­թուր, Էճէ Թէ­մել­քուրան, Ահ­մէտ Թել­լի, Ատա­լէթ Աղաօղ­լու, Մու­րատ Ու­յուրքու­լաք, Պե­ժան Մա­թուր, Օյա Պայ­տար, Հա­քան Կիւնտայ, Պեհ­ճէտ Չէ­լիք, Հիւսնիւ Ար­քան, Գա­րին Գա­րագաշ­լը, Մի­նէ Սէօղիւտ, Վի­վէթ Գա­նէթ­թի, Ֆե­րիտ Էտ­կիւ, Սէ­լիմ Թէ­մօ, Պէ­շիր Այ­վա­զօղ­լու, Պիր­սէն Ֆե­րահ­լը, Աքիֆ Գուրթու­լուշ, Նէ­միքա Թուղճու, Շեհ­մուզ Տի­քէն, Այ­շէ Սա­րըսա­յըն, Սէմա Քայկուսուզ, Ատ­նան Պի­նեազար, Ֆէ­րիտուն Ան­տաչ, Ասու­ման Սու­սամ, Մու­րատ Եալ­չըն, Միւ­կէ Իփ­լիքչի, Ըր­մաք Զի­լէլի, Կիւ­լայշէ Քո­չաք, Մու­րատ Կիւլսոյ եւ նոյ­նինքն խմբա­գիր Եիղիթ Պե­նէր այս հա­ւաքա­ծոյին հա­մար գրու­թիւններ ստորագրած են։

«Մեր Հայերը
(1915-2015)»
Խմբագիր՝ Եիղիթ Պենէր
«Ճան» հրատարակչատուն
Ապրիլ 2015/ Իսթանպուլ
264 էջ