Խորհուրդ ածող լուսանկարներ

բագրատ էսդուգեան

Հայոց Պատ­մութիւնն է որ կը տո­ղան­ցէ, երբ կը թեր­թենք սեւ ու սպի­տակ լու­սանկարչկան գե­ղատիպ այս ալ­պո­մը։ Մե­զի պատ­կա­նող, մե­զի հա­մար սրբու­թիւն եղած եւ այ­սօր մշու­շա­պատ հե­ռու­նե­րու մէջ մո­ռացու­թեան եւ աւե­րի թո­ղուած մեր գո­յու­թիւնը, մեր ինքնու­թիւնը։ Վեր­ջերս լոյս տե­սաւ բծախնդիր համ­բե­րու­թեան մը պտու­ղը հան­դի­սացող այս հա­ւաքա­ծոն։ Նոյ­նիսկ չա­փազան­ցած չենք ըլ­լար, եթէ ըսենք թէ մե­րօրեայ ապ­րումնե­րու պատ­մութեան փո­խանցման մի­ջոց մըն է այս հա­ւաքա­ծոն։ Չէ որ հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար գլխա­ւոր խորհրդան­շան մըն է պիպ­լիական Արա­րատը։ Ինչ զար­մա­նալի հա­յը Արա­րատը նկա­րելու հա­մար տան­ջուեցաւ միշտ եւ ամե­նու­րէք։ Կար­ծես այդ տան­ջանքի ապա­ցոյ­ցը ըլ­լայ ոսպնեակին ան­մի­ջապէս առ­ջեւ յայտնուած փու­շի փունջը։ Այդպէս է Արա­րատը հա­յու հա­մար։ Ան­հա­սանե­լի եւ տեն­չա­լի։ Ցա­ւեց­նող յատ­կութիւ­նով օժ­տուած է այս վեհ բար­ձունքը։ Ու­րեմն կրնանք ըսել որ լու­սանկա­րիչ Նուրհան Աք­քա­յա այդ նոյն նկա­րին մէջ մե­զի կը փո­խանա­կէ վե­հու­թիւնն տու տա­ռապան­քը։ Այդ տպա­ւորու­թիւնը ալ աւե­լի կը շեշ­տուի կո­րուստեան հայ­րե­նիքի խոր­հուրդով։ Ան­տէ­րու­թեան մէջ լքուած սրբու­թիւններ են հայ շի­նարա­րի կեր­տած եկե­ղեցի­ները։ Աւե­րուած եկե­ղեցի­ներ, խո­նար­հուած, սրբապղծուած անի­ծեալ չա­րագործնե­րու ձեռ­քով քան­դուած բուերու բոյն դրած մեր հա­ւատ­քի տա­ճար­նե­րը։ Կանչ կայ այս լու­սանկար­նե­րու մէջ։ Կանչ՝ ինչ որ կ՚ըսէր բա­նաս­տեղծը աւե­րուած Անի քա­ղաքի հա­մար գրի առած տո­ղերուն մէջ «նե­րիր որ ուշ եմ այդքան մօտդ գա­լիս իմ Անի։ Թէ­կուզ ամէն օր էլ գամ, իմ կա­րօտը չեմ առ­նի։ Թէ քեզ մտքիցս էլ հա­նեմ, ես իմ սրտից չեմ հա­նի։ Կեանքս մա­տաղ քեզ կ՚անեմ, միայն շնչես իմ Անի» ձայնկա­ցիլ բա­նաս­տեղծին։ Ձայ­նակցիլ՝ բայց շնչաս­պառ մնալ։ Եր­գը երգ պի­տի յու­շէ ու պի­տի մրմնջանք «Զու­լում էր զու­լում լաօ»։ Լոկ այ­սօ­րուայ ապ­րումնե­րը դի­տելով շատ հեշտ է այդ գե­ղակերտ տա­ճար­նե­րու կա­ռուցման հո­գեբա­նու­թեան գի­տակ­ցիլ։ Բաւ է որ գէթ մէկ ան­գամ յի­շենք Ծի­ծեռ­նա­կաբեր­դի յու­շարձան կո­թողի կա­ռուցման պատ­կե­րը։ Այդ պա­հուն ու­սամբարձ տա­րուած ամէն մի ժայ­ռա­բեկոր մեր աղօթքնե­րու պա­ղատանքնե­րու մարմնա­ցու­մը չէր մի­թէ։ Կար­ծես լու­սանկա­րիչը յա­ջողած է իր նկար­նե­րով խօ­սիլ մե­զի հետ։ Կամ ու­րիշ կերպ ըսած՝ շունչ տուած է քա­րերուն։ Այդպէ­սով ալ մեր դի­տած­նե­րը դադ­րած են նկար­չա­կան գոր­ծի­քի մը սահ­մա­նու­մով տե­սարա­նի մը կրկնու­թիւնը ըլ­լա­լէ եւ վե­րածուած են ապ­րումի։

Եթէ այս բո­լորը մտա­բերե­ցինք լոկ քա­րերը դի­տելով հա­պա ի՞նչ պի­տի ըսենք դի­տելով մար­դա­կային կեր­պարնե­րը։ Նուրհան Աք­քա­յա չէ դժուարա­ցած դի­ման­կարնե­րով եւս խորհրդներ յա­ռաջաց­նե­լու։ Աչ­քե­րու վկա­յու­թիւնը եւս իր կար­քին նոր խորհրդներ կ՚առա­ջաց­նեն։ Մտա­ծել կու տան այդ հա­յեաց­քին ետեւ թաք­նուած մտքին մա­սին։ Ի վեր­ջոյ իր ժա­մանա­կակից միտք ածող­ներն է որ նկա­րած է Նուրհան Աք­քա­յան։ Անոնք կրնան ըլ­լալ մե­ծահամ­բաւ, հան­րա­ծանօթ, հետզհե­տէ աւե­լի քիչ ծա­նօթ եւ նոյ­նիսկ ան­ծա­նօթ ան­ձեր։ Կրնան ըլ­լալ սո­վորա­կան մար­դիկ։ Բայց ամէն աչ­քի բի­բէ ներս կայ խոր­հուրդ մը եւ Աք­քա­յա մեզ կը մղէ այդ խոր­հուրդին մա­սին կար­ծիքներ երա­զելու։

Եւ կար­ծիքներ երա­զելու հա­մար պայ­ման չէ դի­ման­կարնե­րու հա­յեաց­քին թա­փան­ցել։ Արուես­տա­գէտը սի­րած է ման­րա­մաս­նութիւննե­րը եւ հա­սարակ, սո­վորա­կան բա­նալի մը իսկ այս հա­ւաքա­ծոյի էջե­րուն վրայ մեզ կը տա­նի նոր խոր­հուրդնե­րու։ Բա­նալին մեր առօ­րեայ կեան­քին մէջ սո­վորա­կան իր մըն է, որ եր­բեք պի­տի չմտա­ծէինք ան­կէ ներշնչուելով։ Բայց երբ այդ սո­վորա­կան իրը լու­սանկա­րուի եւ հա­ւաքա­ծոյի էջե­րուն մէջ յա­տուկ տեղ մը գտնէ, այ­լեւս դուրս ելած է իր սո­վորա­կանու­թե­նէն եւ բեռ­ցած է բա­զում նշա­նակու­թիւն։ Բա­նալին որ կայ, ար­դեօ՞ք կայ նաեւ այդ բա­նալիով կղպուած դու­ռը։ Այդ դու­ռով ապա­հովուած շէն­քը դեռ կա­յո՞ւն է, թէ ոչ շա­տոնց փուլ եկաւ եւ անոր տեղ բարձրա­ցաւ բազ­մա­յարկ նոր շէնք մը։ Կամ ալ ո՞վ գի­տէ թե­րեւս դուռն ալ կայ, շէնքն ալ, բայց հե­ռու է եւ ան­հա­սանել։ Նուրհան Աք­քա­յայի հե­ղինա­կած լու­սանկար­չա­կան ալ­պո­մը իր բո­վան­դա­կու­թիւնով կրնայ հաս­տա­փոր գիր­քի մը բո­վան­դա­կու­թիւնը ու­նե­նալ։ Ան յա­ջողած է լու­սանկար­նե­րով գրա­կանու­թիւն մշա­կելու։ Եւ այս բա­նը ըրած է դի­մելով սեւ ու սպի­տակի ան­հա­ւատա­լի բազ­մե­րան­գութեան։ Վստա­հօրէն կա­րելի է պնդել որ գու­նա­ւոր լու­սանկար­նե­րը չէին կրնար տալ այն տպա­ւորու­թիւնը, ինչ որ կու տայ Նուրհան Աքքայայի սեւ ու սպիտակ նկարները։

Հայեր «Էրմէնիլէր»
Նուրան Աքքայա
«Ալէֆ» հրատարակչատուն
Իսթանպուլ
Մայիս 2015
96 էջ