բագրատ էսդուգեան
Հրատարակուեցաւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի բանաւոր պատմութեան մատենաշարի Դ. հատորը՝ «Իզմիթի Հայերը Կը Խօսին»։
«Լռութեան Ձայնը» ընդհանուր խորագրի տակ նախապէս լոյս տեսած էին «Թուրքիացի Հայերը Կը Խօսին», «Տիյարպէքիրի Հայերը Կը Խօսին», «Անգարայի Հայերը Կը Խօսին» անուն գիրքերը։
Ինչպէս վերեւի խորագիրները կը վկայեն, իւրաքանչիւր հատոր ուղուած է որոշ տարածքաշրջանի մը բնակիչներուն յիշողութիւններուն արձագանգելով, տուեալ վայրի անցեալի հայ ապրումներուն մասին պատկերացում մը գոյացնելու։
Բանահաւաքներու կողմէ կատարուած հարցազրոյցներու խմբագրութեամբ պատրաստուած մատենաշարի առաջին երեք գիրքերը թարգմանուած են անգլերէնի։ Բանաւոր պատմութեան նրբութիւններու մասին յատուկ ուսում ստացած բանահաւաքներ ի պահանջեալ հարկին ճամբորդած են ԱՄՆ, Հայաստան, Գանատա, Եւրոպայի զանազան երկիրներ եւ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներ։
Իզմիթ ընդհանուր անուանումին մաս կը կազմեն երբեմնի Բիւթանիա, Նիկոմիդիա, Արմաշ, Կեյվէ, Պարտիզակ, Մերտէկէօզի նման անցեալին հոծ բազմութիւն հայ բնակչութիւն ունեցող բնակավայրեր։
Անշուշտ որ տարածքաշրջանը հայաթափ եղած է 1915-ին եւ Ա. Աշխարհամարտի տարիներու ընթացքին։ Բնակչութեան բացակայութեան զուգահեռ ոչնչացուած է նաեւ անոնց հասարակապատկան կառոյցները՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, գերեզմանատուներ ալ։ Հայաթափ եղած այդ վայրերը բնակեցուած են պալքանեան երկիրներէ, յատկապէս ալ Յունաստանէ գաղթած իսլամներ եւ այսպէսով հասարակական յիշողութիւնն ալ ծածկուած է մոռացութեան թանձր փոշիով։
Ի դէմ պատմութեան այս անխնայ ուրացումին, Իզմիթի եւ շրջակայքի շէնշող անցեալը քանդակուած է հայ մտաւորական կուտակումին մէջ։ Զանազան պատումներու մէջ յիշատակուած են Արմաշու Դպրեվանքի կամ Պարտիզակի Բարձրագոյն Վարժարանի նման մտքի տաճարներ։ Հարուստ գրականութիւն մը կ՚անմահացնէ Իզմիթի եւ շրջակայքի ուրախ օրերը։ Այստեղ ակնարկուածը լոկ անվտանգութեան պայմաններուն ապահովուած ուրախութիւնն է։ Ապա ոչ հանապազօրեայ հացի խնդիրը ինչպէս հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան, նոյնպէս պարտիզակցիի համար ալ դժուար լուծելի էր։ Այս դրախտանման գիւղէն բազմաթիւ պարմանուհի իբրեւ աղախին կ՚աշխատէին Պոլսոյ հարուստ հայ ընտանիքներու մօտ։
Իզմիթի հայոց անցեալին վրայ լուսարձակ բռնող պատումներու այս հաւաքածոն յառաջաբանով մը ընթերցողին կը ներկայացնէ աշխատասիրութեան խմբագիր Ֆերտա Պալանճար։ Ապա Ռայմոն Գէորգեանի ներածականը կու գայ բացատրութիւն տալու Բիւթանիոյ հայոց արմատներուն մասին։ «Ինչպէս Թրակիոյ համայնքները, Բիւթանիոյ հայ համայնքներն ալ կազմուած են 1590-1608 թուականներու միջեւ Ակն, Արաբկիր, Սեբաստիա, Կամախ եւ Կարինի հայ գիւղացիներու զանգուածային գաղթով»։ Գէորգեան այս հաստատումէն ետք կը նշէ նաեւ թէ այդ գաղթի հոսանքը հաստատուած է Սեւ Ծովու արեւմտեան ափերէն Նիքոմիտիոյ եւ Բիւթանիոյ վրայէն մինչեւ Պրուսա հասնող տարածքի մը վրայ։ «Պատերազմի նախօրէին Իզմիթի մութասարիֆութեան սահմաններու 42 բնակավայրերու մէջ 61 հազար 675 հայեր կ՚ապրէին։ Ունէին 51 եկեղեցի, վանք մը եւ 53 դպրոցներ»։
Այս աշխատութեան շրջագծով կատարուած 30 տեսակցութիւններէն ինը հատը տեղադրուած են գիրքին մէջ։ «Փոխան Վերջաբանի» խորագրով Քոճաէլի Համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժնի գիտաշխատող Է. Արաս Էրկիւնէշ կը վերլուծէ կատարուած տեսակցութիւններու բովանդակութիւնը, բաղդատութիւններ ընելով իր ալ մաս կազմած աշխատախումբի յայտնաբերումներուն հետ։
«Լռութեան Ձայնը» մատենաշարի այս չորրորդ գիրքը օղակ մը եւս կ՚աւելցնէ կորուսեալ մշակոյթի մը հետքերը որոնող բանաւոր պատմութիւններու շարքին։
Ընթերցողը թղթատելով այս ինը յուշագրութիւնները, կը գիտակցի պատմագիտութեան ոլորտի մէջ բանաւոր պատմութեան ներկայացուցած շատ կարեւոր յատկութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, դասական ուղիով աշխատող պատմաբաններ որդեգրած են փաստաթղթապաշտ ուղին։ Անոնց համար պատահած պետական պաշտօնեայի գրած, ստորագրած ու կնքած թուղթի կտորը խոր իմաստ կը ներկայացնէ, իսկ որեւէ պաշտօն կամ կոչում չունեցող սովորական մարդու վկայութիւնը կամ յիշողութեան փոխանցումը, ոչինչ։
Երջանկութեամբ կրնանք ըսել որ անցած է այդ մգլոտած պատմագիտութեան շրջանը եւ այսօր ընկերութիւնը շատ աւելի ուշադիր է բանաւոր պատմութեան ներկայացուցած գիտելիքներուն հանդէպ։ Այս դրութեան մէջ պատմաբանին կը մնայ այդ անհատական պատումի բացթողումները յայտնաբերելով փոխանցուածը վերածել պատմական ճշմարտութեան։ Կամ ալ հակասութիւնները մատնացոյց ընելով զգուշանալ հաւանական սխալներէ։ Ի վերջոյ այս պատումներէն ներշնչուած վիպագիրներ, դատերագիրներ, շարժանկարի բեմադրիչներ շատ աւելի մեծ զանգուածներու պիտի մատուցեն այս սովորական մարդկանց ապրումները, որոնք արժանի են ուրիշներու կողմէ լսելի դառնալու։
Ցաւալի է այն իրողութիւնը որ Թուրքիոյ տարածքին տիրող վախ ու սարսափը շատ անգամ կը կղպէ այդ պատումները հաղորթելու կարողութիւն ունեցողներու շուրթները։ Մարդիկ անտրամաբանական ու անհասկնալի զգուշութեամբ կը խուսափին իրենց ապրածը կամ գիտցածը փոխանցելէ։ Մէկը կը խօսի այդ ըսածները յետ մահու հրապարակելու պայմանաւ։ Ուրիշ մը մտահոգ է իր մահէն ետքի ժամանակներուն համար ալ։ Մի ուրիշը բացի իրմէ, կը տանջուի նաեւ իր հարազատներուն մատնուելիք դժուարութիւնները նկատի ունենալով։ Ուրեմն կ՚արժէ գիտնալ թէ վերեւ նշուած 30 պատմիչները շատ աւելի բազմաթիւ վերապրողներէն մաղուած են։ Ափսոս է որ համամարդկային առումով կորուստ մըն է այս լռութիւնը, որուն ձայն տալու համար կը պայքարին Հրանդ Տինք Հիմնարկի բանաւոր պատմութեան նախագծի համակարգողները՝ Էմինէ Գոլիվար, Ֆերտա Պալանճար եւ Գարուն Էօզչէլիք։
Իզմիթի Հայերը Կը Խօսին
Խմբագիր՝
Ֆերտա Պալանճար
Հրատարակութիւն՝
Հրանդ Տինք Հիմնարկ
Իսթանպուլ, 2015
233 էջ