Հայաստան՝ որ անծանօթ է

իւմիթ պայազօղլու

Մեզի համար խիստ անծանօթ արդի Հայաստանի հետ կը ծանօթանանք պատ­մա­բան Ռա­նըլտ Գրի­գոր Սիւնիի «Արա­րատին Նա­յիլ» խո­րագ­րեալ գիր­քով՝ որ լոյս տե­սաւ «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան մա­տենա­շարէն։ Թէ ինչպէս հիմ­նո­ւեցաւ, ինչպէս դուրս եկաւ Խորհրդա­յին փոր­ձանքէն, սառն պա­տերազ­մի տա­րինե­րը յաղ­թա­հարե­լէ ետք ինչպէս վե­րածո­ւեցաւ ներ­կայ «ազ­գա­յին պե­տու­թիւն» Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան։

Հա­յոց պատ­մութիւ­նը միաժա­մանակ պա­ռակ­տումնե­րու, բա­խումնե­րու, շրջա­փակումնե­րու, գրա­ւումնե­րու, արշա­ւանքնե­րու, ճնշումնե­րու, աք­սորնե­րու եւ կո­տորած­նե­րու պատ­մութիւնն է։ Սա­կայն ի դէմ այս աղէտ­նե­րուն, հա­յերը աւե­լի քան եր­կու հա­զարա­մեակ է որ կը շա­րու­նա­կեն իրենց գո­յու­թիւնը։

Նոյ­նիսկ կարգ մը գիտ­նա­կան­ներ հա­յոց գո­յատե­ւու­մը կը վե­րագ­րեն այս փոր­ձանքնե­րուն։ Որով­հե­տեւ հա­յերը Կով­կա­սեան շրջա­նէն մին­չեւ Կի­լիկիա, Իս­թանպու­լէն Վան, Ատրպէյ­ճան, Պարսկաս­տան եր­կա­րող տա­րած­քի մը վրայ առանց միաս­նութեան, շատ ան­գամ առանց իրար հետ շփո­ւելու ապ­րե­ցան։

Հե­տեւա­բար պա­հեցին հա­մեմա­տական ինքնա­վարու­թիւն եւ ան­կա­խու­թիւն, որոնց շնոր­հիւ դի­մադ­րե­ցին լու­ծո­ւելով ձուլման երե­ւոյ­թին։

Հա­յեր այս լայն տա­րած­քին մէջ բաժանուած էին փոքր թա­գաւո­րու­թիւննե­րու կամ իշ­խա­նու­թիւննե­րու։ ԺԱ. դա­րուն երբ թուրքե­րը եկան կամ ԺԹ. դա­րուն երբ ռու­սե­րը նո­ւաճե­ցին Կով­կա­սը, ամ­բողջա­կան Հա­յաս­տան մը գո­յու­թիւն չու­նէր։ Մշա­կու­թա­յին, քա­ղաքա­կան, նոյ­նիսկ լե­զուա­կան տար­բե­րու­թիւններ գո­յացած էին։

ԺԸ. եւ ԺԹ. դա­րերուն Օս­մա­նեան սահ­մաննե­րու մէջ ապ­րող հա­յերը բաղ­դատմամբ ռու­սա­կան տի­րապե­տու­թեան տակ ապ­րող եղ­բայրնե­րուն, աւե­լի աղ­քատ, անուս, գիւ­ղա­ցի եւ հե­տեւա­բար աւե­լի ետ էին։ Կով­կա­սի հա­յերը ազա­տու­թիւններ ու­նէին եւ կ՚ապ­րէին աւե­լի ապա­հով պայ­մաննե­րու տակ։ Յա­ջողու­թիւններ ար­ձա­նագ­րած էին առեւ­տուրի եւ ար­դիւնա­բերու­թեան ոլորտնե­րու մէջ։ Ռու­սաստան դի­մած էր շրջա­նային բա­րեփո­խումնե­րու։ Կով­կա­սի հա­յերը քա­ղաքա­կան խոր­հուրդնե­րուն կ՚ան­դա­մակ­ցէին, քա­ղաքապետ կ՚ընտրուէին, կարճ խօս­քով ներգրա­ւուած կ՚ըլ­լա­յին քա­ղաքա­կան կեան­քին։ Անոնց զա­ւակ­նե­րը կ՚ու­սա­նէին Մոս­կո­վա եւ Սէն Փէ­թէրսպուրկի հա­մալ­սա­րան­նե­րը։ Միւս կող­մէ Իս­թանպուլ կամ Իզ­մի­րի հա­րուստ հա­յերուն զա­ւակ­ներն ալ կ՚ու­սա­նէին Փա­րիզ, Վիէնա կամ Հռոմ։ Այսպէս Պոլ­սա­հայե­րը բաղ­դատմամբ իրենց Կով­կա­սի եղ­բայրնե­րուն, աւե­լի ազա­տամիտ ոճ մը որ­դեգրե­ցին։ Միւս կող­մէ 1885-ին հիմ­նո­ւած Հնչա­կեան Կու­սակցու­թիւնը եւ 1890-ին հիմ­նո­ւած Դաշ­նակցու­թիւնը Կով­կա­սի հա­յերուն հե­ղինա­կու­թիւնն են։

Երբ Կով­կա­սի հա­յերուն աղ­քատ դա­սակար­գը Պա­քուի քա­րիւ­ղի ար­դիւնա­բերու­թեան կամ Թպի­լիսիի զտա­րան­նե­րու մէջ բա­նուո­րու­թիւն կ՚ընէին, Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի իրենց գիւ­ղա­ցի եղ­բայրնե­րը կ՚ապ­րէին 100 տա­րի առա­ջուայ բար­քե­րով։ Ֆրան­սա­կան յե­ղափո­խու­թիւնը դեռ չէր թա­փան­ցած այդ կող­մե­րուն, ճար­տա­րար­ւես­տի յե­ղափո­խու­թիւնը չէր կա­տարո­ւած։ Հայ քաղ­քե­նիու­թիւնը այս թշո­ւառու­թեան մէջ ինքզինք պա­տաս­խա­նատու չէր հա­մարեր։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ Հնչա­կեան եւ Դաշ­նա­կեան կու­սակցու­թիւննե­րը իրենց դա­տին նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն ապա­հովե­լու հա­մար սկսած էին հա­րուստ հա­յերը ահա­բեկե­լու։ Ազ­գայնա­կան­նե­րը հա­մոզո­ւած էին որ անոնք ուշքի բե­րելու հա­մար լաւ պի­տի ըլ­լայ մի գիչ «թօթուել»։ Այս եր­կու կու­սակցու­թիւննե­րը հետզհե­տէ աւե­լի շատ խա­րիսխ կը գտնէին մի­ջին դա­սակար­գի մօտ։ Բայց սխալ կ՚ըլ­լայ կար­ծել թէ, բո­լոր հա­յերը նոյն կար­ծի­քը կը բաժ­նէին։ Կով­կա­սի հա­յերուն մէկ մա­սը մշա­կու­թա­յին հա­մերաշ­խութիւն ապ­րած Ռու­սաստա­նի միանալ կը ցան­կա­յին։ Իսկ գա­ւառին մէջ կարգ մը հա­յեր ալ հա­մայնքի կար­գա­վիճա­կով կը նա­խընտրէին եկե­ղեցիի հո­վանիի տակ մնալ։

Ռու­սա­կան եւ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան շու­քե­րուն տակ հա­յերը յա­ջողե­ցան ազ­գա­յին գրա­կանու­թիւն մը կեր­տել եւ մա­մուլ զար­գացնել։ Մտա­ւորա­կանու­թիւնը որ­դեգրեց եկե­ղեցիէն աւե­լի ժո­ղովուրդին ծա­ռայե­լու գա­ղափա­րը։ Սկիզբնե­րը հա­մերաշխ բնոյթ մը ու­նե­ցող շար­ժումը ժա­մանա­կի ըն­թացքին յե­ղափո­խական եւ հա­մայ­նա­վար ինքնու­թիւն մը ստա­ցաւ։ Հա­մայ­նա­վարու­թիւնը հա­յոց դա­տը վե­րածեց հա­մաշ­խարհա­յին շար­ժումի մէկ մա­սին։ Հայ­կա­կան ընդլու­ծումին ար­տա­քին գոր­ծօ­նը ու­րիշ բան չէր, եթէ ո՛չ դա­րերէ ի վեր իրենց տի­րապե­տող տէ­րերը։ Ռու­սե­րը եւ Թուրքե­րը խտրա­կանու­թիւն կը գոր­ծէին եւ կը մեր­ժէին հա­յոց ամե­նատ­րա­մաբա­նական պա­հանջնե­րը իսկ։ Այս կո­պիտ քա­ղաքա­կանու­թեան դի­մաց հա­յերը վե­րատե­սու­թեան մատ­նե­ցին իրենց դիր­քե­րը։ Անոնք այ­լեւս դուրս եկած էին կրօ­նական հա­մայնքի մը ըմբռնու­մէն եւ կը ներ­կա­յանա­յին հա­սարա­կաց պատ­մութիւն եւ մշա­կոյթ ու­նե­ցող ազ­գի մը դի­մագի­ծով։

Հայ ազ­գայնա­կան­նե­րը իրենց վրայ իշ­խաող եր­կու կայսրու­թիւննե­րը տար­բեր կ՚ըն­կա­լէին։ Ռու­սաստան թէեւ ամ­բողջո­վին չէր գոր­ծադրած ինքնա­վարու­թեան խոս­տումը, բայց բազ­մա­թիւ հա­յերու կող­մէ կը դի­տուէր իբ­րեւ փրկա­րար։ Ռու­սա­հայեր կոչ կ՚ընէին որ ան ար­շա­ւէ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նը։ Հա­մոզո­ւած էին որ ռու­սե­րը եւ­րո­պացի­ներ են, իսկ թուրքե­րը ասիացի եւ անմշա­կոյթ ժո­ղովուրդ։ Ռու­սաստա­նի 1878-ին թուրքե­րու դէմ տա­րած յաղ­թա­նակը, Կար­սի եւ Ար­տա­հանի ար­շա­ւու­մը ալ աւե­լի ոգե­ւորած էր ռու­սա­մէտ­նե­րը։

Երբ ռու­սեր ինքնա­վարու­թեան խոս­տումնե­րով կը լո­լոզէին հա­յերը, Օս­մանեան Կայսրու­թիւնն ալ եւ­րո­պացի­ներուն ճնշումնե­րու հե­տեւան­քով կը դի­մէր շարք մը բա­րեփո­խումնե­րու։ 1839-ի եւ 1859-ի յայ­տա­րարու­թիւննե­րով եւ 1908-ի սահ­մա­նադ­րութեամբ Օս­մա­նեան քա­ղաքա­ցինե­րը հա­ւասա­րու­թիւն ձեռք բե­րին։ Նո­ւազե­ցան հար­կե­րը եւ խորհրդա­րանի մէջ իրենց բնակ­չութեան հա­մապա­տաս­խան ներ­կա­յացուցչու­թիւն ու­նե­ցան։ Յատ­կա­պէս սահ­մա­նադ­րութեան ըն­դունո­ւելէն ետք Պալ­քանեան եր­կիրնե­րուն մէջ ներ­քուստ այ­րող ազ­գայնա­կան կրա­կը յան­կարծ բո­ցավա­ռուե­ցաւ։ Ռո­մանով­նե­րու եւ օս­մանցի­ներու ար­քա­յատոհ­մե­րը, այ­սինքն տէ­րերը հա­մաշ­խարհա­յին Ա. Պա­տերազ­մի աւարտին որո­շեցին հա­յերէն փրկո­ւելու։ Ռու­սե­րը կ՚աշ­խա­տէին «առանց հա­յու Հա­յաս­տան մը» կա­ռու­ցել։ Թուրքե­րը աւե­լի ար­մա­տական լու­ծում մը գտան՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Ձա­խողած էր Օս­մա­նեան Կայսրութեան բա­րեփո­խումնե­րու փոր­ձե­րը։ Հա­յերու զի­նեալ ապստամ­բութեան թուրքե­րը փո­խադար­ձե­ցին կրկնա­պատիկ սաստկու­թեամբ եւ այսպէ­սով հետզհե­տէ աւե­լի շատ զո­հեր խլող բռնու­թեան հո­լովոյթ մը գո­յացաւ։ Ամե­րիկա­յի եւ Եւ­րո­պայի կո­տորած­նե­րուն դէմ բո­ղոքե­լը խրա­խու­սեց հա­յերը։ Թուրքե­րու հա­յերու եւ քիւրտե­րու մի­ջեւ հո­ղի եւ շրջա­նային իշ­խա­նութեան շուրջ մրցակ­ցութիւն մը ծա­գած էր։ Թուրքե­րը իրենց գլխա­ւոր թշնամ­ւոյն՝ ռու­սե­րուն սահ­մա­նագ­ծին վրայ անոնց հետ զօ­րակ­ցող ժո­ղովուրդ մը տես­նել չէին ու­զած։

Ի վեր­ջոյ 1915-ի մա­հի ճա­նապար­հին նո­ւազա­գոյն 600 հա­զարէ մին­չեւ 1,5 մի­լիոն հա­յեր բնաջնջո­ւեցան։

Այս քաօսա­յին մի­ջավայ­րին Դաշ­նակցու­թիւնը Կով­կասնե­րու մէջ իշ­խա­նու­թիւնը ձեռք առաւ եւ ան­կա­խու­թիւն հռչա­կեց։ Սա­կայն եր­կու հա­զար տա­րուայ ան­ցեալ ու­նե­ցող այս երա­զը կար­ճա­տեւ եղաւ եւ 1918-1920 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ միայն եր­կու տա­րի շա­րու­նա­կեց։ Դաշ­նակցա­կան­նե­րը այս կարճ իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին բռնու­թիւններ գոր­ծադրե­ցին տե­ղացի իս­լամնե­րու դէմ։ Միւս կող­մէ Ռու­սաստան եւ Թուրքիա պա­տերազ­մի աւեր­նե­րը վե­րաց­նե­լէ ան­մի­ջապէս ետք Հա­յաս­տա­նը բա­ժանե­ցին իրենց մի­ջեւ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ դուրսէն նե­րառո­ւած եւ վե­րէն կա­ռավա­րուող յե­ղափո­խու­թիւն մը կա­տարո­ւած էր։ Բա­զում հա­յերու մտքին մէջ Ռու­սաստա­նին Հա­յաս­տա­նին տի­րապե­տելը կ՚ար­դա­րանար միակ պատ­րո­ւակով մը՝ առանց ռու­սա­կան պաշտպա­նու­թեան Հա­յաս­տան չի կրնար իր գո­յու­թիւնը պա­հել։ Սա­կայն Լե­նին մեր­ժեց Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նին ար­շա­ւու­մը։ Այսպէ­սով հա­յերը 1923-ին խա­բուած ըլլա­լու դառն հո­գեբա­նու­թեան մէջ ակա­մայ յօ­ժարե­ցան Սո­վետա­կան Իշ­խա­նու­թեան։ Անոնք գո­նէ կրցան պա­հել իրենց քա­ղաքա­կան գո­յու­թիւնը։ Իսկ Օս­մա­նեան տի­րապե­տու­թեան տակ գտնո­ւող­նե­րը կորսնցու­ցին հայ կո­չու­մը։

Հա­յաս­տա­նի մէջ խորհրդա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մը ո՛չ թէ ժո­ղովուրդին ոգե­ւոր մաս­նակցու­թեամբ, այլ ան­կախ Հա­յաս­տա­նին պար­տութեան եւ Դաշ­նակցա­կան կա­ռավա­րու­թեան վեր­ջին մի­ջոցը ըլ­լա­լով իրա­կանա­ցաւ։ Ռու­սե­րուն վե­րադար­ձը նա­խընտրե­լի էր բաղ­դատմամբ թուրքե­րուն կո­տորա­ծին են­թարկո­ւել։

1905-էն մին­չեւ 1920 ՀՅԴ ռու­սա­կան եւ թրքա­կան յար­ձա­կողու­թեան դէմ հա­յերու պաշտպան­ման միակ մի­ջոցն էր։ Բայց նոր դրու­թեան մէջ ան­բաղձա­լի դար­ձաւ։ Օրի­նակի հա­մար «Ազ­գա­յին հե­րոս» Զոօրավար Անդրա­նիկ հար­կադրո­ւեցաւ Ամե­րիկա եր­թա­լու։

Խորհրդա­յին վար­չա­կար­գը հա­յոց ազ­գա­յին մշա­կոյ­թը վե­րականգնե­լու, ազ­գա­յին լե­զուի գոր­ծա­ծու­թիւնը խրա­խու­սե­լու ծրա­գիր մը մշա­կեց։ Հա­յերէ­նը բո­լոր պե­տական հաս­տա­տու­թիւննե­րու, դա­տարան­նե­րու եւ դպրոց­նե­րու պաշ­տօ­նական լե­զուն դար­ձաւ։ Սա­կայն ու­րախ շրջա­նը ըն­դա­տուե­ցաւ Ստա­լինի գա­հակա­լու­թեամբ։ Ար­դէն աղ­քա­տու­թեան դէմ պայ­քա­րող գիւ­ղա­ցինե­րը հո­ղազուրկ եղան։ Դի­մադ­րողնե­րը ձեր­բա­կալո­ւեցան եւ աք­սո­րուեցան։ Նոյն ժա­մանա­կին ոչնչա­ցաւ նաեւ առեւտրա­կան քաղ­քե­նի դա­սակար­գը։ Հինգ տա­րուայ փլան­նե­րը թափ տո­ւած էին ճար­տա­րագի­տական զար­գացման։ Կա­ռու­ցո­ւեցան ելեկտրա­կայան­ներ, գոր­ծա­րան­ներ, ջրամ­բարներ, եր­կա­թու­ղի­ներ։ Այսպէ­սով հա­սարա­կու­թեան մօտ բա­նուոր­նե­րուն թի­ւը զգա­լիօրէն աճե­ցաւ գիւ­ղա­ցինե­րուն դի­մաց։

Ստա­լինեան վար­չա­կար­գը ալ աւե­լի վայ­րա­գացաւ շա­րու­նա­կուող տա­րինե­րուն։ Սո­վետա­կան Իշ­խա­նու­թեան առա­ջին 15 տա­րինե­րուն գոր­ծող վար­չա­յին խա­ւի հա­մարեայ բո­լոր ան­դամնե­րը կամ սպաննը­ւեցան եւ կամ ալ աք­սո­րուե­ցան։ Անոնց մէջ կա­յին արո­ւես­տա­գէտ­ներ, գրող­ներ եւ հո­գեւո­րական­ներ։

Ստա­լինեան բռնա­կալու­թեան յա­ջոր­դեց սառ պա­տերազ­մի շրջա­նը։ Հա­մայ­նա­վար գա­ղափար­նե­րով հիմ­նո­ւած Խորհրդա­յին Իշ­խա­նու­թիւնը վե­րածո­ւեցաւ Սլաւ բռնա­կալու­թեան։ Այս ըն­թացքը շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ Պէր­լի­նի պա­տին փլու­զումը։ Խորհրդա­յին Պե­տու­թեան ան­կումէն ետք Հայ ժո­ղովուրդը հիմ­նեց իր եր­րորդ հան­րա­պետու­թիւնը։

Բո­լոր այս տե­ղեկու­թիւննե­րը քա­ղեցինք «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ լոյս ըն­ծա­յուող «Արա­րատին Նա­յիլ» անուն գիր­քէն։ Գիր­քին հե­ղինա­կը Մի­շիկը­նի եւ Շի­քակո­յի հա­մալ­սա­րան­նե­րու պատ­մութեան դա­սախօս Ռա­նըլտ Գրի­գոր Սիւ­նի իր այս ու­սումնա­սիրու­թիւնով պատկերացում մը կը պարգեւէ արդի Հայաստանի մասին։

«Արարատին նայիլ» Ռանըլտ Գրիգոր ՍիւնիիԱրաս Հրատարակչատուն
Թարգմանութիւն՝
Էպրու ՔըլըչԻսթանպուլ, 2015   408 էջ