Կեսարիոյ Հայոց եւ Յունաց Պատմամշակութային Ժառանգութիւնը

բագրատ էսդուգեան

րանդ Տինք Հիմնարկի շարունակուող ծրագիրներէն է Թուրքիոյ տարածքին գտնուող եւ հա­յոց, յու­նաց, ասո­րեցուոց եւ հրէից պատ­կա­նող պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան ցան­կագրու­թիւնը։ Ամ­բողջ երկրի տա­րած­քին ընդլայ­նուած այդ ցան­կագրու­թեան միայն Կե­սարիոյ ժա­ռան­գութիւ­նը հրա­տարա­կուե­ցաւ երկլե­զու հա­տորով մը։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի մա­տենա­շարէն լոյս տես­նող այս հա­տորը ձօ­նուած է «Ակօս»ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ հա­յերէն էջե­րու խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեանի յի­շատա­կին։ Այս առ­թիւ տեղ տրուած է նաեւ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեանի իր հօր մա­սին պատ­րաստած կեն­սագրու­թեան։

Գիր­քի առա­ջին բաժ­նին մէջ ընդհա­նուր ակ­նարկ մը կը սե­ւեռուի Կե­սարիոյ հա­յոց եւ յու­նաց պատ­մութեան։ Այստեղ Պետ­րոս Տէր Մա­թոսեան կը ներ­կա­յանայ «ԺԹ. Դա­րուն Օս­մա­նեան Հայ Քա­ղաք Մը՝ Կե­սարիա» եւ Իրի­նի Ռէ­նիյէ­րի՝ «ԺԹ. Դա­րուն Կա­պատով­կիոյ Մէջ Գիւղ Մը՝ Անտրո­նիքիօ» խո­րագ­րեալ յօ­դուած­նե­րով։

Երկրորդ բա­ժինը կը կրէ Կե­սարիոյ հայ եւ յոյն շի­նու­թիւննե­րու ցան­կագրու­մը։ Կը պար­զուին աշ­խա­տու­թեան նա­խապատ­րաստման եղա­նակ­նե­րը, տա­րած­քի վրայ կա­տարուած աշ­խա­տու­թիւննե­րը եւ այդ աշ­խա­տու­թիւննե­րու կա­նոն­նե­րը։ Զատ զատ կը նշուին հա­յոց եւ յու­նաց պատ­կա­նող շի­նու­թիւննե­րը։

Եր­րորդ բաժ­նի մէջ փլուզման եւ ան­հե­տաց­ման վտան­գի մատ­նուած 18 շի­նու­թեան վնա­սուե­լու վեր­լուծու­մը կը պար­զուի։ Այստեղ ճար­տա­րապետ Ալին Փոն­թիօղ­լու կը քննար­կէ վա­րին Ֆէ­նէսէի Սուրբ Աս­տուածա­ծին, Կեր­մի­րի Սուրբ Ստե­փան­նոս եւ Այ­յոս Թէոտո­րոս եկե­ղեցի­ները։ Արուես­տի պատ­մա­բան Էլ­մոն Հան­չէր Էֆ­կէ­րէի Սուրբ Ստե­փան­նոս, Թավ­լուսու­նի Սուրբ Թո­րոս, Թո­մար­զա­յի Սուրբ Պօ­ղոս-Պետ­րոս եկե­ղեցի­ները եւ Դրսի Շէ­լալ­տըի Կիւ­միւշեան Դպրո­ցը։ Արուես­տի պատ­մա­բան Էվան­կէ­լիա Շար­լաք Ին­ճէ­սուի Այ­յոս Տի­միթ­րիոս, Թավ­լուսու­նի Այ­յոս Վա­սիլիոս եկե­ղեցի­ները։ Ճար­տա­րապետ Եան­նիս Մուրթաս ու­սումնա­սիրեց Կեր­մի­րի Փա­նայ­յա, Էն­տիւրլիւ­քի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն, Պաշ­գէօյի Այ­յոս Եոր­կոս եկե­ղեցի­ները եւ Մո­լուի յու­նա­կան դպրո­ցը։ Ճար­տա­րապե­տական պատ­մութեան մաս­նա­գէտ Պա­նու Փէ­քօլ Տար­սի­յաքի Այ­յոս Եոր­կոս եւ Թաք­սիար­խիս, Թա­լասի Թաք­սիար­խիս եկե­ղեցի­ները, իսկ վե­րանո­րոգ­ման տոք­թո­րակա­նի ու­սա­նող Մե­սուտ Տին­լէր Րէ­շատի­յէի Փա­նայ­յա եւ Մավ­րուճա­նի Այ­յոս էֆսթա­դիոս եկե­ղեցի­ները ու­սումնա­սիրե­ցին։

Հիմ­նարկը վեր­ջա­բանի խո­րագ­րին ներ­քեւ ընդհա­նուր ակ­նարկով մը կը ծա­նօթաց­նէ հա­րուստ մշա­կու­թա­յին ժա­ռանգ մը պա­րու­նա­կող Կե­սարիոյ մէջ այս ժա­ռան­գին ներ­կայ վի­ճակը եւ ապա­գային փո­խան­ցուելու մա­սին սպառ­նա­ցող վտանգնե­րը եւ անոնք կան­խե­լու մի­ջոց­նե­րը։

Գիր­քին աւել­ցուած է յա­տուկ բա­ռարան մը եւ աղ­բիւրնե­րու ցանկ։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի «Մշա­կու­թա­յին Ժա­ռան­գի Ցան­կագրման» ծրա­գիրի կազ­մը կը բաղ­կա­նայ Ալեք­սանդրոս Քամ­պուրիս, Մէր­վէ Քուրդ, Նո­րայր Օլ­կար, Շա­հիքա Գա­րաթէ­փէ, Թու­նա Պա­շըպէք, Վա­հագն Քէ­շիշեան, Զէյ­նէփ Օղու­զէ։ Հարկ է նշել որ գիր­քին բո­վան­դա­կու­թիւնը մե­ծաւ մա­սամբ այս կազ­մին կար­գադրու­թիւննե­րով եւ աշ­խա­տու­թիւնով ի մի եկաւ։ Ինչպէս հիմ­նարկի նա­խորդ հրա­տարա­կու­թիւննե­րէն շա­տերը, այս վեր­ջինն ալ խմբագ­րեց Ալ­թուղ Եըլ­մազ։ Իսկ կրա­ֆիք ձե­ւաւո­րու­մը կը պատ­կա­նի Սէ­րա Տին­քի։

Կե­սարիոյ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գին ձօ­ն-
ւած այս խիստ կա­րեւոր հրա­տարա­կու­թեան ծախ­սե­րը ապա­հովուած են Եւ­րօ Միու­թեան եւ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան Եւ­րօ Միու­թեան Նա­խարա­րու­թեան կող­մէ։ Այս պատ­ճա­ռաւ ալ հա­տորը չի վա­ճառուիր գրա­խանութնե­րու մէջ։ Ցան­կա­ցող­ներ կրնան անվճար ստա­նալ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կեդ­րո­նէն։

Ինչպէս վե­րեւ ալ նշած էինք, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի ցան­կագրու­մը պի­տի ծա­ւալի դէ­պի Թուրքիոյ ամ­բողջու­թեան։ Կե­սարիան այս առու­մով լու­սարձա­կի տակ առ­նուած առա­ջին օրի­նակն է։ Բայց մին­չեւ այ­սօր տա­րուած աշ­խա­տու­թիւնը ար­դէն վե­րածուած է քար­տէ­սի մը, որ տե­ղադ­րուած է հիմ­նարկի կայ­քէ­ջին եւ բաց է բո­լորի օգ­տա­գործման։ Իսկ Կե­սարիոյ օրի­նակին կը յա­ջոր­դեն, այլ եւ այլ կեդ­րոններ, ծրագ­րի աւար­տին հսկայ պա­շարի մը գո­յանա­լը խոս­տա­նալով։

Կաս­կած չկայ որ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը կազ­մութե­նէն այ­սօր անցնող ու­թը տա­րինե­րու ըն­թացքին ար­դէն նուաճեց բա­ւական եր­կար ճա­նապարհ եւ մշա­կու­թա­յին գետ­նի վրայ ապա­հովեց կա­րեւոր ներդրում։ Սկսե­լով 1909-ի Ատա­նայի կո­տորած­նե­րու դա­րադար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած մի­ջազ­գա­յին բա­նախօ­սու­թե­նէն, Տի­յար­պէ­քիրի եւ Մար­տի­նի պատ­մութեան, Իս­լա­մացուած հա­յերու իրո­ղու­թեան եւ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ետք հա­յերու կա­լուած­նե­րու բռնագ­րաւման ու թա­լան­ման նիւ­թե­րով կազ­մա­կեր­պած բա­նախօ­սու­թիւննե­րը իրենց ակա­դեմա­կան որա­կով մեծ ար­ձա­գանգ գո­յացու­ցին։ Զա­նազան առիթ­նե­րով յա­ճախ մէջ­բե­րումներ կը կա­տարուին այդ բա­նախօ­սու­թիւննե­րուն ար­տա­սանուած զե­կոյցնե­րէն։ Մնաց որ զե­կոյցներն ալ առան­ցին հա­տոր­նե­րու ձե­ւով հրա­տարա­կուե­ցան նա­խապէս։

Դի­տելով Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի մին­չեւ օրս կա­տարած գոր­ծը, բնա­կանա­բար բարձր կ՚ըլ­լայ ապա­գայի նկատ­մամբ ակնկա­լու­թիւններն ալ։ Իսկ այս հանգրուանին, երբ կը խօ­սինք Կե­սարիոյ ձօ­նուած թրքե­րէն եւ անգլե­րէն երկլե­զու հա­տորին շուրջ, ակա­մայ կը մտա­բերենք, այն իրո­ղու­թիւնը թէ հիմ­նարկը իր հիմ­նումի յայ­տա­րարագ­րին մէջ նշած էր թէ իր գոր­ծունէու­թիւնը կը տա­նի թրքե­րէն, հա­յերէն եւ անգլե­րէն լե­զու­նե­րով։ Վեր­ջին շրջան­նե­րու փոր­ձը կը պար­զէ թէ որոշ թե­րացում կայ հա­յերէ­նի նկատ­մամբ։ Ան­շուշտ հասկնա­լի է հիմ­նարկի գոր­ծունէու­թ-եան ուղղուած բո­լոր գրա­կանու­թեան հա­յերէն տար­բե­րակի պատ­րաստու­թեան դժուարութիւնը։ Բայց երբ կը տես­նենք բազ­մա­թիւ ոչ հայ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու հա­յերէ­նի նկատ­մամբ ու­շադրու­թիւնը, բնա­կանա­բար նոյ­նը կը սպա­սենք նաեւ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկէն։ 

«Կեսարիոյ Հայոց եւ Յունաց Պատմամշակութային Ժառանգութիւնը»
Խմբագիր՝ Ալթուղ Եըլմազ
Հրանդ Տինք Հիմնարկ
2016 Փետրուար/Իսթանպուլ
160 էջ