վարդան էսդուգեան
«Ո ւ Ես Կ՚երթամ»էն ետք «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Շաւարշ քահանայ Պալըմեանի ճանապարհորդութիւններու երկրորդ յուշագրութիւնը՝ «Գաւառէն Ձայներ»ը։
Սոյն երկու գիրքերուն մէջ մէկտեղուած յօդուածները նախապէս հրատարակուած էին Պոլսոյ հայերէն օրաթերթերու, «Մարմարա» եւ «Ժամանակ»ի մէջ, թերթօնի ձեւով։ Արդարեւ «Ու Ես Կ՚երթամ»ի մէջ մէկտեղուած էին Տէր Շաւարշի «Մարմարա» թերթին մէջ հրատարակուած գրութիւնները։ «Գաւառէն Ձայներ»ու մէջ ալ ի մի բերուած են «Ժամանակ»ի էջերուն վրայ լոյս տեսած գրութիւնները։
Հանրապետութեան շրջանի թրքահայ իրողութեան մէջ խիստ սակաւաթիւ մնացին գաւառի հայոց զրկանքներուն, տառապանքներուն, ապրած դժուարութիւններուն համար հոգածութիւն ցուցաբերողները։ Տիրող հոգեբանութիւնը երկար տարիներ թոյլ չէ տուած ետ նայելու։ Թուրի, սուինի շուքին տակ պոկուած ենք հայրենի երկրէն եւ այժմ մեր դիմաց ծառացած է նոր մարտահրաւէր, համակերպիլ ու յաղթահարել այս օտար ու մեծ քաղաքի պարտադրած բազմաբնոյթ դժուարութիւնները։ Անգոյ համարած ենք հայրենի հողին վրայ գոյատեւելու յամառողները։ Նոյնիսկ մեղադրած ենք իրենց այդ կամքը։ Ի վերջոյ հանրապետական կառավարութիւններու ճնշումները աւելի ծանր եղած են կեդրոնախոյս այս համայնքներուն վրայ։ Չունենալով յստակ ռազմավարութիւն, միակ լուծումը գտած ենք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գոյութիւնը շարունակող հայու բեկորներուն տեղահանման մէջ։ Լուծման սպառնալիքին դիմաց չենք կրցած ուրիշ միջոցներ ձեռքբերել։ Այսօր զարմանքով եւ արդար ընդվզումով կը դիմադրենք հայկական սփիւռքէն հնչող «Ի՞նչ գործ ունիք այդ երկրին մէջ, աւելի ապահով վայրեր եկէք» կանչերուն։ Չենք անդրադառնար թէ 1950-ականներէն սկսեալ մենք՝ պոլսահայերս նոյն կանչով հայաթափ ըրած ենք գաւառը, աւելի ճիշդ բացատրութեամբ մայր հայրենիքը։ Հայապահպանման իբրեւ ճառ, հնարեցինք հայը Հայաստանէն հեռացնելու ռազմավարութիւնը։ Այս համայնապատկերին վրայ անշուշտ դեռ չենք կրնար խօսիլ ծպտեալ պայմաններու ներքեւ ինքնութիւնը պահածներու մասին։ Քիչ չեն այն «ազգային»ները, որոնք հայու այդ բեկորներու գոյութիւնը լսելու իսկ հանդուրժողութիւն չունին։
Տէր Շաւարշ քահանայ Պալըմեանի աւելի քան 50 տարիներ առաջ գաւառի շրջագայութիւններու ընթացքին նկատած եւ մատնանշած խնդիրները նոյնութեամբ հասած են մեր օրերուն։ Գաւառը տակաւին մեծ կարիք կը զգայ հոգեւորականներու այցելութեան։ Հեղինակը զանազան օրինակներով կը վկայէ ժողովուրդին այդ պապակը։ «Ցաւը տանողը գիտէ» կ՚ըսէ հայկական առածը։ Այսօր այդ ցաւին գիտակցող, իր կարողութեան սահմաններով ցաւը մեղմացնելու համար ամէն տեսակ զոհողութիւնը յանձն առնելու տրամադիր հոգեւորականներ անշուշտ որ կան։ Սակայն զանոնք այդ ծառայութեան համար խրախուսող, քաջալերող եւ զօրակցող վերին իշխանութիւն մը ափսոս որ երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքի վախճանումէն այս կողմ կը բացակայի Իսթանպուլահայ Պատրիարաքարանի մէջ։
Շաւարշ քահանայի «Գաւառէն Ձայներ» հաւաքածոյին մէջ տեղ գտած յուշագրութիւնները կը սկսին Կիլիկեան տարածաշրջանէն, Ատանա եւ Սիսէն։ Ան հնագէտի մը բծախնդրութեամբ կը բնութագրէ այդ վայրերու ճարտարապետական հսկայ ժառանգը։ Ապա կ՚ուղղուի Տիգրանակերտ, ուր մեծ եռանդով կը դրուատէ տեղացի ժողովուրդին ազնիւ բնաւորութիւնը։ Հիացումով կ՚արտայայտուի եօթնախորան Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ փառաւոր շինութեան մասին։ Կրկին հնագէտի մը նման կը մագլցի սանդուխն ի վեր եւ կը վերծանէ հնամաշ արձանագրութիւնները։
«Տիյարպաքըրի Ժողովուրդը» խորագրեալ հատուածին մէջ հեղինակը թէ վիճակագրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ եւ թէ կը նկարագրէ ժողովուրդի յատկութիւնները։ «Տիյարպաքըր ներկայիս երկու հարիւր տուն, աւելի քան երկու հազարի մօտ հայութիւն ունի։ Ժողովուրդը առեւտուրով, արհեստներով, վաճառականութիւնով եւ հողագործութեամբ կը զբաղի։ Հարուստներ չկան։ Մեծամասնութիւնը բարեկեցիկ է։ Յիսուն տունի չափ կարօտ աղքատներ կան, որոնց եկեղեցւոյ վարչութեան կողմէ ամէն օգնութիւն կ՚ըլլայ։
Ժողովուրդը մեծով ու պզտիկով հաւատացեալ եւ ժամասէր է, օրէնքներու ու աւանդութեանց հաւատարիմ։
Շատ հիւրասէր, սեղաննին առատ, երեսնին խնդում, հաճոյակատար եւ մարդասէր են։ Իրենց տունը հիւր մը գալու պարագային չափազանց ուրախ կ՚ըլլան։
Հայերու մեծագոյն ցաւը քահանայի պակասութիւնն է։ Եթէ մնայուն քահանայ մը ունենան՝ աշխարհիկ հոգերը իրենց համար արժէք մը չպիտի ունենայ։
Անոնք այն խորունկ հաւատքը ունին, որ երբ տէր հայրը իրենց սեղանը օրհնէ, իրենց տունը Աստուծոյ բարիքներովը կը լեցուի։
Կը փափաքին, որպէսզի քահանան գայ, իրենց հետ ճաշէ, իրենց խօսի, օրէնքի, կրօնքի մասին իրենց բացատրութիւններ տայ։
Իրենց ամէն մէկ ուրախութեան ու տրտմութեան, սիրոյ ու հոգեճաշի սեղաններուն տէր-պապան ներկայ ըլլայ»։
Անշուշտ որ ամէն ինչ այնքան ալ գունագեղ չէ ինչ որ կը նկարագրէ Տէր Շաւարշ։ Հասկացողութիւններու կարեւոր վերիվայրումը այսօր հարցականի տակ կը դնէ անոր մեծ երանութեամբ փոխանցած կարգ մը պատկերներ։ Օրինակի համար, երբ կը խօսի Սսի բարերար մեծահարուստներուն մասին, իր պատումները կրնան ընդվզում յառաջացնել մեր սերունդներուն։ «…Քաղաքի մէջ նոր ամուսնացող զոյգերը երբ եկեղեցիէն դուրս կ՚ելլէին նուագներով ու երգերով, նախ քաղաքի երեւելիներուն՝ Ազիրեաններու, Նալպանտեաններու բնակարանը կ՚երթային։ Այդ նահապետական տուներու լայն բակերուն մէջ հարսն ու փեսան կը խաղցնէին եւ ապա նահապետները իրենց նուէրները կու տային ու նորապսակները կը շնորհաւորէին։ Անոնք ալ, իրենց որդիական խոնարհութեամբ անոնց ձեռքերը համբուրելէ վերջ, իրենց տուները կ՚երթային»։
Իսկապէս սարսափելի երեւոյթ է գիտնալ որ այսօր ալ կան բարերար աղաներ, որոնք տրամադիր են իրենց տան բակին խաղցուցածներուն նուէրներ շռայլել։ Բայց այս բոլորով հանդերձ Շաւարշ Քահանայ Պալըմեանի յուշերը մեզի կը թելադրեն կրկին ու կրկին խորհելու ազգային կեանքի տարբեր երեւոյթներու մասին։
«Գաւառէն Ձայներ»
Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան
«Արաս» հրատարակչատուն
Իսթանպուլ
Հոկտեմբեր 2016
158 էջ