Սուրիոյ ողբերգութիւնը, վերջին լուրերը, եւայլն

Ազատական, ընկերվարական, յառաջդիմական, հակակայսերապաշտական… եւ դեռ բազում գաղափարական մտայնութեանց տէր բարի ու ազնիւ անձինք, առանց հարցին խորքը թափանցելու կամ մանրակրկիտ պրպտելու, նեցուկ կը կանգնին ամէն տեսակ ընդդիմադրութեան, որ պայքար կը հռչակէ որեւէ երկրի մը որեւէ իշխանութեան, կարծես թէ ամէն օրինաւոր բանակ յետադիմական է եւ ամէն ընդդիմադիր ուժ ալ յառաջադէմ…

Ազատական, ընկերվարական, յառաջդիմական, հակակայսերապաշտական… եւ դեռ բազում գաղափարական մտայնութեանց տէր բարի ու ազնիւ անձինք, առանց հարցին խորքը թափանցելու կամ մանրակրկիտ պրպտելու, նեցուկ կը կանգնին ամէն տեսակ ընդդիմադրութեան, որ պայքար կը հռչակէ որեւէ երկրի մը որեւէ իշխանութեան, կարծես թէ ամէն օրինաւոր բանակ յետադիմական է եւ ամէն ընդդիմադիր ուժ ալ յառաջադէմ…

Բարի մտայնութիւնով, մարդասիրական սկզբունքներէ մեկնող վերոյիշեալ «յառաջդիմական» տեսակէտի պաշտպանները դառնապէս խափուեցան վերջին տարիներուն, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի իսլամական երկիրներու մէջ կայսերապաշտ, դրամատիրական եւ գաղութատիրական պետութեանց վերին խաւերուն, բռնատէրներու դէմ բեմադրած ժողովրդական յեղաշրջումներու առթիւ։

Սխալ չէր, որ յիշեալ բռնատէրերը այնքան ալ անմեղ չէին, բայց ժողովրդական կոչուած շարժումը ստեղծողները միթէ շա՞տ «մաքուր» էին, կամ ալ որո՞ւ օգտին կռուեցան, մեռան, մեռցուեցան, մեռցուցին։ Սուրիոյ հարցը այս ուղղութեամբ լաւ օրինակ մը եղաւ, ուր տեսանք թէ ժողովրդական յեղափոխական ու ընդդիմադիր ուժերը որո՞նց հաշւոյն սպանդներ կը կազմակերպէին անմեղ ժողովուրդին։ Ո՞վ պիտի հարցնէ սպաննուողներուն հաշիւը ընդդիմադիր կոչեալ աղանդաւոր «խամաճիկներէն» կամ անոնց «խաղցնողներէն»։   

***

Ըստ Սուրիայէ ստացուած վերջին տեղեկատուութեանց, երկրի պետական բանակի զօրամիութիւններ յարձակման անցած են հայաթափուած Քէսապի ուղղութեամբ ու հասած մինչեւ քաղաքի կեդրոնը։:

Սուրիական առցանց կայքէջերու հաղորդած լուրերուն համաձայն, բանակը երկրի պետական դրօշը բարձրացուցած է Քէսապի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ։ Նոյն աղբիւրներուն համեմատ, Թուրքիա փակած է իր սահմանադուռը փախչող զինեալներու առջեւ, անցնիլ արտօնելով միայն վիրաւորներուն։

Լաթաքիայէն ալ կը հաղորդուի, որ արդէն իսկ սուրիական բանակի հսկողութեան տակ են Քէսապի շրջակայ գիւղերու մեծ մասը, նաեւ քաղաքի բարձունքները։:

***

Քէսապը Մարտի 21-էն ի վեր անցած էր հակակառավարական զինեալ ուժերու հսկողութեան տակ։ Անոնք Քէսապի վրայ յարձակած էին թրքական սահմանէն։: Քէսապի հայ բնակչութեան մեծ մասը տեղափոխուած էր Սուրիոյ ծովափնեայ Լաթաքիա քաղաք, ինչպէս նաեւ Լիբանան՝ Պէյրութ եւ Այնճար։ Իսկ գիւղերը մնացած երկու տասնեակ տարեց հայեր քաղաքի գրաւումէն յետոյ տարուած էին Թուրքիոյ Եայլատաղ գաւառակը, ուրկէ ալ՝ երկրի վերջին ու միակ հայաբնակ գիւղը՝ Վագըֆլը։:

Մինչ մարտերը Քէսապի շուրջ շարունակուին կառավարական ուժերու եւ և ապստամբներու միջեւ, Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքի Նորգիւղ թաղամասը եւս քանդուելով աւերակի է վերածուած եւ հազարաւոր մարդիկ տեղահանուած են ստիպողաբար։:

Սուրիական հակամարտութեան վերջին երեք տարիներուն զոհուած են շուրջ 150 հազար հոգի, մօտ 5 միլիոն մարդ ալ դարձած է փախստական։:

***

Յունիսի 16-ի երեկոյեան, Հալէպի Սէպիլ թաղամաս ինկած ականի մը պայթումի հետեւանքով զոհուեցաւ Սեդա Պասմաճեան անուն հայուհին։ Իսկ Յունիսի 17-ին Նորգիւղ թաղամասին մէջ կրկին հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցաւ ազգութեամբ հայ, թերթի ցրուիչ Վրէժ Ճապաղջուրեան։ Կան նաեւ վիրաւորներ։

Համաձայն ՄԱԿ-ի տուեալներու, հակամարտութեան սկսած 2011 թուի Մարտէն ի վեր Սուրիոյ մէջ զոհուած է աւելի քան 150 հազար մարդ, փախստական են 2,8 միլիոն սուրիացիներ, իսկ 6,5 միլիոն սուրիացի կը համարուի ներքին տեղահանուած։