Հայաստանի Հանրապետութեան Բ. նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան նախագահական պաշտօն ստանձնելէ կարճ ժամանակ ետք յայտարարեց իր իշխանութեան գլխաւոր ռազմավարութիւնը՝ թափ տալ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։
Անցնող տարիներու ընթացքին նախագահի անունը փոխուելով հանդերձ անփոփոխ մնաց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան այս առաջնահերթ ռազմավարութիւնը։ Անփոփոխ մնաց նաեւ Հայաստան երկրի տնտեսական ճգնաժամը։ Արտագաղթի հոսանքն ալ նոյնութեամբ կը շարունակուի անցնող տարիներու ընթացքին։ Ափսոսանքով նշենք որ Կիւմրին դեռ չէ կրցած ամբողջովին սպիացնել 1988-ի մեծ երկրաշարժին վէրքերը։
Երբ Հայաստանէ ներս յուսադրիչ չէ պատկերը, հայկական սփիւռքն ալ կ՚ողբայ իր ցաւերը։ Արաբական Գարուն կոչուած հոսանքը նախ դիտեցինք մեզմէ շատ հեռու արկածախնդրութեան մը տպաւորութիւնով։ Բայց երեք տարի առաջ հրդեհը հասաւ մեր տունը։ Անվերադառնալի կերպով խորտակուեցաւ հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններէն պատմական Հալէպը։ Հալէպահայ մեր ազգակիցները բոլորովին յանպատրաստից գտնուեցան եկող մեծ աղէտի դիմաց։ Գաղափարական կամ գործնական ոչ մէկ նախապատրաստութիւն ունէին նման պատահարի մը դիմաց։ «Մեզ բան մը չ՚ըլլար» հասկացողութեան սնանկացումը անգամ մը եւս բաւական ծանր հարուածած էր հայ ժողովուրդը։ Կարծես Հալէպի անկման համազօր ապտակ մը ըլլար այս անգամ չքնաղ Քէսապի կործանումը։
Այս թոհուբոհի մէջ գումարուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք Ե. համագումարը, օրակարգի գլխաւոր նիւթ ունենալով 1915-ի հարիւրամեակի պատրաստութիւններու խորհրդակցութիւնները։ Ուրեմն այս կը նշանակէ որ Հիւսիսային Ամերիկայէ եկած սփիւռքահայերը կրկին խորհրդակցութիւններ պիտի կատարեն, որպէսզի համաձայնին թէ որ ծերակուտականները պէտք է կաշառեն, որպէսզի այս վերջիններն ալ ցեղասպանութեան ճանաչման համար նոր օրինագիծեր շարադրեն։ Յետոյ բովանդակ հայութիւնս շունչերս բռնած հետեւինք օրինագիծին յանձնախումբէ յանձնախումբ, ներկայացուցիչներու տունէն ծերակոյտ եւ անկէ ալ նախագահի սեղանին գալուն։ Եւ այդ բոլորէն ետք անգամ մը եւս հիասթափութիւն Թուրքիոյ սպառնողական արտաքին քաղաքականութեան դիմաց։
Ի՞նչ ընել, այս ապարդիւնէն ձեռք քաշելու համար։ Որո՞ւ համոզել որ երկրի մը ամբողջ արտաքին քաղաքականութիւնը երրորդ կողմերու կամայական որոշումներուն պատանդ դարձնելը ազգանպաստ չի կրնար ըլլալ։ Այս իրողութեան համոզուելու համար դեռ քանի հիասթափութիւններ պէտք է ապրուին։ Կամ նոյնիսկ մեր ակնկալած որոշումները, որոնք որդեգրուեցան զանազան երկիրներու կողմէ, ինչ նպաստ ունեցան մեր դատին, մեր անիրաւուած ժողովուրդին եւ մեր արդար պահանջատիրութեան։
Ունինք թշնամիներով շրջապատուած փոքրիկ երկիր մը, եւ մենք փոխանակ այդ բանտարկուածութենէ դուրս գալու միջոցներ որոնելու, մեր ամբողջ ուժը վատներ ենք կարծես թէ մեկուսացումը ալ աւելի շեշտելու համար։ Թերեւս Հայաստանէ ներս բոլոր շուկաները իրենց միջեւ բաժանող օլիկարխներու խմբակին համար ձեռնտու է այս անելի յարատեւութիւնը։ Թերեւս իշխանութիւնները այնքան ալ դժգոհ չեն արտագաղթի պատճառած արիւնահոսութենէն։ Բայց ո՜վ ժողովուրդ, դեռ որքան տոկանք մեր երկրի այս անմխիթար պատկերին։
Պահ մը մենք մեզ հարց տանք, արդեօք մեր նահատակներուն հոգիները ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումո՞վ կը խայտան, թէ ոչ բոլոր հարցերը լուծած, քաղաքակիրթ աշխարհին մաս կազմող, բարգաւաճ Հայաստանով։