Վէպ՝ կազմակերպեալ ուրացման մասին

Էմրէ Ճան  Տաղլըօղլու

մէն երկիր ունի իր մշակութային գաղտնապահութիւնը, որ կարելի է անուանել ազգային յիշողութեան ներքեւ թաքնուած ընկերային յիշողութիւն։ Այս գաղտնապահութիւնը միայն տուեալ երկրի մէջ ծնած-ապրածներուն հասկնալի, հասարակական փորձառութիւն եւ վարժութեան տպաւորութիւն առթող զգացումներու ամբողջութիւն է։ Նման երգերով ազդուիլ, նման եղանակներով ոգեւորուիլ, ուրիշ լեզուներու թարգմանութիւնը անկարելի կատակներուն ծիծաղելու նման երեւոյթներ…։ 

Սակայն սոյն գաղտնապահութիւնը միայն հասարականացուած եւ իւրացուած փափուկ զգացուածութիւններու եւ անաղարտ դրսեւորումներու մաքրամաքուր դաշտը չէ։ Ան միաժամանակ իշխանութեան եւ անհատի միջեւ փոխադարձ յարաբերութենէ ծագած զգացումներու քաղաքականութեան ալ հետեւանքն է։ Մարթին Սթօքս այս հասկացողութիւնը հետեւեալ կերպով կը պարզէ։ «… Ամենալայն իմաստով –զգացումի քաղաքականութիւնը-, այսինքն զգացումին ինչպէս հասարակապատկան դառնալը, ինչպէս բոլորի կողմէ բաժնուիլը, գիտնակցութեան վերածուիլը, հսկողութեան տակ առնուիլը, ազգային պետութեան կողմէ իշխանութեան ի նպաստ ինչպէս շահագործուիլը կը բնութագրէ»։

Միատարր հաւաքականութիւն մը նպատակադրած ազգային պետութեան զգացումի քաղաքականութիւնը, ազգը ընդարձակ ընտանիք մը ըլալով ներկայացնելուն պատճառ կ՚ըլլայ։ Մարդու յատուկ զգացումները այսինքն ամչնալը, բարկութիւնը, հպարտութիւնը, յոյսը, կասկածը եւ ոգեւորութիւնը հետեւաբար ալ իրաւը եւ սուտը կը դասաւորէ եւ իր ուզած նպատակին կ՚ուղղէ։ Զգացումներու այս համադրութեան ենթարկուած ամէն անհատ այս ենթահողի վրայ տեսնելու, ընկալելու, զգացուելու կը համակերպի։ Այս համակերպուածութիւնը միաժամանակ չնայելու անտեսելու, չշահախնդրուելու, չխօսելու եւ ուրացումի ալ կը վերածուի։ Այս շրջանակի մէջ, եթէ ոսպնեակը մօտեցնենք Թուրքիոյ, յստակօրէն կը տեսնենք Պարըշ Իւնլիւ եւ Քայա Աքեըլտըզի «Թրքութիւն/Սպիտակութիւն» անուանած հասկացողութիւնը։

Թրքութիւնը թուրք ազգայնականութենէ եւ մայրենիին թրքերէն ըլլալէ աւելի ընդարձակ հասկացողութիւն մըն է։ Հիմնական գիծերով երկրի մը իշխող զգացումներու եւ արժանիքներու իւրացումով ձեռք բերուած մենաշնորհներու ամբողջութիւն մը։ Այս մենաշնորհները իրմէ չեղողներուն կատարուածները «անձայնօրէն շրջանցել», անոնց մասին «կարելի եղածին չափ չխօսիլ», եւ նոյնիսկ «իբրեւ թէ խնդիր չկայի պէս վերաբերիլ»ը կը պահանջէ, որ այս սպիտակութեան հիմնական ախտանիշներն են։ Իսկ «այլ» կոչուածը այս կազմակերպեալ ուրացումին մէջ ապրելու ստիպուելով հետզհետէ ինքն ալ անձայն կը դառնայ։ Որովհետեւ իշխողը սպիտակներուն արժէքները եւ հասկացողութիւնն է, ու սեփական եսն ալ այդ խողովակէն կը դիտուի։ Այսպէսով կը գոյանայ «երկուստեք» գիտակցութիւն մը։ Այսինքն «այլ»ը իր մասին ըսուածներուն սուտ ու սխալ ըլլալը գիտնալով հանդերձ անոնց ազդեցութեան տակ կը մնայ ու սեփական ինքնութիւնը կը վնասուի։ Այլ խօսքով փոքրամասնութիւնը դարձեալ խոշտանգուած կ՚ըլլայ։

Աքիֆ Քուրթուլուշ «Իլէթիշիմ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած վերջին վէպին՝ «Իղձ»ի տողերուն մէջ ճիշդ ալ այս պայմանները կը հրապարակէ։ Պետութեան այս երկրի մէջ կազմակերպած ամենամեծ յանցագործութիւնը եւ ապա ամենամեծ ստախօսութիւնը հանդիսացող Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղադրած է վէպի հերոսներուն սպիտակ եւ մաքրամաքուր աշխարհին մէջ։ 1915-ին Սիվրիհիսարի մէջ ինչ պատահած ըլլալու մասին դոյզն իսկ գաղափար չունենալով հանդերձ պատմութիւնը ինքնապաշտպանութեան բնազդով ընկալող, դէմ եղած մահավճիռին ԱՍԱԼԱ-ի հայդուկներուն դէմ գործադրուիլը պահանջող, շատ ուշ իմացած հօրը հայ ըլլալու իրողութիւնը իբր ծանր բեռ մը կրող թրքութեան երեւոյթներ կը տեսնենք։ Տասը տարեկանին սկսած մահուան ճամբորդութենէն մազապուրծ փրկուած սակաւաթիւերէն է Բենիամին եղբայրը, որուն ճարտարագէտ Նուրիի հետ ծանօթանալովը ճինը դուրս կու գայ Ալատտինի լամբարէն։ Նուրիի առերեսումը իր յուշագրութիւններու միջոցաւ նախ կնոջը Ճավիտանին ու ապա Կուրպէթին կը փոխանցուի։

Իսկ ամչնալը, որ վէպի երկարագոյն հատուածն է, այս ծրագրուած սուտը ցրուողը կ՚ըլլայ։ Քանզի ամչնալու կշիռը միշտ փափուկ է։ Մարդ երբ իրմէ, իր գիտցածէն ամչնալ սկսի, այդ կշիռի սլաքը իշխանութեան դէմ կ՚ուղղուի։ Անոր համար ալ ամօթի զգացումը իրողութեան տեսանելի դառնալու գործընթացին մէջ կարեւոր յենակէտ մըն է։ Վերջապէս ամչնալը գիտցուածներուն պատճառաւ մեղանչումի զգացում մըն է։ Մարքս կ՚ըսէր թէ «ամչնալը յեղափոխական զգացում մըն է»։

Վէպի բոլոր հերոսները, երբ կ՚առերեսուին սուտին հետ, որը չեն կրցած յաղթահարել, այդ մեծ յանցագործութեան կազմակերպեալ ուրացումն ալ անմիջապէս իրենց կողքին է։ Աքիֆ Քուրթուլուշ այս առերեսումը բանաստեղծի մը բծախնդրութեամբ կը պարզաբանէ։ Այդ ընելու ժամանակ կը դիմէ փաստաբանի մը մանրամասնութիւններուն տուած կարեւորութիւնով յանցանք, պատիժ եւ ներումի եռեակին։ Երբ գիրքը կ՚աւարտի, ընթերցողը դէմ յանդիման է կարեւոր հարցումի մը բեռան հետ։ Յանցագործը միայն յանցանքը գործո՞ղն է։ Ապա թէ ոչ զանգուածային յանցանքի մը պատասխանատուութիւնը ամբողջ աշխարհի՞ն կը պատկանի