Նամակ ուղղուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի

Մարդկային Իրաւանց Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի Ցեղապաշտութեան եւ Խտրականութեան Դէմ Յանձնախումբի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի ուղղած նամակը

Վեհափառ Տէր,

Այսօր՝ 24 Ապրիլ 2012, Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբը խորհրդանշող Պոլսահայ մտաւորականներու ձերբակալման 97-րդ տարելիցն է:

Ամենայն Հայոց հոգեւոր կեդրոնը ներկայացնող Ձեր Աթոռին ուղղուած այս նամակով, կը յայտնենք որ յարգանքով կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհ գացած, իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցած, հայրենի հողին վրայ իրենց պատմական հետքերուն ջնջման փաստին առջեւ գտնուած օսմանեան հայերու յիշատակին առջեւ:

Այս նամակով կը յայտնենք նաեւ թէ պաշտպան կը կանգնինք Ցեղասպանութենէն վերապրած ու աշխարհի չորս կողմերը ցրուած հայերու զաւակներուն եւ թոռներուն իրաւունքներուն

Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումը ոչ միայն պետական քաղաքականութիւն մըն է, այլ նաեւ համոզում մըն է, որ 97 տարիէ ի վեր կ'իշխէ հասարակականութեան մեծամասնութեան մօտ:

Այս նամակով կ'ուզենք յայտնել մեր համոզումը թէ ցեղասպանութեան մակարդակով մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք մը ուրանալը մարդկային իրաւունքի խախտում է, որ միաժամանակ դուռ կը բանայ այլ խախտումներու, կ'ամրապնդէ թշնամութիւնն ու ատելութիւնը:

2006 թուականին Տիեզերական Պատրիարքութեան եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան համատեղ հրաւէրով Իսթանպուլ ժամանած էիք:

Այս այցելութիւնը Թուրքիոյ մէջ առիթ տուած էր Ձեր անձնաւորութեան եւ Ձեր Աթոռին դէմ ատելութեան արտայայտութեան դէպքերու: Ասոնց հիմնական պատճառը Ձեր տուած մամլոյ ասուլիսն էր, որուն ընթացքին յայտնած էիք. «Մեր ժողովուրդին համար Ցեղասապանութիւնը ուսումնասիրելու խնդիր չէ։ Ան կատարուած փաստ է, զոր պէտք է ճանչնալ»:

Ձեր այս խօսքը դատական հետապնդումի առիթ տուաւ, հիմնուած ըլլալով Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածին վրայ: Կ'ուզենք նշել թէ այս յօդուածին հրապարակումէն ի վեր պայքար կը մղենք անոր ջնջումին համար:

Այս նամակը կ'ուղղենք որպէս Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ եւ ամբողջովին կը բաժնենք նշուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ձեր յայտնած միտքը: Թշնամութեան եւ ատելութեան դրդումները եւ Թուրքիոյ դատարանին հետապնդումները մարդկային իրաւունքներու դէմ յարձակում կը նկատենք:   

24 Ապրիլ 2011-ին, երբ մէկտեղուած էինք 1915-ին ձերբակալուած մտաւորականներու յիշատակը ոգեկոչելու, նոյն պահուն կը սպաննուէր Պաթման նահանգի թրքական բանակի զօրամասին մէջ ստիպողական զինուորական ծառայութիւն ընող հայ երիտասարդ՝ Սեւակ Շահին Պալըքճըն:   

Հակասական բացատրութիւններով հանդէս եկած պատկան մարմինները, ոճիրը համարեցին պարզ «արկած» մը: Մինչդեռ հարցաքննութիւններու եւ խուզարկութիւններու արդիւնքները արդէն ցոյց կու տային թէ կատարուածը ոճիր մըն էր

Սեւակ Պալըքճըի մահը կը փաստէ թէ 1915-էն ի վեր հայերը կեանքի ապահովութիւն չունին Թուրքիոյ մէջ, դեռ կը շարունակուի ցեղասպանութիւնը եւ 97 տարուան ժխտողականութիւնը իսկական պատճառն է ցեղասպանական այս երեւոյթին գոյատեւման

24 Ապրիլ 1915-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնով սկսած բնաջնջումը շարունակուեցաւ ներառնելով ասորիները եւ Անատոլուի յոյները

Այս նամակով Ձեզի եւ Ձեր միջոցաւ բոլոր վերապրողներու զաւակներուն կը յայտարարենք թէ արդարութեան հաստատումը անհրաժեշտ պայման է ճանչնալու համար Ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտ է նաեւ վերադարձնել կամ փոխհատուցել բռնագրաւուած կալուածները եւ ինչքերը:

 

Յարգանօք՝

Մարդկային Իրաւանց Միութեան

Իսթանպուլի մասնաճիւղի

Ցեղապաշտութեան եւ Խտրականութեան Դէմ Յանձնախումբ