Որոշած ենք՝ պիտի մասնակցինք վեցերորդ Համահայկականին

Սասունցիներու Հայրենակցական Միութեան 2011-ի Օգոստոսին Երեւանի մէջ Համահայկական Խաղերու փայլուն մասնակցութիւնը երեք տարի անց կ՚ենթարկուէր տգեղ ցեխարձակումի մը։

ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
baruyr@agos.com.tr

Սասունցիներու Հայրենակցական Միութեան 2011-ի Օգոստոսին Երեւանի մէջ Համահայկական Խաղերու փայլուն մասնակցութիւնը երեք տարի անց կ՚ենթարկուէր տգեղ ցեխարձակումի մը։ 17 Յուլիս թուակիր Ժամանակ օրաթերթը «Մտահոգիչ Երեւոյթ» խորագիրով եւ իրերայաջորդ երեք օրուայ հրատարակութիւններով կը փորձէր արդարացնել Համահայկական Խաղերու կազմակերպիչ խումբի անդամներէն Մաժակ Չաքըր Օհանեանի գրի առած նամակի մը պնդումները եւ պառակտումը կանխելու մտահոգութեամբ խորհուրդ կու տար, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդն ալ նամակով մը կանխէ ուրիշ ոեւէ խումբի մասնակցութիւնը։

Երեւոյթը ուշագրաւ էր մանաւանդ երբ պարզուեցաւ թէ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի անդամները չեն բաժներ Օհանեանի տեսակէտները։ Այս պայմաններու տակ նախ դիմեցինք Սասունի եւ Մուտքիի հայերու հայրենակցական միութեան ատենապետ Արամ Տէմիրի, Հայկական Ողիմպիականներու Սասունի կարգադիր յանձնախումբի անդամ Էֆրիմ Պաղի, Համահայկական Խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Ղազարոս Ունանի ու Մաժակ Չաքըր Օհանեանի։ Ստորեւ իրենց այս մասին խօսքերը.

Արամ Տէմիր.- «Իսթանպուլահայ հասարակութենէ ներս իմ վարչական աշխատութիւններս կը սկսին Պէզճեան Սանուց Միութեան վարչութենէն, եւ Գումգաբուի Մայր Եկեղեցւոյ թաղականութենէն։ Մենք այդ ժամանակ ալ պառակտի՞չ էինք, թէ ոչ մեր սասնեցի ինքնութիւնով միութիւն հիմնելէ ետք պառակտիչ եղանք։ Հիմնարկութեան օրէն սկսեալ մեր դռները բաց եղան ամբողջ հայութեան դիմաց։ Նախորդ Հինգշաբթի օր Համահայկական Խաղերու մասին ժողովի մը մասնակցեցանք, ուր այս նիւթերը երբեք օրակարգի չեկան։ Մաժակ Չաքըր ինք բացակայ էր այդ ժողովին։ Եթէ բարեացակամ ըլլար նախքան այսպէս նամակ մը գրելը, մեզի հետ կապի մէջ կ՚ըլլար։ Ուրեմն մենք չենք հաւատար իր բարի նպատակին։ Իր չեղած ամէն տեսակ համագործակցութեան բաց ենք։ Մենք որոշած ենք ու պիտի մասնակցինք Համահայկական վեցերորդ խաղերուն։ Այս մասին Հայաստանի կազմակերպիչ յանձնախումբի հետ ալ կապի մէջ պիտի ըլլանք» ըսաւ սասունցիներու միութեան ատենապետը։

Էֆրիմ Պաղ, որ 2011-ի Համահայկական Խաղերու ժամանակ միութեան ատենապետն էր, իր կարգին կը յայտնէ թէ իրենք երբեք խտրականութիւն չեն ըրած նախորդ խաղերու ժամանակ ալ, բայց ատեն ատեն իրենք խտրականութեան ենթարկուած են։ «Նիւթական առումով ալ բեռ չենք եղած այս համայնքին։ Ողջ ըլլան կարգ մը բարերարներ նպաստեցին, բայց ծախսերուն շատ աւելի մեծ բաժինը մենք մեր միջոցաւ ապահովեցինք։ 300 սասունցիներով տողանցքի մասնակցիլը երազ մըն էր մեզի համար եւ չենք արտօներ որ ոեւէ մէկը խափանէ այդ երազը»։

Ղազարոս Ունան եւս կ՚ընդվզի Մաժակ Չաքըր Օհանեանի այս ելոյթին։ «Ես խնդիրները միշտ համերաշխութեամբ լուծելու կողմնակից եմ։ Ժողովին այս նիւթը չխօսուեցաւ, նոյնիսկ այս մասին դժգոհութիւն ալ չարտայայտուեցաւ։ Ուստի մնացեալը իր անձնական տեսակէտն է։ Սասունցի մեր ընկերները ինչպէս նախորդին, գալ տարուայ խաղերուն ալ պիտի մասնակցին եւ ես յաջողութիւն կը մաղթեմ իրենց։ Մենք որպէս Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբ նման նամակ մը չենք ղրկեր Համաշխարհային կոմիտէին»։

Այս բոլորէն ետք Մաժակ Չաքըր Օհանեան ալ կը յանձնէ թէ նամակը իր անձնական կարծիքի ցոլացումն է։ «Ես Համաշխարհային կոմիտէի անդամ եմ։ Նամակը իմ անձնական գաղափարներս կը բովանդակէ։ Իմ միակ նպատակս միասնութիւն ապահովել է» կ՚ըսէ Չաքըր Օհանեան։