Ուրֆայի հովասուն ննջարանները

Ռամազանը պատճառ եղաւ որ եկեղեցիները ժողովուրդի ուշադրութեան արժանանան։ Տրուած ըլլալով որ երկու շինութիւնն ալ օժտուած են կլիմայափոխիչ սարքերով, ուրֆացիներ կու գան այս տաճարներուն մէջ մրափելու մինչեւ իֆթարի ժամը։

ՍԷՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ

Ուրֆայի նախկին հայկական եկեղեցիները ժամանկի ընթացքին վերածուեցան մզկիթի եւ ստացան նոր անուանակոչումներ։ Այսպէս քաղաքին Սուրբ Աստուածածինը Սէլահատտին Էյիւպի, իսկ Սուրբ Առաքելոցն ալ Ենի Ֆըրֆըրլը ճամի վերանուանուեցան։ Բայց ուրֆացիները ամառուան կիզիչ օրերու զուգադիպող իսլամներու ծոմապահութեան ամիս՝ Ռամազանէն դուրս այնքան ալ շահագրգռուած չէին այս նախկին եկեղեցիներէ փոխանցուած մզկիթներուն հանդէպ։ Ռամազանը պատճառ եղաւ որ եկեղեցիները ժողովուրդի ուշադրութեան արժանանան։ Տրուած ըլլալով որ երկու շինութիւնն ալ օժտուած են կլիմայափոխիչ սարքերով, ուրֆացիներ կու գան այս տաճարներուն մէջ մրափելու մինչեւ իֆթարի ժամը։

Ուրֆայի խորհրդանիշ համարուած ձուկերու աւազանի մօտակայքի Սուրբ Աստուածածինը եպիսկոպոսանիստ կեդրոն էր եւ ժողովուրդի մէջ կը կոչուէր Աւագ եկեղեցի անունով։ Կողքի Հայոց Քոլէճին եւ այս օրուայ Հանրապետութեան Միջնակարգ դպրոցին գտնուած տարածքին մէջ եկեղեցի մը եւս կար, որ այսօր անհետացած է։ 1915-էն ետք Աւագ եկեղեցին երկար տարիներ անտէրութեան մատնուեցաւ եւ աւելի ետք ալ ծառայեց որպէս ելեկտրակայան։ Վերջապէս 1993-ին վերածուեցաւ մզկիթի։

Քաղաքի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին ալ նման պատմութիւն մը ունեցաւ։ Ան շատ աւելի կանուխ, 1956-ին մզկիթ դարձած էր։ Ուրֆայի կուսակալութեան կայքէջին վրայ չի նշուիր եկեղեցւոյ հայկական անցեալը։ Հոն կ՚ըսուի հետեւեալը. «Քրիստոնէութեան համար կարեւոր Վարագայ Խաչը 1092-ին Ուրֆա բերուած եւ այս եկեղեցին տեղադրուած է»։ Նոյն կառոյցի համար քաղաքապետարանի կայքէջին մէջ կը յիշուի հայկական անցեալը եւ կ՚ըսուի, թէ ան նախքան 1956-ին մզկիթի վերածուիլը, գործածուած է որպէս արգելանոց։