Պատրիարքական Աթոռի Փոխանորդ Արամ Արք. «Ակօս» թերթին եւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին ուղղեալ ակնարկութիւններ ունեցաւ։ Սրբազանը իր ելոյթին մէջ ընդգծեց համայնքային կեանքէ ներս պատրիարքական աթոռին գերիշխանութիւնը։
ԱՐԷՆ ՏԱՏԸՐՕՂԼՈՒ
arendadir@gmail.com
Ուսման նոր տարեշրջանի զուգահեռ բացումը կատարուած եղաւ նաեւ իսթանպուլահայ վարժարաններու ի նպաստ կատարուած Սիրոյ Սեղաններուն։ Այս ծիրէն ներս 28 Սեպտեմբեր Կիրակի Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագէ ետք, Սիրոյ Սեղան մատուցուեցաւ թաղի Սահակեան Նունեան վարժարանին զօրակցելու համար։ Սամաթիա բացի իր պատմական կարեւորութենէն Իսթանպուլի մէջ իւրայատուկ թաղ է ազգային կենսուրախ միջավայրի առկայութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահած Ս. Պատարագը մատոյց Հ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Բազմաձայն երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան երգչախումբի կողմէ, Սեւան Ակոշեանի խմբավարութեամբ։
Փոխանորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ ամիս մը առաջ մկրտութեան խորհուրդի ընթացքին պատահած հրաշքի մը մասին։ «Մօտ ամիս մը առաջ այս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած մկրտութեան խորհուրդի մը ընթացքին, մկրտարանի աւազանին ինկող կաթիլ մը միւռոնը յանկարծակիօրէն ստացաւ խաչի ձեւ։ Իսկ այդ խաչին մօտէն նայողները անոր վրայ նկատեցին Յիսուս Քրիստոսի կերպարը։ Սա հրաշք մըն էր, որ կատարուեցաւ մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Ուրեմն այս հրաշքէն ներշնչուելով պաղատինք Աստուծոյ, որ երկորդ հրաշքով մը փրկութիւն շնորհէ մեր սիրելի Մեսրոպ Բ. Սրբազանի ապաքինման համար։ Կը յայտարարեմ որ մեր հաւատացեալները 9, 10, 11 Հոկտեմբեր թուականներուն եռօրեայ ծոմ պահեն աղօթելով Պատրիարք Սրբազանի ապաքինման համար։ 12 Հոկտեմբեր Կիրակի օրուայ Պատարագի աւարտին Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ պիտի այցելենք Սրբազան Պատրիարքին ու միւռոնով պիտի կնքենք զինք»։
Պատարագի աւարտին ներկաները առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուած Սիրոյ Սեղաններուն։ Մատաղի սեղաններուն վաստակաւոր խօսնակը Պարոն Նալպանտ, առաջին առթիւ խօսքը տուաւ թաղական խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիրի։ Տէմիր թաղի պատմականը դրուատելէ ետք ելոյթ ունենալու համար հրաւիրեց մատաղօրհնութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Անթօ Քէօսէտաղը։ Քէօսէտաղ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց համայնքային վարժարաններու տարեկան ելմտական բացերուն։ Ան դիտել տուաւ որ ծնողներու նուիրատուութեամբ գանձուածները եւ Կրթական Նախարարութեան առաջին անգամ այս տարի շնորհած նիւթական նեցուկը դպրոցներու ծախսերուն հազիւ մէկ երրորդը կրնան ապահովել։ «Մենք մնացեալ բացը փակելու միջոցներ որոնելու ընթացքին ակամայ երկրորդական գծի վրայ կը դնենք շատ աւելի էական խնդիրները։ Մինչդեռ կրթական մշակներու ասպարէզային զարգացումը եւ անոնց տնտեսական դիրքը բարելաւելու համար, դասագիրքերու եւ դասանիւթերու զարգացման համար, միջ-դպրոցային յարաբերութիւնները զարգացնելու համար անհրաժեշտ խորհրդակցութիւններ ընելու ստիպուած ենք։ Միւս կողմէ զուրկ ենք ընտրուած պատրիարքէ մը։ Վարչական խորհրդներու ընտրութեան իրաւունքը յափշտակուած, քաղաքացիական կառոյցները բացակայող եւ յանկարծաբանութիւններով ընթացող հասարակութիւն մը կարելի չէ որ երկար ժամանակ պահէ միասնութեան գիտակցութիւնը եւ զօրակցութեան ոգին։ Բայց մենք, մանաւանդ ալ մեր երախաները յիշելով իրաւունք չունինք յուսալքուելու» ըսաւ Անթօ Քէօսէտաղ։
Սիրոյ սեղանի աւարտին Պատրիարքական Աթոռի Փոխանորդ Արամ Արք. «Ակօս» թերթին եւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին ուղղեալ ակնարկութիւններ ունեցաւ։ Սրբազանը իր ելոյթին մէջ ընդգծեց համայնքային կեանքէ ներս պատրիարքական աթոռին գերիշխանութիւնը։ «Բոլորը թող լսեն որ Պարիարքարանը այս համայնքին կեդրոնն է։ Համայնքապետն ալ օրուայ հոգեւր առաջնորդը։ 550 տարուայ աւանդութիւն մըն է այս, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս»։
Արամ Արք. եպիսկոպոսի այս բուռն ելոյթին հակազդեց Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ եւ ՎԱՏԻՓ հարթակի քարտուղար Յարութիւն Շանլը։ Սակայն այս հակազդեցութիւնը հանդարտեցաւ այլ թաղականներու միջամտութեամբ։
ՎԱՏԻՓ ալ յայտնեց թէ իսկոյն մեկնաբանութիւն մը պիտի չկատարէ Արամ Սրբազանի խօսքերուն մասին եւ նիւթը պիտի քննէ Հոկտեմբեր ամսու մէջ կայանալիք նիստի ընթացքին։