Սուրբ Փրկիչ Հիաւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ ՎԱՏԻՓ հարթակի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու նախորդ շաբաթ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ուղղեալ յայտարարութիւններով ու քննադատութիւններով օրակարգը զբաղեցուց։ Մենք ալ կը ներկայացնենք Պետրոս Շիրինօղլուի տեսութիւնները առանց յայտնելու մեր վերապահութիւնները։
Միջոց մը առաջ պոլսահայ համայնքիս կարկառուն դէմքերէն Մելքոն Գարաքէօսէ վարչական նոր դրութիւն մը առաջարկած էր։ Այդ առաջարկէն ետք զանազաններու կարծիքը շօշափեցինք։ Բազմաթիւ արժէքաւոր տեսութիւններու կողքին նշմարելի էր պոլսահայ հիմնարկներու զօրակցութեան հարթակ ՎԱՏԻՓ-ի նկատմամբ մեծ ակնկալութիւններ եւ ընդհանուր հիասթափութեան հոգեվիճակ մը։ Խորհելով որ այս բոլորը ստեղծած են պատասխանելու իրաւունք, այս անգամ մեր հարցումները ուղղեցինք Սուրբ Փրկիչ Հիաւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ ՎԱՏԻՓ հարթակի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, որ նախորդ շաբաթ ալ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ուղղեալ յայտարարութիւններով ու քննադատութիւններով օրակարգը զբաղեցուցած էր։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պետրոս Շիրինօղլուի տեսութիւնները առանց յայտնելու մեր վերապահութիւնները։
Շտապօրէն կատարուելու է աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւնը
Տեսակցութիւններու կայացած ժամանակ դեռ շատ նոր էր Մեսրոպ Պատրիարքի հիւանդութիւնը։ Ընտրութեան մթնոլորտ մը գոյացած էր։ Այդ պայմաններու տակ կարգ մը սխալներ գործուեցան։ Թեկնածուներէն ոմանք ալ բաժին ունեցան այդ սխալներու մէջ։ Իրականութեան մէջ Մեսրոպ Պատրիարքի առողջութեան մասին բժշկական տեղեկագիրը միայն իմ ու Պատրիարքարանի մօտ է։ Առանց մեկնաբանութեան պատմեմ գործընթացը։ Սկիզբը աթոռակից պատրիարք ընտրելու համար որոշում կայացաւ։ Ապա այդ որոշումը գործադրող մարմինը առարկեց։ Ըսուեցաւ որ կուսակալութեան ժողովին իրենցմէ պատրիարքին առողջութեան տեղեկագիրը պահանջուած է։ Անոնք ալ «մենք հրաշքներու հաւատացող ժողովուրդ ենք եւ յոյս ունինք որ պատրիարքը պիտի ապաքինի, հետեւաբար համոզուած ենք որ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ ընդհանուր փոխանորդի մը ընտրութիւնը»։ Պետութիւնն ալ այս խօսքերը գնահատելով կ՚ըսէ թէ «մենք կը յարգենք ձեր կրօնական համոզումները, ուստի կրնաք պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ մը ընտրելու համար կարգադրութիւններ ընել։ Մինչեւ Մեսրոպ Պատրիարքի ապաքինումը այսպէս կը շարունակէք»։ Եթէ կարգ մը բարեկամներ կը կարծեն թէ սա պետութեան նախասիրութիւնն է, կը սխալին որովհետեւ այս որոշումը տրուած է մեր հասարակութիւնը չվիրաւորելու միտումով։
Իսկ ի՞նչ եղաւ արդիւնքը։ Եօթը տարի անց Պատրիարք Սրբազանը կը շարունակէ բուսական կեանք ապրիլ։ Տիրամայրը իր որդւոյն ձեռքերուն դպչելով մխիթարութիւն կը գտնէ։ Հետեւաբար այլեւս ժամանակը հասած է, որ Պատրիարքարանը ընդառաջէ հասարակութեան կամքին եւ ժամ առաջ ընտրութիւն կատարէ։ Հազիւ այսպէսով կը ձերբազատուինք կասկածելի դիրքի մատնուելէ։ Սա պահուս գործընթացը Արամ Արք. Աթէշեանի ի վնաս կ՚ընթանայ։ Սուտ ու սխալ տեղեկութիւններով ընտրութիւններու չկատարուելուն մէջ իմ բաժինս պնդողներու կարգին հասարակութեան մօտ ընդհանուր համոզումը Աթէշեանին ալ ընտրութեան արգելք ըլլալուն մասին է։ Այս համայնապատկերն ալ հաւանական ընտրութեան մը միջոցին ձայն կորսնցնելուն պատճառ պիտի դառնայ։ Հինգ տարի առաջ այսպէս չէր համայնապատկերը։ Այժմ պէտք է շուտափոյթ կերպով պետութեան ներկայացնել Պատրիարք Սրբազանի առողջութեան տեղեկագիրը եւ իսկոյն դիմել նոր պատրիարքի ընտրութեան։
Ի՞նչ կը պատահի Պէյքոզի մէջ
Խօսածներս ոմանց համար դժգոհութիւն կրնան պատճառել։ Համբարձման Տօնին բաներ մը ըսած էի, ժողովուրդին դէմքը գունատեցաւ։ Բայց Պէյքոզի խնդիրը կարեւոր է։ Այդ թաղի վարչականները թող յայտնեն թէ ի՞նչ դրդումներով ջնջեցին հիւանդանոցին հետ կնքուած համաձայնութիւնը։ Պէյքոզի 42 հազար քառակուսի մեթր տարածքը 200 միլիոն ԹԼ.-ի արժէք ունի։ Բայց կը վախնամ որ այդ արժէքը ցիր ու ցան պիտի ըլլայ փոխանակ ազգին ծառայելու։
Աշխարհականներու վարչութիւն
Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը առ ի սովորութիւն հայ համայնքի ալ աշխարհիկ նախագահն է։ Պետութիւնն ալ այս սկզբունքը կը յարգէ։ Հիւանդանոցը մեծ զարգացում արձանագրեց մեր պաշտօն ստանձնելէն ետք։
Պառակտումներէն խուսափիլ ու համակուիլ
ՎԱՏԻՓ-ը պիտանի է հասարակութեան։ Բայց պէտք է ժողովներու ընթացքին բարեկիրթ մնալ։ Ժողովի ընթացքին իսկ խօսուածները դուրս փոխանակող բարեկամներ ունինք։ Մելքոն Գարաքէօսէի առաջարկած սխէմայի մասին մենք վեց տարի է որ կ՚աշխատինք։ Յանձնախումբեր կազմելու կ՚աշխատինք։ Բայց անվստահութիւնը կը տիրապետէ ու չենք յաջողիր յառաջընթաց արձանագրելու։ Ուրեմն անհրաժեշտ է պառակտումներէն խուսափիլ։ Միայն համակուելով է որ պիտի կրնանք լուծումներ որդեգրել: