ՀԱՅԵՐԷՆ

ՀԱՅԵՐԷՆ Հարիւրամեակին ընդառաջ

Արցախը, որի անկախութեան համար հայերի լաւագոյն արիւնն է թափուել, քանզի դա մեր պատմական հողն է, այսօր ապացուցում է, որ Հայաստանի լիիրաւ մասն է կազմում ոչ միայն իր անկախութեամբ, այլ առկայ ռեժիմի նոյնութեամբ։
ՀԱՅԵՐԷՆ Տարօնցին տանուտէր է Մշոյ մէջ

Հայոց հիմնած հայրենակցական միութիւնները բնականաբար կամ ինքնաբերաբար եղած են հարազատ երկրէ դուրս։ Վերջապէս անոնք կորուսեալ հայրենիքի մը կարօտով հիմնուած էին։ Բացառութիւն մը ըլլալով կը յայտնուի մշեցի հայոց հայրենակցական միութիւնը՝ «Տարօն»։
ՀԱՅԵՐԷՆ Եշիլգիւղի մատաղին՝ աւետիս

Ատենապետ Էօզֆուրունճու Դեկտեմբեր Կիրակի օրը Եշիլգիւղի մատաղին ներկաներուն կ՚աւետէ նախապէս եկեղեցիին պատկանող բռնագրաւուած հողատարածքին եկեղեցիին վերադարձուիլը։
ՀԱՅԵՐԷՆ Բանախօսութիւն՝ հերոսական դիմադրութեան

Քոպանիի հերոսական դիմադրութեան երրորդ ամսոյն աւարտին, ՀՏՓ կուսակցութեան երիտասարդութիւնը ասուլիս մը կազմակերպեց Պողազիչի համալսարանի մէջ։ 14 Դեկտեմբեր Կիրակի առաւօտ երիտասարդներու խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր ասուլիսի կայանալիք սրահը։ Երեք նիստերու ընթացքին զեկուցողները ելոյթներ ունեցան հետեւեալ խորագիրներու ներքեւ.-
ԼՈՒՐԵՐ Փառաւոր դարադարձի մը աւարտը

Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը աւարտին հասաւ Պոլսահայ համայնքի վերնախաւին կողմէ երկար տարիներէ ի վեր մոռցուած ազգային պարահանդէսով մը, իսկ շարքին վերջակէտը դրուեցաւ փոփ երաժշտութեան փառաւոր համերգով մը, մասնակցութեամբ Հայաստանէն ժամանած եւ երիտասարդութեան կողմէ պաշտուած երգիչ Թաթայի, որուն կ՚ընկերակցէին իր երաժիշտներն ու պարախումբը։
ԼՈՒՐԵՐ Հայոց հին կրօնները Արեւապաշտութիւն

Մեր աշխարհագրութեան մէջ, որ կ՚ընդգրկէ Առաջաւոր Ասիան ու Միջագետքի հիւսիսային հատուածը, կ՚ենթադրուի որ մարդոց առաջին պաշտամունքը սկիզբ առած է բնապաշտութեամբ, այսինքն լեռներ ու քարեր պաշտելով, ապա կրակն ու ջուրը, օդեղէն երեւոյթները, ամենավերջն ալ բոյսերն ու ծառերը։
ԼՈՒՐԵՐ Մաղթանք՝ Երանի անոնք ալ մեղանչեն

Գերմանիոյ մէջ ամէն 9 Նոյեմբերին կը յիշուի Բիւրեղեայ Գիշերը։ Այդ թուականը կը խորհրդանշէ 9 Նոյեմբեր 1938-ին գերման նացիներուն հրեաներու տուներուն, գործատեղիներու եւ սրբավայրերուն հանդէպ ոճրային յարձակումը։ Ամէն տարի սոյն թուականին գերմանացի քաղաքական գործիչներ կ՚այցելեն իրենց քաղաքի հրեայ համայնքները եւ «անգամ մը եւս՝ երբե՛ք» նշանաբանով կը յայտնեն այդ արարքի հանդէպ իրենց ցասումը։
ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնեաներուն համար փախուստ չի մնաց

Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու ատեանի, Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ Պաքըրգիւղի Ութներորդ Եղեռնադատ ատեանի վճիռներէն ետք, Իսթանպուլի դատախազութիւնը սկսած է հարցաքննել ամբաստանուած պետական պաշտօնեաները։ Դատախազութիւնը մինչեւ օրս հայցերը ստացաւ Սապրի Ուզունի եւ Ռամազան Աքեիւրէքի։
ԼՈՒՐԵՐ  Խորհրդածութիւններ «Ցեղասպանութեան Ինստուտուտ»ի շուրջ

Հանրածանօթ մտաւորական Իսմայիլ Պէշիքճի ընկերակցութեամբ Տիյարպէքիրի նախքին քաղաքապետ՝ Օսման Պայտէմիրի եւ խումբ մը քիւրտ քաղաքական գործիչներու ու ակադեմականներու, այցելեց Երեւան։ Պէշիքճի վերադարձին ցեղասպանութեան նիւթով ստորագրեց յօդուած մը, զոր յապաւումներով կը ներկայացնենք ստորեւ։
ԼՈՒՐԵՐ Աթոռն ալ ընտրութիւն ըսաւ

22 Հոկտեմբեր Չորեքշաբթի երեկոյ կայացած ՎԱՏԻՓ-ի ժողովի ընթացքին միաձայնութեամբ որոշուած էր շուտափոյթ կերպով նոր պատրիարքի մը ընտրութեան գործընթացին սկսիլ։ Նաեւ որոշուած էր, որ ամենամեծ թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող հինգ թաղերու ներկայացուցիչներ այցելեն Պատրիարքարան եւ ժողովի տրամադրութիւնը փոխանցեն փոխանորդ Սրբազանին։