Խաղաղութեան կոչ՝ Մամաքի բարձունքէն

Անշուշտ կարելի է հարցնել թէ այս բոլորը վերջին հաշւով ի՞նչ նպաստ պիտի ունենան տիրող այս դաժան վայրագութիւնը կանխելու համար։ Կարելի է նաեւ այս հարցումով վհատիլ, բայց մենք կրկնենք այն միտքը, որ արտասանած էինք մեր ելոյթի ընթացքին «Որքան ալ հակասական թուի, խաղաղութեան տիրանալու համար ստիպուած ենք անվարան կռուելու, քանի որ խաղաղութիւնը ո՛չ մաղթանքով պիտի կայանայ, ոչ ալ աղօթքով»։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com

Այս անգամ մեր ճամբան կը հասնի Անգարա, մայրաքաղաքի Մամաք թաղամասը, որ կը յիշեցնէ Իսթանպուլի «Կազի», «Օքմեյտանը», «Արմութլու» ընդհանրապէս իրենց ձախակողմեան ու ընդդիմադիր հակումներով ծանօթ ալվաբնակ թաղամասերը։ Մեր այցելութեան դրդապատճառն է Սեպտեմբերի 1-ը կամ ալ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրը։ Նշենք որ անցեալ տարի նոյն նպատակով, բայց ուրիշ խմբակցութեան մը հրաւէրով անգամ մը եւս այցելած էինք Մամաք։

Վերջին տարիներուն նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող պատերազմի իրավիճակը, խաղաղութեան օրի յիշատակումը ալ աւելի էական բնոյթ ստացած է։ ԶԼՄ-ները անընդհատ կը փոխանցեն պատերազմի վայրագութեան սահմռկեցուցիչ պատկերներ, որոնց կարելի չէ անտարբեր մնալ։ Թերեւս ալ այդ դրդումով 31 Օգոստոսի երեկոյեան հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած է Թուզլուչայըրի Աշուղ Ֆէյզուլլահ Չընարի զբօսայգին, որուն մէջ փոքր գրադարան մը կայ ու կը կրէ «Կէզի» զբօսայգիի ապստամբութեան օրերուն սպանուած Էթհէմ Սարըսիւլիւքի անունը։ Այգիի մուտքին ցուցատախտակի մը վրայ նշուած է նաեւ այդ նոյն ապստամբութեան օրերուն Էսկիշէհիրի մէջ ոստիկաններու եւ անոնց զօրակցող ֆաշիստներու դաժան ծեծով սպանուած Ալի Իսմայիլ Քորքմազը։

«Անատոլուի կնոջ շարժում» հարթակի գլխաւորութեամբ եւ բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու զօրակցութեամբ կայացող ձեռնարկը կ՚ընդգրկէ երեք երգչուհիներու երաժշտական ելոյթը եւ 14 զեկուցողներու մասնակցութեամբ ալ ասուլիս մը։

Ուշագրաւ զանազանութիւն մը կայ ասուլիսի մասնակիցներու միջեւ։ Հոն եւս չեն անտեսուած «Կէզի»ի նահատակները, քանի որ հրաւիրեալներուն մէջ է Անթաքիոյ մէջ սպանուած Ամհէտ Աթաքանի հայրը՝ Ալի Աթաքան։ Ռոպոսքիի կոտորածին զոհուածները ներկայացնելու համար եկած է Ֆէրհաթ Էնճու։ Պաղեստինը կը ներկայացնէ Կազզայէն ժամանած Սամահ Սալէհ, իսկ Միա Թամարին իսրայէլացի մարդու իրաւունքներու պաշտպան մըն է։ Համաշխարհային Խաղաղութեան կոմիտէն կը ներկայացնէ Էտուարտօ Կոնզալէսը։ Միջոցառումի ամենէն աչքառու դէմքերէն մէկն է անուանի տիզայնր եւ ծանօթ հասարակական գործիչ Պարպարոս Շանսալ, որ միաժամանակ կը ներկայացնէր հասարակութեան մի այլ արհամարհուած հատուածը՝ միասեռականները։ Ի դէմ այսքան մեծ թիւով զեկուցողներու, ներկաները լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցան բոլոր ելոյթներուն։

Անշուշտ կարելի է հարցնել թէ այս բոլորը վերջին հաշւով ի՞նչ նպաստ պիտի ունենան տիրող այս դաժան վայրագութիւնը կանխելու համար։ Կարելի է նաեւ այս հարցումով վհատիլ, բայց մենք կրկնենք այն միտքը, որ արտասանած էինք մեր ելոյթի ընթացքին «Որքան ալ հակասական թուի, խաղաղութեան տիրանալու համար ստիպուած ենք անվարան կռուելու, քանի որ խաղաղութիւնը ո՛չ մաղթանքով պիտի կայանայ, ոչ ալ աղօթքով»։

Մենք ականատեսի վկայութեամբ հաստատենք, թէ 31 Օգոստոսի երեկոյեան Մամաքի այդ համեստ զբօսայգիի մէջ մէկտեղուող հասարակութեան կամքը եթէ գործադրութիւն գտնէ, պատերազմը առյաւէտ կը հեռանայ աշխարհի երեսէն։