Բահն ու բրիչը դեռ գործ ունին

Իսթանպուլ Թեքնիք Համալսարանի կողմէ կազմակերպուած 20-րդ հնագիտական համաժողովին մաս կազմելու եւ Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն կատարուած հնագիտական աշխատանքներու մասին զեկուցելու համար, Պոլիս հրաւիրուած էր Հայաստանի ծանօթ հնագէտներէն Յակոբ Սիմոնեան։

Իսթանպուլ Թեքնիք Համալսարանի կողմէ կազմակերպուած 20-րդ հնագիտական համաժողովին մաս կազմելու եւ Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն կատարուած հնագիտական աշխատանքներու մասին զեկուցելու համար, Պոլիս հրաւիրուած էր Հայաստանի ծանօթ հնագէտներէն Յակոբ Սիմոնեան։ Մեր վաղեմի բարեկամը այս այցելութեան առթիւ, պատասխանելով «Ակօս»ի մեր աշխատակից Պարոյր Գույումճեանի հարցումներուն, տուաւ հետեւեալ տեղեկութիւնները իր մասնակցած գիտաժողովի եւ իր զեկուցման մասին։:

— Միջոցառումին կը մասնակցէին աշխարհի 70 երկիրներէն մօտ 3000 գիտնականներ, փաստօրէն ի մի բերելու համար վերջին տարիներուն կատարուած նորագոյն յայտնագործութիւնները։ Հայաստանէն որպէս հնագէտ ես մինակս եկած եմ։ Իմ զեկուցման թեմաս նուիրուած էր Հայաստանի հնագոյն մշակոյթին, աւելի ճիշդ, նոր բացայայտուած արքայական դամբարանին, որ ունի մեր օրերէն մօտ 3500 տարի հնութիւն։:

Նախ եւ առաջ մենք վկայութիւն ունինք թագաւորութեան մը մասին, որ մոռցուած է, փաստօրէն գրաւոր աղբիւրներու տեղեկութիւններ չեն պահպանուած, միայն եւ միայն իրեղէն հնագիտական փաստերը առիթ կու տան վեր հանելու մոռցուած եւ հզօր պետութիւն մը, որը եղեր է Հայաստանի սրտին վրայ, Արարատեան դաշտի մէջ։:

Ցաւօք դեռ մենք չունինք որեւիցէ մի յիշատակութիւն, գրաւոր որեւիցէ գիւտ, որ այդ մասին խօսի։ Բայց անկասկած հին աղբիւրներու մէջ պէտք է որ լինի, անկարելի է այդպիսի հզօր երկրի մը բացարձակ լռութեան մատնուիլը։:

Հիւսիսի Արարատեան հզօր թագաւորութիւնը

Եւ սակայն, որպէս վարկած մը, մենք ունինք Աստուածաշունչի Հին կտակարանի մէջ այսպիսի հաղորդում մը, ուր հրեաները բաբէլոնական գերութեան ժամանակ կը յիշատակեն աշխարհի հզօր պետութիւնները, որոնք պէտք է կանչուէին ընդդէմ Բաբէլոնի եւ ահա այդ երկիրներու մէջ կը յիշատակուի նաեւ Արարատեան թագաւորութիւնը՝ «Հիւսիսի Արարատեան հզօր թագաւորութիւն»։:

Մեծ մասամբ Արարատեան թագաւորութիւնը կը կապուի Ուրարտական թագաւորութեան հետ, բայց այս վերջին յայտնագործութինները կու գան այլ կերպ մեկնաբանելու, որովհետեւ եթէ նրանք Ուրարտուին կառչած լինէին պիտի անուանէին Ուրարտու, երկրորդը՝ Ուրարտուի կեդրոնը Վան քաղաքն էր, հետեւաբար կամ պիտի ըսէին Վանի թագաւորին, կամ՝ Ուրարտուի թագաւորին։ Այստեղ խօսքը յստակ Արարատեան թագաւորութեան մասին է, թագաւորութիւն որը պէտք է լինէր Արարատ լերան ստորոտին եւ Արարատեան դաշտի մէջ։

Իմ կարծիքով մենք գտած ենք այս թագաւորութեան վկայութիւնները։ Այլ յօդուածով մը, որ կը կոչուէր «Հայկ եւ Բէլ» (առասպել թէ իրապատում), ես հարց էի բարձրացուցած, որ սա առասպել չէ, այլ իրական դէպքեր են։ Բազմաթիւ հնագիտական, լեզուաբանական վերլուծութիններ ինձ հիմք կու տան ըսելու, որ իրօք եղեր է այդ ազատագրական պատերազմը, պատերազմ՝ ընդդէմ Միջագետքի բռնակալներու եւ յետագային ի հարկէ աւանդոյթի ուժով ձեռք է բերեր առասպելական յատկանիշներ։:

Խորենացին ի՛նչ կ՚ըսէ

Բայց մենք երբ կը կարդանք Խորենացիի պատմութենէն Հայկի եւ Բէլի ճակատամարտը, ան մեզ պարզապէս կը զարմացնէ, թէ ինչքան ճշգրիտ կերպով կը զարգանան դէպքերը, այսինքն բոլոր դէպքերը իրական են եւ եթէ փորձենք պատմական վերականգնութիւն ընել, ապա աւելի ճիշդ անհնար էր նկարագրել ճակատամարտը։ Այսինքն Խորենացին ինչպէս կարող էր այդքան մանրամասն նկարագել ճակատամարտը, եթէ դա հնարուած էր։:

Հարցը այնտեղ է, որ այս նոյն տարածքի մէջ յայտնաբերուեր են նաեւ առաջին հայկազուններու-նահապետներու դամբարանները եւ այս մէկը, ամենէն զօրեղներէն մէկն է եղեր այս վերջին հետազօտութիւններու:գտածոներէն։ Մենք ունինք ներմուծուած բազմաթիւ իրեր, որ թագաւորներու, ազնուականներու յատուկ միտում էր. «Անպայման դուրսի լաւագոյն իրերը իրենք ունենան»։ Այստեղ ունինք ներմածուած իրեր Սիրիայէն, Բաբէլոնէն, Շումերէն, Իրանէն, Միջին Ասիայէն, նոյնիսկ Չինաստանէն։:

***

Զեկոյցէ անմիջապէս յետոյ մօտեցան ինծի եւ ըսին, որ մենք լաւագոյն զեկուցումները պէտք է հրատարակենք, ապա առաջարկեցին, որ անպայման մեր յօդուածը տանք եւ սա կը տպուի Եւրոպական ամենահեղինակաւոր ամսագրերու մէջ, որովհետեւ՝ նորութիւն է, մեծ գիւտ է։ Մինչ այս յայտնագործումը, ո՛չ մէկու մտքէն անգամ չէր անցներ, որ այդպիսի կարեւոր տարածք մը եղած է Հայաստանը, որ Հայաստանի մէջ այդ ժամանակ եղեր է այդպիսի հզօր թագաւորութիւն։:

Հիմա, վերադարձէս անմիջապէս յետոյ պիտի սկսինք պեղել Կարմիր Բլուրը, որ Հայաստանի մէջ Ուրարտական ամենակարեւոր քաղաքն է, կը գտնուի Երեւանի մէջ եւ  յայտնի է որպէս «Ամպրոպի Աստուած Թէշէպայի քաղաքը։: