Պոլսահայերու համար բաւական ծանօթ իրողութիւն է սա վերջին տասնամեակներուն Պէյօղլու թաղի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վարչութեան վայելած համբաւը։ Պոլսոյ աւելի քան 30 եկեղեցիներու մէջ սեփական կալուածներու առումով ամենահարուստ այս եկեղեցին, այդ պատճառաւ մեր յիշած ամենահին օրերէն այս կողմ յաճախ թիրախ եղած է իր վարիչներէն ոմանց վերագրուած դրամաշորթութեանց պատմութիւններու։
Մտածելով որ ընթերցողներուն ծանօթ ըլլալու է անմահ վիպագիր Ռաֆֆիի «Խաչագողի Յիշատակարանը» անուն ծայր աստիճան իրապաշտ ու պատկերալից վէպը, յարմար կը դատենք մեր օրերու մեծ խարդախութեանց հեղինակներն ու ազգային հարստութեանց, եկեղեցապատկան կալուածներու եւ սրբութիւններու աչք տնկող զեղծարարները, իրենց արտաքին արդիական երեւոյթէն դատելով կոչել «Ժամանակակից Խաչագողներ»։
Պոլսահայերու համար բաւական ծանօթ իրողութիւն է սա վերջին տասնամեակներուն Պէյօղլու թաղի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վարչութեան վայելած համբաւը։ Պոլսոյ աւելի քան 30 եկեղեցիներու մէջ սեփական կալուածներու առումով ամենահարուստ այս եկեղեցին, այդ պատճառաւ մեր յիշած ամենահին օրերէն այս կողմ յաճախ թիրախ եղած է իր վարիչներէն ոմանց վերագրուած դրամաշորթութեանց պատմութիւններու։
Եկուր տես որ միջհամայնքային ծանօթ գաղտնապահութեամբ, զեղծարարութիւնները միշտ քօղարկուած են վարչականներուն կողմէ, որու հետեւանքով ալ բոլոր կազմը խաչագողութեան մեղսակից համարուած։
Սովորական սկզբունք է, որ մամուլն ալ խուսափի, եւ պէտք է խուսափի բոլոր այն լրատուութիւններէն, զորս փաստելու հնարաւորութիւն չունի։ Ահա այս է որ կը դիւրացնէ խաչագողներու գործը։ Անոնց արարքները կը լսուին միայն բամբասանքի բնոյթով։ Իսկ ասէ-կօսէները տարածողները երբեք իրենց անուններու հրապարակման համարձակութիւն չեն ունենար եւ «ինձմէ լսած մի ըլլար» յանկերգով կը սկսին իրենց պատումներուն։
«Ակօս» որ նման վարանումներ երբեք չէ ունեցած, Հրանդ Տինքի խմբագրապետութեան միջոցին յաջողած էր այդ տեսակի զանցառութիւններ կանխելու։ Ան՝ օրինակի համար հեռաւոր թաղի մը եկեղեցապատկան տարածքը վաճառել փորձող «ազգային»ի մը «ապազգային» գործը խանգարած էր։
Այդ բոլորը նկատի ունեցող խաչագողներ յաջողեցան հակաքարոզչութիւն ծաւալել «Ակօս»ի դէմ։ Այսուհանդերձ Ս. Երրորդութեան վերջին ընտրութիւններուն, երբ սասնեցի հայեր այլընտրանքային խմբակ մը կազմելով մասնակցեցան ընտրութեան, բազում պոլսահայեր փութացին խաչագողներու խումբին աջակցելու։
Իսկ այսօր, իր կազմին մէջ վատահամբաւներ ունեցող թաղական խորհուրդը կը փորձէ եկեղեցւոյ մեծագոյն կալուածը՝ Թոքաթլեանի շէնքը թալանելու։ Այս մասին մտահոգութիւնը համատարած ըլլալով հանդերձ, հաւանական աւազակութիւնը կանխելու միջոցները խիստ սահմանափակ են։ Նոյնիսկ վախ յայտնողներ կան «այս մարդիկը եկեղեցին ալ կը ծախեն» ըսելով, բայց միշտ «ինձմէ լսած մի ըլլար» յանկերգով։
Այս հանգրուանին կասկածելի պիտի դառնան ոչ միայն թաղական խորհուրդի անդամները, այլ նոյնիսկ անոնց բարեկամները, մինչեւ իսկ փողոցը հանդիպած պահուն բարեւ փոխանակողները։
Ուրեմն իբրեւ զգուշացման միջոց՝ կոչ կ՚ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք բաժին չունին նախատեսուած կողոպուտին մէջ, հեռու մնան անոնց խաչագողական որոշումներէն։ Չենք պնդեր որ ամբողջ կազմը խաչագող է, բայց իրաւասութիւնը բոլորովին կորսնցուցած այդ կազմի որոշումները բոլորն ալ կասկածելի պիտի դարձնէ։
Այս նոյն կասկածէն բաժին պիտի վիճակի նաեւ օրինականութիւնը կորսնցուցած թաղականութեան որեւէ շինարարական ընկերութեան հաշւոյն միջնորդութիւն առաջարկողներուն։
Ինչպէս կ՚երեւի, վտանգաւոր հորիզոնի վրայ է հետզհետէ բովանդակ պոլսահայութեան արժանապատուութիւնը։ Վերջապէս խնդրոյ առարկայ կալուածի ճակտին գրուած է «ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ»։